Շեր. «Աշխարհասփիւռ հայերուն «Խոստումը» ֆիլմը հնարաւորութիւն տուաւ իրենց ձայնը լսելի դարձնելու»

Հանրայայտ երգչուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ ողջունած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Խոստումը (The Promise) ֆիլմը:

«Երկար սպասած ենք այս ֆիլմին, Էրիք: Ես հպարտ եմ, Քըրքը հպարտ պիտի ըլլար…։ Դուք հնարաւորութիւն տուիք աշխարհասփիւռ հայերուն լսելի դարձնելու իրենց ձայնը»,  գրած է Շեր:

Ֆիլմը նկարահանած է Survival Pictures  շարժանկարի ընկերութիւնը, զոր կը ղեկավարեն Էրիք Իսրայիլեանը եւ Էնթընի Մանտեկիչը: Քրքորեանի Tracinda Corporation-ը կը ֆինանսաւորէ այս ընկերութեան ինչպէս այս, այդպէս ալ այլ շարժանկարի նախագիծեր: Քըրքորեանի իրաւաբան Փաթրիշա Կլեյզըր ըսած է, որ Survival Pictures-ը հիմնուած է գործարարին անյագ ցանկութենէն` պատմելու եւ ներկայացնելու ոգեշնչող մարդկային պատմութիւններ աշխարհի հանդիսատեսներուն: Ան ըսած է նաեւ, որ Քըրքորեանը շատոց կ’երազէր անձամբ մասնակցիլ ֆիլմի ստեղծման եւ դերասանական կազմի ընտրութեան աշխատանքներուն: Կլեյզըրի բնորոշմամբ Խոստումը հոյակապ սիրային պատմութիւն է, ինչպէս նաեւ առաջամարտիկ` մարդու իրաւունքներու ասպարէզին մէջ:

Քրիսթիան Պէյլի, Շառլոթ լը Պոնի եւ Օսքար Այզեքի գլխաւոր դերակատարմամբ, ֆիլմի համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացաւ Սեպտեմբեր 11-ին` Թորոնթոյի միջազգային շարժանկարի փառատօնի ընթացքին։