Սամուէլ Սեւեան` Միացեալ Նահանգներու ճատրակի ախոյեան

Ամերիկահայ 16-ամեայ Սամուէլ Սեւեան առաջին տեղը գրաւեց Քոլումպիոյ Մետէյլին քաղաքին մէջ աւարտուած Ամերիկայի ճատրակի ախոյեանութեան:

Ան վերջին` 11-րդ հանգրուանին, հաւասարեցաւ փերուցի Խորխէ Կորիի հետ: Այդպիսով,Սեւեանն ու եւս 7 խաղացողներ վաստակեցին 8.5-ական կէտ: Լրացուցիչ հաշուարկներով մրցաշարքի յաղթող եւ Ամերիկայի ախոյեան հռչակուեցաւ Սամուէլ Սեւեան: Ոսկէ մետալէն բացի, ան նուաճեց նաեւ 2017-ի աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան ուղեգիր, որ տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի մէջ:

Հայ միւս մասնակիցը` պրազիլահայ կրանտմասթըր Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան, 7 կէտով զբաղեցուց 35-րդ տեղը:

8 հանգրուանէն ետք 16-ամեայ կրանտմասթըրը վաստակած էր 6.5 կէտ եւ կը կիսէ 2-8-րդ տեղերը: