ՀՀ Դամասկոսի դեսպան փրոֆ. Արշակ Փօլատեան խորհրդակցական հանդիպումը Սուրիոյ խորհրդարանի hայ-սուրիական բարեկամութեան միութեան անդամներուն հետ

Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի հայ-սուր­ի­ա­կան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թեան ան­դամ­նե­րը Յու­նի­ս 9-ին, ՀՀ Դա­մաս­կո­սի դես­պա­նա­տան մէջ  դես­պան փրոֆ. Ար­շակ Փօ­լատ­եա­նի հետ խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­ցան: Կող­մե­րը զրու­ցե­ցին բա­րե­կամ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ խորհրդարանական յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ:

Փօ­լատ­եան շեշ­տեց հայ-սուր­ի­ա­կան բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը` ներկա­յաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նի մօ­տե­ցում­նե­րը Մի­ջին Արե­ւել­քի հար­ցե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս Սուրիոյ տագ­նա­պին առն­չու­թեամբ:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ եւ միու­թեան նա­խա­գահ դոկտ. Նո­րա Արիս­եան շեշ­տեց Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի եւ ՀՀ խորհր­դա­րա­նի մի­ջեւ կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, որ իր դրա­կան անդ­րա­դար­ձը պի­տի ու­նե­նայ եր­կու եր­կիր­նե­րուն վրայ: