Վարչապետ` Կարէն Կարապետեան. «Շատ լաւ կը հասկնամ, որ մեր գիւղացին լաւ չ՝ապրիր»

ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Փետրուար 22-ին ընդունած է տարբեր մարզերու 12 համայնքի ղեկավարներ, որոնք 2016 թուականին ապահոված են համայնքներու սեփական եկամուտներու աճ եւ նոյնը նախատեսած են նաեւ 2017 թուականին: Հանդիպման մասնակցած են Աբովեան, Այգեհովիտ, Բասէն, Վահան, Ախուրեան, Սարապատ, Ուրցաձոր, Ամասիա, Տեղ, Մեղրի եւ Զառիթափ համայնքներու ղեկավարները:

Վարչապետը նշած է, որ ընտրուած են այն համայնքները, որոնց զարգացման ծրագրին նկատմամբ կայ վստահութիւն, որոնք ունին սեփական եկամուտներու աճի գոհացնող քայլեր:

«Կ՝ուզենք ձեզ հետ քննարկել համայնքային զարգացման ծրագրերը, թէ ի՞նչ կ՝ակնկալէք կառավարութենէն, ինչո՞վ կրնանք աջակցիլ, որպէսզի շարունակէք ոգեւորուած ու աշխոյժ աշխատիլ»,- նշած է վարչապետը` աւելցնելով, որ արդէն ընթացիկ տարուընէ մարզպետերու, համայնքներու ղեկավարներու աշխատանքը պիտի գնահատուի նոր մեթոդաբանութեամբ, շատ աւելի խոր վերլուծութեամբ:

«Ես շատ լաւ հասկնամ, որ մեր գիւղացին լաւ չ՝ապրիր, բայց մենք պէտք է ձեր հետ համայնքի, քաղաքի, պետութեան մէջ կարգապահութիւն ապահովենք: Եթէ կ՝ուզէք ձեր համայնքը զարգացնել, ուրեմն ձեր գործառոյթները պէտք է յստակ կատարէք»,- ընդգծած է Կարէն Կարապետեան:

Կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ համայնքներու ղեկավարները վարչապետին ներկայացուցած են ենթակառուցուածքներու բարելաւման, ուժանիւթ խնայող լուսաւորութեան, ելեկտրոնային կառավարման համակարգի ներդրման, գիւղական մթերքի վերամշակման, վառարաններու արտադրութեան, անասնապահութեան զարգացման յստակ ծրագրեր, որոնք ուղղուած են աշխատատեղերու ստեղծման եւ համայնքին կրնան ապահովել տնտեսական արդիւնք: Վարչապետ Կարապետեան յանձնարարած է պատասխանատուներուն` ուսումնասիրել ծրագրերը եւ ցուցաբերել համապատասխան օժանդակութիւն:

«Մեզի պէտք է ներկայացնէք արդիւնք ապահովող ծրագրեր եւ հերթով, յստակ խնդիրները լուծելով` պէտք է երթանք առաջ»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարը: