Թիլըրսըն. «Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ ամբաստանագիրը յստակ պատգամ մըն է, թէ Ուաշինկթըն խօսքի ազատութիւնը ճնշելու փորձերը չի հանդուրժեր»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն, մեկնաբանելով Ուաշինկթընի ոստիկանութեան` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներէն 12-ը Ուաշինկթընի մէջ 16 Մայիսին ցուցարարներուն դէմ կատարուած յարձակումի հարցով ձերբակալելու հրամանագիրը, յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն դէմ ամբաստանութեանց ցանկը յստակ պատգամ մըն է, թէ Ուաշինկթըն խօսքի ազատութիւնը ճնշելու փորձերը չի հանդուրժեր»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոյերթ յայտարարեց, որ առաջադրուած մեղադրանքները կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներ բացարձակապէս չեն հանդուրժեր բոլոր անոնք, որոնք կ’ահաբեկեն ու բռնութիւն կը կիրարկեն, որպէսզի ճնշեն խօսքի ազատութիւնը:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի քննարկէ յաւելեալ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ ամերիկեան իշխանութիւնները յայտնած էին, որ ձերբակալման հրամանագիրը կիրարկելի է միայն ամերիկեան հողամասերուն վրայ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին մեկնաբանելով հրամանագիրը դատապարտեց զայն: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ Էրտողան յայտնած է, թէ ամերիկեան ձերբակալման այդ գիրերուն դէմ պիտի դնէ քաղաքական գետնի վրայ: Թրքական «Սապահ» օրաթերթին համաձայն, Էրտողան յայտնած է.«Հարցը լուծելու համար քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ մեր կարելին պիտի ընենք»:

Թրքական լրատուամիջոցները նաեւ կը հաղորդեն, որ ան ըսած է. «Անոնք իմ տասներկու թիկնապահներս կալանաւորելու հրաման արձակած են: Եթէ թիկնապահներս չեն կրնար զիս պաշտպանել, ապա իբրեւ ի՞նչ ես զիրենք հետս Միացեալ Նահանգներ կը տանիմ»:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ անկէ բացատրութիւն պահանջած Էրտողանի տասներկու թիկնապահները կալանաւորելու որոշումին վերաբերեալ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն այդ որոշումը կոչած է «անօրինական, անարդար եւ անընդունելի»:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են.«Մենք Միացեալ Նահանգներու դեսպանին ըսինք, որ Ուաշինկթընի մէջ մեր դեսպանատան դիմաց ծեծկռտուքը տեղի ունեցած է այն պատճառով, որ տեղական իրաւապահ մարմինները չեն ձեռնարկած անհրաժեշտ միջոցառումներուն: Եթէ Միացեալ Նահանգներ ձեռնարկէին այն քայլերուն, որոնք կը կատարուին այդպիսի բարձրաստիճան այցելութիւններու ժամանակ, այդպիսի խնդիր չէր ըլլար, հետեւաբար մեր քաղաքացիները պատասխանատուութեան չէին ենթարկուեր»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ որոշումը տրուած է առանց անկողմնակալ ու անկախ հետաքննութեան: