Արամ սրբազան ոչ տրամաբանական քայլեր կը կատարէ. Չորեքշաբթի օր Պատրիարքարանի մէջ հոգեւորականաց համագումար ունինք. Սահակ եպս. Մաշալեան խօսեցաւ «Հայ Ձայն»-ին

«Այս պահուն գրաւոր հրաժարական տալու հարցը կը գտնուի Արամ սրբազանի մօտ»,- «Հայ Ձայն»ին յայտնեց Պոլսոյ Պատրիարքութեան կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը:

Սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ Արամ Աթէշեանի հրաժարականը  կ՛ուշացնէ պատրուակելով, որ Թուրքիոյ պետութիւնը չէ ճանչցած Տ. Գարեգին արք.ի   տեղապահ ըլլալը. «Մինչդեռ այդպիսի բան չկայ»,-ակնարկեց սրբազանը՝ նշելով նաեւ, որ «Տեղապահի ընտրութենէն ետք Արամ սրբազան անմիջապէս պէտք է իր գրաւոր հրաժարականը տար, բան մը, որ մինչ այս պահը զլացաւ կատարել»:

Սրբազանը նաեւ փոխանցեց, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Պոլսոյ Պատրիարքութեան յարկին տակ պիտի գումարուի հոգեւորականաց համագումար, որուն պիտի մասնակցին միաբանութեան բոլոր անդամները եւ ուր պիտի քննարկուին պատրիարքական տագնապի վերջին զարգացումները: «Մինչեւ այս պահը մեզի համար յստակ չէ  Արամ սրբազանի այս վարքը եւ գրաւոր հրաժարական չներկայացնելու խնդիրը ինչ մօտեցում  է. արդեօք նո՞ր տաքտիկ մըն է»,- ըսաւ սրբազանը՝ նշելով նաեւ, որ  այս ընթացքով Արամ Աթէշեան կը սպառէ իր ունեցած բոլոր յոյսերը: «Ան մեծ «շոքեր» կ՛ապրի, եւ չենք գիտեր, թէ այս մօտեցումը նախընտրական տաքտիկ մըն է, որմէ վստահ եմ ոչինչ պիտի շահի Արամ սրբազանը»,- եզրակացուց Մաշալեան սրբազանը:

Ան յիշեցուց, որ մինչ  այս պահը Արամ Աթէշեան չէ դատարկած Պատրիարքարանէն ներս իր ունեցած գրասենեակը, նշելով նաեւ, որ «գրասենեակի խնդրէն բացի Արամ սրբազան մեծ թերացումներ կատարած է եւ տեղապահ սրբազանին չէ յանձնած այն բոլոր հիմնական լիազօրութիւնները, որոնք մինչեւ այս պահը պէտք է արդէն յանձնուած ըլլային: Աթէշեանի շարժումներն անտրամաբանական են եւ այս ընթացքով ան կը կորսնցնէ իր ունեցած բոլոր յոյսերը»: Պատասխանելով մեր հարցին, թէ արդեօք Սահակ սրբազան կապի մէ՞ջ է Աթեշեանի հետ, Մաշալեան պատասխանեց. «Մեր միջեւ, այո՛, բարեւ մը կայ: Եւ այդ կապը քաղաքավարական բնոյթ մը ունի, բայց ոչ աւելի»:

Սրբազան հայրը, պատասխանելով մեր հարցին այն մասին, որ Պոլսոյ աշխարհիկ դասու ազդեցիկ դէմքերը կը պատրաստուի՞ն ճնշումներ բանեցնել, որպէսզի Աթեշեան արագացնէ իր հրաժարականը,   ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ նման բան ըլլայ: Ամբողջ խնդիրը Արամ սրբազանի հրաժարման մէջ է»: Ան   նշեց, որ յառաջիկայ շաբաթ օր Պատրիարքարանի մէջ ինք եւ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեան հանդիպում մը պէտք է ունենան համայնքի աշխարհական դասու ներկայացուցիչներուն հետ, ուր նոյնպէս պիտի քննարկուին պատրիարքական տագնապի վերջին զարգացումները: Աւարտելով իր  խօսքը Սահակ սրբազան յիշեցուց, որ հակառակ անոր, որ տեղապահ սրբազան հայրը ստանձնած է իր պարտականութիւնները, սակայն մինչեւ այս պահը Արամ Աթէշեան կը շարունակէ պատրիարքութեան հիմնական լիազօրութիւնները իր ձեռքերուն մէջ պահել: