Սելինա Տողան. «Նոր ներքին կանոնադրութիւնը խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւններուն ձայնը լռեցնելու փորձ է»

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան անդրադարձած է խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուած նոր ներքին կանոնադրութեան նախագիծին, որ շարք մը սահմանափակումներ կը նախատեսէ խորհրդարանում պատգամաւորներու ելոյթներուն համար:

«Ակօս»-ի փոխանցմամբ՝ Տողան կարծիք յայտնած է, որ կանոնադրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւնները իրականութեան մէջ նպատակ ունին լռեցնելու փոքրամասնութիւններու խորհրդարանական ներկայացուցիչները:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP-ԱԶԿ) եւ «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական թեւը համարուող «Ազգայնական շարժում» (MHP-ԱՇԿ) կուսակցութիւններուն կողմէ մշակուած եւ 18 կէտէ բաղկացած նախագիծին համաձայն` խորհրդարանին մէջ «Թուրքիոյ նախագահը, ազգային ժողովի նախագահը, նախագահական խորհուրդը, նախագահողը ու պատգամաւորները վիրաւորող, թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը վիրաւորող կամ մեղադրող» պատգամաւորները պիտի համարուին կարգազանց եւ պիտի պատժուին ժամանակաւոր հեռացումով եւ աշխատավարձի 2/3-ի չափով պահումով:

Անդրադառնալով նախագիծի այդ կէտին` Տողան մասնաւորապէս ըսած է. «Անկասկած, ոչ ոք պէտք է վիրաւորէ եւ կրնայ վիրաւորել թուրք ազգի պատմութիւնն ու անցեալը: Շատ լաւ, իսկ մի՞ւս ազգերը: Օրինակ հայ ազգի պատմութիւնը կարելի՞ է վիրաւորել»:

Այս ծիրէն ներս Տողան առաջարկած է յանուն արդարութեան պատիժ սահմանել նաեւ սեռական խտրականութեան եւ ատելութեան կոչեր պարունակող ելոյթներուն համար:

Հայ պատգամաւորը նշած է, որ իշխող կուսակցութիւնը մէկ առ մէկ կը լռեցնէ ժողովրդական երկրին բնորոշ բոլոր կառոյցները. «Մամուլը կը լռէ, ակադեմիկոսները կը լռեն, գործարար աշխարհը կը լռէ, աշխատաւոր զանգուածը կը լռէ, հասարակական կազմակերպութիւնները կը լռեն… կը խօսին միայն ընդդիմադիր պատգամաւորները, զանոնք ալ կը փորձէք այս ներքին կանոնադրութեան փոփոխութեամբ լռեցնել», – ըսած է Տողան:

Անդրադառնալով նաեւ Իսթանպուլի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու ձերբակալութեան եւ կալանաւորման դէպքին` պատգամաւորը զարմանք յայտնած է, որ տարիներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալած իրաւապաշտպան կառոյցներու ղեկավարները յանկարծ ակնթարթի մը մէջ վերածուեցան «ահաբեկիչներ»ու:

Աւելցնենք, որ նոր ներքին կանոնադրութիւնը պատիժ սահմանած է նաեւ այն պատգամաւորներուն համար, որոնք Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով սահմանուած վարչական բաժանումները եւ բնակավայրերը կ’անուանեն սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն հակասող անուններով: Այսպիսով, փաստօրէն, թիրախ կ՛ընտրուին «Հայոց Ցեղասպանութիւն» ու «Քիւրտիստան» բառերը կիրառող պատգամաւորները:

Յուլիս 18-ին տեղի ունեցած քննարկման արդիւնքով սահմանադրական յանձնաժողովը հաստատած է առաջարկուած փոփոխութիւններու փաթեթի 4 կէտերը: