Երեւանի մէջ մօտ 2 միլիոն ծաղիկ կը տնկուի

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը, Մայրաքաղաքի ծաղկային տարածքներու համալրման գարնանային ծրագիրի ծիրէն ներս Մայիս 5-էն մեկնարկած են երեւանեան այգիներու, պուրակներու ու փողոցներու կանաչ գօտիներու ծաղկապատման աշխատանքները:

Մօտ 2 միլիոն հունտերէն 1.2 միլիոնը մայրաքաղաքի փողոցներ  տեղափոխուած են Երեւանի քաղաքային ջերմատունէն: Այս ուղղութեամբ գարնանային փուլի աշխատանքները կ’աւարտեն Յունիս 15-ին: Նշուած ժամանակաշրջանը ամենաարդիւնաւետն է ծաղիկներու տնկման եւ ատոնց կպչողականութիւնը ապահովելու համար:

Աւելցնենք, մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն մէջ 2015-ին իրականացուած ծաղկապատման աշխատանքներուն ընթացքին տնկուած ծաղիկներուն թիւը հասած էր 2.2 միլիոնի, որմէ 1 միլիոն 250 հազարն աճեցուած է Երեւանի քաղաքային տնկարանին մէջ: