Թրքական զօրքեր մուտք գործեցին Սուրիա

Թրքական հրասայլեր հիւսիսային Սուրիոյ Ժարապլոս քաղաքին մէջ Չորեքշաբթի՝ 24 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 4:00-ին թրքական բանակի շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութեան ծիրին մէջ մուտք գործեցին Սուրիա: Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ գործողութեան սկսման մասին տեղեակ պահած է Ռուսիոյ, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները:

Զինուորական գործողութեան մասնակցեցան նաեւ թրքական օդուժը, հրետանին եւ մասնայատուկ ուժերը: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի Թուրքիա այցելութեան ընկերակցող ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն թրքական գործողութեան օդային ծածկոյթ պիտի ապահովէ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սահմանամերձ շրջաններուն դէմ իրերայաջորդ յարձակումներուն վերջ դնելու համար ՏԱՀԵՇ-ն ու քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները թիրախ դարձնող գործողութեան մը շղթայազերծումը յայտարարեց:

Նշենք, որ Սուրիական ազատ բանակին մաս կազմող զինեալ խմբաւորումներ թրքական հողամասերուն վրայ արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը պատրաստուէին այս ճակատամարտին:

Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ` մեկնաբանելով թրքական գործողութիւնը, «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Թուրքիան Սուրիոյ ճահիճին մէջ պիտի մատնուի պարտութեան, ճիշդ ինչպէս պարտութեան մատնուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ը»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց թրքական հրասայլերուն սուրիական հողեր մուտք գործելը` զայն նկատելով սուրիական գերիշխանութեան ոտնահարում: «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ՏԱՀԵՇ-ը վտարելով եւ անոր տէր Անգարայի աջակցութիւնը վայելող այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու տեղաւորումով չ՛ըլլար», ըսաւ նախարարութիւնը:

Նշենք, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութենէն խմբաւորումներ գրաւած են Ժարապլոսէն 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քիքլիճա գիւղը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ անոնք մուտք գործած են Ժարապլոսի կեդրոնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն արտայայտեց Սուրիոյ մէջ թրքական միջամտութեան նկատմամբ եւ շեշտեց, որ Անգարան Սուրիոյ սահմանին վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է համակարգէ Դամասկոսի հետ: