Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող կը տեղադրուի  

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը տեղադրուած է Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ:

Ըստ «Ակունք»-ի՝ գերմանական «Տէօչը Վելլէ» կայանը տեղեկացուցած է, թէ յուշակոթողի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 15-ին: Անիկա 1.5 մեթր բարձրութեամբ պողպատեայ քանդակ մըն է, որուն եռանկիւն բրգաձեւ կառոյցին վրայ տեղադրուած է պրոնզէ նուռ մը:

Յուշակոթողի հեղինակներն են Քէօլնէն քանդակագործներ Շթեֆանքայզեր եւ Մաքս Շուլց։

Յուշարձանին վրայ չորս լեզուներով՝ հայերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով եւ թրքերէնով, զետեղուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Այս ցաւը կը յուզէ մեզմէ իւրաքանչիւրը»: