Թուրքիան գաղտնի կը բանակցի Սպիտակ Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հնարաւոր ճանաչման խոչընդոտելու համար

Ըստ թուրքական իշխանամետ Sabah կայքի՝ Անգարան գաղտնի դիւանագիտական աշխատանքներ կը վարէ ԱՄՆ-ի հետ Ապրիլ 24-ի նախօրէին, քանի որ կ’անհանգստանայ Ուաշինկթընէն ստացուող ազդանշաններէն, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն այդ օրը կրնայ կիրառել Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը:

Թրքական իշխանամէտ Sabah կայքին տեղեկութիւններով՝ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը հանդիպած է ԱՄՆ նախագահի` անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալիվանի հետ, որուն ընթացքին ամերիկացի պաշտօնիային ներկայացուած է Թուրքիոյ՝ 4 կէտէ բաղկացած տեսակէտը.

  1. Միջադէպը ցեղասպանութիւն որակելու համար իրաւական հիմք չկայ։ Ըստ Քալընի՝ ատիկա կը պահանջէ դատարանի որոշում, ինչպէս եղած է Ռուանտայի եւ Սրեպրենիցայի մէջ:
  2. «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը ներդրուած է 1948-ին:
  3. Պայտընի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառին կիրառումը խնդիրներ պիտի ստեղծէ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու մէջ:

4.Կովկասի մէջ նոր գործընթացները խափանարարութեան պիտի ենթարկուին. Քալըն նշած է, որ Կովկասի մէջ նոր կարգ կը հաստատուի:

Ըստ կայքին՝ Քալըն փոխանցած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Մենք կ’ըսենք՝ «եկէք Հայաստանի հետ կարգաւորենք (յարաբերութիւնները)։ Կ’ըսենք՝ «եթէ անոնք ճիշդ քայլ ընեն, նոյնիսկ դռները պիտի բանանք»։ Այսպիսի շրջանի մը, եթէ դուք «ցեղասպանութիւն» ըսէք` պիտի նշանակէ, որ Կովկասի մէջ այս ամբողջ գործընթացը խափանարարութեան կ’ենթարկէք»։