Անթիլիասական Նոր Ոտնձգութիւն Գանատահայոց Թեմէն Ներս

Բաժանեալ Եկեղեցին Կը Պառակտէ Ուինզըրի Համայնքը

Հայաստանի եւ Սփիւռքի շատ լուրջ խնդիրներուն ծիրին մէջ, որեւէ մտահոգ մարդուն համար անհասկանալի եւ դատապարտելի է իմանալ որ Գանատայի մէջ, մեր եկեղեցւոյ թեմական կարգին հակառակ՝ նոր ոտնձգութիւն մը կը կատարուի: Արդարեւ, Անթիլիասի ենթակայ՝բաժանեալ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Բաբգէն Արք. Չարեան այս այլապէս ալ տագնապալից օրերուն՝  կարծէք ուրիշ  գործ ունեցած չըլլար բացի Օնթարիօ-ի Windsor քաղաքին մէջ անջատեալ նոր ծուխ մը հաստատելէ. մինչ ծանօթ իրողութիւն է որ  այնտեղ 27 տարիներէ ի վեր արդէն ծուխ մը հաստատուած է Գանատայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրինաւոր Թեմին կողմէ եւ ենթակայ անոր :

Իսկական ցաւ է որեւէ տրամաբանող հայու համար, բայց մանաւանդ գանատահայերու համար, դէմ յանդիման գտնուիլ այսպիսի արուեստական նոր տագնապի մը հետ:

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ 70 տարի առաջ ստեղծուած Անթիլիասի հերձուածը դժբախտխբար անհաշուելի վնաս հասցուցած է սփիւռքահայութեան:

Ոյժերու բաժանում եւ ջլատում, գաղութներու մէջ թշնամական մթնոլորտի ստեղծում, այս բոլորը ի վնաս հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն եւ յօգուտ միայն անոր թշնամիներուն: Այս տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ անյաջող նախաձեռնութիւններ կատարուեցան այս հիւանդագին վիճակը վերացնելու համար:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, 2015 թուին, աւելի եւս զգացուեցան մեր եկեղեցւոյ բաժանման այս տխուր իրականութեան ջլատիչ վնասները եւ անգամ մը եւս Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.՝ մեր եկեղեցւոյ կարեւորագոյն հարցը նկատեցին բաժանեալ թեմերու ցաւոտ խնդրին լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Այդ օրերուն որպէս լուծման ճանապարհ,Անթիլիասի առաջարկներէն մէկն էր, որ արդէն իսկ բաժանեալ շրջաններուն մէջ սկսուէր քաջալերել տեղական միացման աշխատանքները:

Windsor-ի մէջ այսօր կը պատահի հակառակը. հոն ուր բաժանում չկար՝ Անթիլիաս կը նախաձեռնէ ր բաժանեալ նոր ծուխ ստեղծելու…:

Անընդունելի է այս քայլը բոլորին համար եւ ան խստօրէն դատապարտելի:

Անհրաժեշտ է մանրամասնել այս տխուր կացութեան ետին գտնուող առարկայական եւ պատմական տուեալները  որպէսզի ընթերցողը աւելի հիմնաւորուած ձեւով դիրքորոշուի եւ պահանջէ անմիջական սրբագրումը այս դատապարտելի նախաձեռնութեան:

Ինչպէս վերեւը յիշեցինք, 27 տարիներէ ի վեր Windsor-ի փոքր համայնքին մէջ Գանատահայոց Թեմին եւ օրուան Առաջնորդին՝ Գեր. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի  որոշումով արդեն իսկ ստեղծուած էր ծուխ մը: Նկատի ունենալով այդ փոքր համայնքին նիւթական սեղմ պայմանները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրահանգով որոշ Կիրակիներ, այցելու քահանայ մը կ’առաքու ի Windsor, Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ պահանջուած հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցանելու տեղւոյն հաւատացեալ համայնքին:

Այս պարագաներուն տակ է, որ յանկարծ քանի մը ամիսներ առաջ Facebook-եան էջերէն կը յայտնուի թէ Բաբգէն Արք. Չարեան այնտեղ կատարած է այցելութիւն մը ամիսներ առաջ եւ “տեղացիներու խնդրանքին ընդառաջելով” յայտարարած է թէ իր նախաձեռնութեամբ Windsor-ի մէջ պիտի հաստատէ նոր ծուխ մը…

Գանատահայոց Առաջնորդ Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեան, անմիջապէս յարաբերութեան մէջ մտնելով Բաբգէն Սրբազանին հետ, այս հարցին ծանրակշիռ բնոյթը մատնանշելով, զինք կը հրաւիրէ անպաշտօն հանդիպման մը, առաջքը առնելու համար,  նախատեսելի ալեկոծումներուն:

Երբ Աբգար Սրբազան անկեղծօրէն կը պարզէ այս անտեղի զարգացման ստեղծելիք ակնյայտ ցնցումները, Բաբգէն Սրբազան հասկացողութիւն ցոյց տալով յստակ կերպով կը խոստանայ այլեւս ընթացք չտալ Windsor-ի «Նոր ծուխ»ի խնդրին:

Բնականաբար գոհ պիտի ըլլայինք տեսնելով թէ լրջութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ի վերջոյ գերադասուած են, հապճեպ խանդավառութենէ բխած սակայն շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալիք արարքէ մը :

Սակայն ի մեծ յուսախաբութիւն Աբգար Սրբազան Հօր եւ այժմ Գանատահայոց ամբողջ թեմին, եւ աւելին’ ամբողջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն: Քանի մը շաբաթներ առաջ կրկին կը տեսնուի թէ Windsor-ի բաժանեալ ծուխի աշխատանքը կը շարունակուի անպատասխանատու կերպով, եւ հետեւաբար վերեւը յիշուած լուրջ խոստումը դրժուած է:

Առանց որեւէ յաւելեալ մեկնաբանութեանց, եւ թարգմանը հանդիսանալով ամբողջ գիտակից ժողովուրդին, կը հաստատենք թէ այս պարագան Անթիլիասի կողմէ, անտեղի, հակաօրինական եւ քանդիչ ու դատապարտելի ոտնձգութիւն մըն է Գանատահայ թեմէն ներս:

Կը տեղեկանանք թէ Գանատահայոց Առաջնորդ Գեր. Աբգար Սերբազանը արդեն իսկ նամակով յայտնած է Մեծ Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին Իր միջամտութան անհրաժեշտութիւնը, այս անտեղի հարցին լուծման համար:

Նաև մեր կոչն է Անթիլիասի Գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին,  ի սէր Գանատահայութեան մէջ հանդարտ մթնոլորտի պահպանման, անմիջապէս հրահանգել իր ներկայացուցիչին դադրեցնելու նման բաժանարար աշխատանք Windsor-ի մէջ:

Կ’ուզենք նաեւ հաւատալ թէ այս օրերուն երբ անհրաժեշտ է գաղութին բոլոր ոյժերը համախմբել դիմագրաւելու համար մեր ժողովուրդին դէմ պարզուող բոլոր մարտահրաւէրները, Հ.Յ.Դ.ն եւս մտահոգ պիտի ըլլայ առաջքը առնելու, անիմաստ եւ անտրամաբանական, ջլատիչ ու պառակտիչ այսպիսի արարքներուն:

Կը յուսանք որ Արամ Ա. հայրապետը խոհեմութիւնը կ’ունենայ դէմ կանգնելու այս պառակտիչ ոտնձգութեան, որ իր «թեմական համակարգին» գլխուն վրայ փառապսակ մը ըլլալէ աւելի, կրնայ դառնալ փշապսակ մը:

Կը սպասենք դրական եւ պատասխանատու քայլերու յօգուտ մեր դարաւոր աւանդութեանց, ազգային միասնականութեան եւ գերագոյն շահերուն:

 

«ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթ

Մոնթրէալ