Սպաննուած ուսանողը «Թումօ»ի գանձերէն էր. «Թումօ»ի աշխատակից

«Թումօ» ստեղծարար տեխնոլոկիաներու կեդրոնի աշխատակից Վիոլէթ Գրիգորեան, ցաւ յայտնելով օրերս Վարդանանց 28 շէնքի բակին մէջ դանակահարութեամբ սպաննուած ԵՊՀ մաթեմաթիքայի բաժնի ուսանող Վահէ Մուրատեանին մահուան առթիւ, նշած է, որ ան  «Թումօ» կեդրոնի լաւագոյն աշակերտներէն էր, «Թումօ»ի գանձերէն մէկը»:Այս մասին կը գրէ «Արեւելք» լրատուական կայքը:

Աշխատակիցը յիշեցուցած է, որ «Թումօ»ի շրջանաւարտներ Վահէ Մուրատեանին ու Աբել Ղազինեանին ստեղծած խաղը արդէն «Start Up» էր: «Թումօ»ի էջէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Վահէ Մուրատեանին եւ ընկերոջ ստեղծած «Marimba Games Start Up»ը  2015 թուականին  «Open Game» մրցոյթի «Լաւագոյն տեխնիկական լուծում» անուանակարգի յաղթող հանդիսացած է: Անոնց ստեղծած վերջին խաղին անունը  «Spacecraft» է, որ տեղի  կ’ունենայ տիեզերքին մէջ եւ հարուստ է միջմոլորակային մարտահրաւէրներով:

Սպաննուած ուսանողին ստեղծած խաղը 2016-էն արդեն «Google Play»ի խաղերու շարքին է:

Ըստ տեղեկութիւններուն, անոր սպանութեան պատճառը եղած է  մրցոյթով մը ողիմպիական կտրօն շահիլը, որ կազմած է 10.000 դրամ, այդ կտրօնով պէտք է գիրք գնուէր, սակայն արդէն Վարդանանց փողոցին վրայ՝ զրուցարանին մէջ, իրար հասցէի վիրաւորական խօսքեր հնչեցուցած են, որմէ ետք ալ տեղի ունեցած է սպանութիւնը։

Ըստ նախնական տուեալներու,   ուսանողական ընկերն իր մօտ եղած դանակով հարուածած է Վ. Մուրատեանին՝ սպաննելով զինք, այնուհետեւ նոյն դանակով վիրաւորած է այլ ուսանող մը:

«Հայ Ձայն»