Տօնական օրերուն համայնքային թանգարանները շատ այցելուներ ունեցած են տարբեր երկիրներէ

Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն՝ համայնքային թանգարանները ունեցած են շուրջ 300 այցելու, որոնց գերակշիռ մասը եղած են զբօսաշրջիկներ Ռուսիայէն, Չինաստանէն, ինչպէս նաեւ ԵՄ եւ ԱՊՀ երկիրներէ:

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «Նոր Տարին Երեւանում­2017» ձեռնարկներու ծրագրի ծիրէն ներս, այս տարի, առաջին անգամ, Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան թանգարաններէն Երեւան քաղաքի պատմութեան, «Էրեբունի» պատմահնագիտական եւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանները Յունուար 2-5 բաց եղած են մայրաքաղաք այցելած հիւրերու եւ տօնը Երեւանի մէջ նշող համաքաղաքացիներու համար:

Աշխատակազմի զբօսաշրջութեան բաժինէն յայտնած են, որ նշուած օրերին նշուած ժամանակահատուածին՝ համայնքային թանգարանները հիւրընկալած են նաեւ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցականներ: