Եգիպտոսի նախագահը առաջարկած է խզել թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները

Թրքական «Սապահ» օրաթերթի արաբերէն ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Արաբական ծոցի պետութիւններու ղեկավարներուն կոչ ուղղած է Քաթարի դէմ կիրարկուող պատժամիջոցները նաեւ տարածել Թուրքիոյ վրայ:

Եգիպտոսի նախագահը իր առաջարկը ներկայացուցած է Գահիրէի մէջ Պահրէյնի Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորին հետ հանդիպումի ընթացքին: Ան Թուրքիան ամբաստանած է Իսլամ եղբայրներուն աջակցելու յանցանքով:

Սիսի իր առաջարկը հիմնաւորած է անով, որ Թուրքիան ակնյայտօրէն կաջակցի Քաթարին, մինչդեռ տասնեակէ աւելի երկիրներ` Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ խզած են յարաբերութիւնները Տոհայի հետ:

Եգիպտոսի նախագահը աւելցուցած է.«Թուրքիան եւս Քաթարի նման կը սատարէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն»: