Սիտնի, Աւստրալիայէն, դոկտ. Յարութիւն Ճէպէճեան հեռախօսով կը գուժէր թէ Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2017-ին իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ լրագրող, ազգային գործիչ եւ պատմաբան՝ Աւետիս Եափուճեան, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, 86 տարեկանին:
Ողբացեալը ծնած էր Գահիրէ, Յունուար 10, 1931-ին: Յաճախած է տեղւոյն Գալուստեան Ազգային Վարժարանը ու շրջանաւարտ եղած է 1949-ին: Ապա հետեւած է Լոնտոնի British Tutorial Institute-ի Լրագրական եւ Յօդուածագրութեան ծրագրին ու զայն աւարտած է 1953-ին: Շարունակելով իր ուսումը, հետեւած է Երեւանի Պետական Համալսարանի դասընթացքներուն, 1974-ին ստանալով դոկտորայի վկայականը: Իր աւարտաճառին նիւթը եղած է 1918-ի հայկական պատմութեան խռովալի շրջանը:
Երիտասարդ Դոկտ. Եափուճեան 1959-ին կ’ամուսնանայ Անժէլ Միրզայեանի ու կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը (Արեգ՝ կ’ամուսնանայ Տօքթ. Մարի Գարագոչեանի հետ) եւ դուստրով մը (Մարօ՝ կ’ամուսնանայ դոկտ. Յարութիւն Ճէպէճեանի հետ ), ինչպէս նաեւ վեց թոռներով:
Եափուճեանի գրական ասպարէզը սկսած է շատ կանուխէն, երբ Գալուստեանի պատանի աշակերտը կը սկսէր աշխատակցիլ պատանեկան «Փունջ» պարբերաթերթին: Ան ստանձնեց Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի փոխ-խմբագրի պաշտօնը 1949-ին եւ խմբագրապետի պաշտօնը՝ 1949-ին: Հակառակ խմբագրապետի տենդոտ եւ սպառիչ պաշտօնին, ան ստանձնեց նաեւ Եգիպտոսի Հայ Ազգային հիմնադրամի եւ Հայկական Արուեստից Ակումբի վարչական պատասխանատուութիւնները: Ան նաեւ հաստատեց տարեկան «Համահայկական Երիտասարդական Ֆէսթիվալ»ը, որ մինչեւ օրս կը կայանայ Հայկական Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին, ամբողջ եգիպտահայութեան մասնակցութեամբ: Եափուճեան նաեւ 1950-էն սկսեալ անդամակցած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ վարած է Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան ատենադպրութիւնը: Աւետիս Եափուճեանի վաստակին մեծագոյն բաժինը կը հանդիսանայ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի պատասխանատու պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը 1967-1990:
1990-ին Սիտնի, Աւստրալիա տեղափոխուելէ ետք Եափուճեան ծառայեց որպէս Պատուակալ Քարտուղար Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մինչեւ 1997 երբ ընդունեց պատուակալ խմբագրութիւնը Միութեան Սիտնիի մէջ հրատարակուող «Միութիւն» ամսաթերթին, որ շարունակեց մինչեւ իր կեանքի վերջը:
Դոկտ. Եափուճեան 2001 թուականին արժանացաւ Աւստրալիայի Հասարակապետութեան Հարիւրամեակին առիթով հաստատուած «Երէց Աւստրալացիներու պարգեւ»ին, որպէս գնահատական Սիտնիի հայ համայնքին իր ծառայութիւններուն:
1981-ին, իր ծննդեան յիսնամեայ տարեդարձի տօնակատարութեան շարքին, որ տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ մասնակցութեամբ Գահիրէի հայ համայնքի ղեկավարութեան, նշուեցաւ նաեւ իր գրական ու ընկերային գործունէութեան Երեսունամեակը: Նման երկու ձեռնարկներ տեղի ունեցան Սիտնիի մէջ 1995-ին եւ 2005-ին երբ Գահիրէի եւ Սիտնիի մէջ իր անձնուէր ծառայութիւնները տօնակատարուեցան, զուգադիպելով իր 65-րդ եւ 75-րդ տարեդարձներուն:
Աւետիս Եափուճեան Աւստրալիա փոխադրութեան պատճառաւ իր ունեցած գրքերէն մօտ հազար հատ նուիրեց Գահիրէի ժէզուիթներու Վանքին, եւ երկու հազար գրքեր՝ Սիտնի Աւստրալիայի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գրադարանին:
Մոնթրէալի ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-եան եւ «Ապագայ»ի մեծ ընտանիքը խորազգաց ցաւակցութիւններ կը փութայ յայտնել ողբացեալին ընտանեկան եւ հարազատներու բոլոր պարագաներուն:

«Ապագայ»