Խմբագրական
Մենք միշտ սահմանին`
Կենաց ու մահի
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը միշտ դիմագրաւած է երկընտրանքներ, եւ յաճախ կեանքի այդ քարուղիներուն վրայ մենք ընտրած ենք սխալ ճանապարհներ: Հազարամեայ տանջանքներէ, կոտորածներէ, հայրենական հողի ահաւոր կորուստներէն ետք եկած ու ծուարած ենք մեր պատմական հայրենիքի մէկ անկիւնաքարին վրայ:
Պատմաբան Սիմոն Սիմոնեան մեր սխալներուն նախահայրը կը նկատէր Հայկ Նահապետը, որ նախընտրեց հաստատուիլ Հիւսիսի լեռնաշխարհին մէջ, փոխանակ նստելու արաբական անապատի քարիւղաշաղախ աւազներուն վրայ:
Եւ արդարեւ, շատ մը ժողովուրդներ, յաճախ քաղաքակրթութեան ստորին սանդխտամատերուն վրայ, բախտաւորութիւնն ունեցած են ապրելու բնականօրէն հարուստ երկրամասերու մէջ եւ առանց գիտական մեծ նուաճումներու` հասած են կենսամակարդակի նախանձելի աստիճաններու: Այդ ժողովուրդներէն են, օրինակ, ազերիները, որոնք դեռ դար մը առաջ չունէին ազգային դիմագիծ եւ ոչ ալ` վեհապետական իրաւունքներով օժտուած կառավարութիւն:
Հայաստանի քարքարոտ հողը – մանաւանդ ներկայ սահմաններուն մէջ – եղած է խիստ ժլատ: Մեր երկրի ընթերքին կուտակուած մոլիպտէնը, պղինձը, ուրանիումն ու ոսկին հաւաքաբար չեն արժեւորուած տարբեր երկիրներու քարիւղի հանքերուն հաւասար: Եւ ահա այսօր, ափ մը ոսկին, կախուած մեր հայրենիքին վերեւ, հարցականի առջեւ կը դնէ մեր համայն ազգը թէ ի՞նչ կը խոստանայ մեզի ան` օրհնութի՞ւն, թէ` օրհաս …:
Խօսքը, անշուշտ, Ամուլսարի ոսկիի հանքերուն մասին է որ ծնունդ տուած է գոյութենական հարցադրումներու, գիտական վերլուծումներու, քաղաքական վէճերու եւ հայրենասիրական պոռթկումներու:
Հարցը կը սահմանուի հետեւեալ պարունակի մէջ. որ` Ամուլսարի ոսկիի հանքերը պայմանագրականօրէն յանձնուած են Լիտիըն Արմենիա (Lydian Armenia) գանատական ընկերութեան շահագործման համար: Պայմանագրութիւն կնքողը Հայաստանի նախորդ իշխանութիւններն են որոնք 2005ի երկրաբանական ուսումնասիրութիւններու տուեալներուն յենելով 2014ին կնքած են պայմանագիրը:
Հազիւ սկսած պեղումները` գործի անցած են բնապահպանութեան մասնագէտներն ու քաղաքական գործիչները` կասեցնելու համար պեղումները:
Բոլոր անոնք որոնք քաղաքականացուցած էին կենսոլորտի այս պայքարը, իրենց յոյսը դրած էին Նիկոլ Փաշինեանի յեղափոխութեան վրայ, որ պիտի գար ու կասեցնէր այս աղէտալի գործարքը: Սակայն, կը պարզուի որ Փաշինեան եւ իր կառավարութիւնը հարկադրուած կերպով պարտական կը զգան շարունակելու հանքարդիւնաբերութիւնը` երկրին տնտեսութիւնը կենսականօրէն անհրաժեշտ շահոյթներէն չզրկելու եւ կամ` պայմանագիրը չեղեալ համարելու պարագային` 700 միլիոն տոլարի տուգանքէն խուսափելու համար: Կառավարութիւնը նոյնպէս երաշխիքներ կու տայ թէ խիստ վերահսկողութիւն պիտի բանեցնէ Լիտիընի գործունէութեան վրայ` սահմանափակելու կամ անվնաս մակարդակի վրայ պահելու կենսոլորտային աղէտները:
Ստուգելու համար զեղծարարական եւ քրէական գործարքներու ամբաստանութիւնները ELARD ընկերութեան տրուած է օրինական խախտումները յայտնաբերելու ծրագիրը եւ արդիւնքը եղած է նպաստաւոր:
Այսուհանդերձ տագնապի մէջ է ամբողջ երկիրը, եւ որոշ չափով ալ` սփիւռքը:
Հարցը ունի զուտ գիտական հարթակ, քաղաքական հարթակ եւ հոգեբանական-ազգասիրական հարթակ:
Կենսոլորտի պաշտպանները կը պնդեն թէ Ամուլսարի հանքի օգտագործման պարագային պիտի թունաւորուին Ջերմուկի եւ Սեւանի ջուրերը եւ դարերու վրայ երկարող հետեւանքներով հիւանդութեանց, ամլութեան, հեղանդամ ծնունդներու աղէտներով պիտի տուժէ հայ ժողովուրդը: Ամուլսարը կը գտնուի Սիւնիքի Վայք շրջանին, Ջերմուկէն 30 քլմ. անդին:
Միւս կողմէ` հարցը վերածուած է քաղաքական ոտնագնդակի, ոչ միշտ ազնիւ դիտաւորութիւններով:
Ուրեմն, հարցը ինքնաբերաբար կը բանաձեւուի հետեւեալ եզրերով – տասը կամ աւելի տարիներ ոսկին պիտի շողայ մեր երկրին վրայ, բարելաւելով Հայաստանի տնտեսութիւնը, սակայն, յաջորդական հարիւրաւոր տարիներուն` Սեւանի, Ջերմուկի, գետերու եւ ընդյատակեայ ջուրերու ապականումով հայ ժողովուրդը պիտի տառապի հիւանդութիւններով ու երկիրը պիտի ամլանայ իր պտղաբերումին մէջ:
Հետեւաբար, կարճաժամկէտ բարիք եւ երկարաժամկէտ աղէտ:
Մինչեւ վարչապետ Փաշինեանի ելոյթը, որով ան պիտի թոյլատրէր Ամուլսարի շահագործումը, յետ-յեղափոխական մամուլին համար հրաշալի նիւթ մըն էր խնդիրը, որովհետեւ նախորդ իշխանութեանց գործած ու չգործած մեղքերուն վրայ, հատ մըն ալ կ’աւելնար: Փաշինեանէն վերջ ելոյթ ունեցաւ նաեւ նախագահ Արմէն Սարգիսեան, պաշտպանելով վարչապետին դիրքաւորումը եւ ըսելով – «Ան յայտնեց թէ Ամուլսարի ոսկիի հանքերը պիտի օգտագործուին կենսոլորտի պահպանման ամէնէն բարձր չափանիշերով, որոնք աննախընթաց են Հայաստանի համար: Նոյնպէս, հանքարդիւնաբերութեան այլ ընկերութիւններ, իրենց հերթին հետզհետէ պիտի համակերպին միեւնոյն չափանիշերուն»:
Հայաստանը փոքր երկիր մըն է. անոր հողին վրայ պատահած ոեւէ աղէտ կ’անդրադառնայ ամբողջ ժողովուրդին վրայ, երկրի ո՛ր շրջանին ալ բնակած ըլլայ ան:
Վերջերս Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցաւ հիւլէական զէնքի պայթում մը, ռատիօ-աքթիւ ալիքներու շողարձակումով: Սակայն երկիրը այնքան ընդարձակ է որ նման արկածներ կամ աղէտներ չեն կրնար գոյութենական հետեւանքներ ունենալ, ինչպէս պիտի ունենային Հայաստանի մէջ:
Այսօր խնդիրը ստացած է քաղաքական ծաւալ. մինչեւ անգամ Փաշինեանի «Իմ քայլը» կուսակցութեան անդամներ, որոնք մաս կը կազմեն Ազգային Ժողովին, սկսած են ընդդիմանալ վարչապետի որոշման, ինչպիսիք են, օրինակ, Սոֆիա Յովսէփեանը:
Այս երեւոյթը իր հերթին մամուլն ու ընկերային ցանցերը առաջնորդած է տարբեր մեկնաբանութեանց. կարգ մը վերլուծաբաններ կը խորհին թէ Փաշինեան այնքան ուժեղ կը զգայ իր ժողովրդականութիւնը, որ կը համարձակի հանրային կարծիքի դէմ նման քայլ մը առնել: Իսկ ուրիշներ կուսակիցներու տարաձայնութիւնը կը նկատեն իրական դեմոկրատիայի դրսեւորում եւ աւելի ուրիշներ ալ ցոյց կու տան հեռանկարը Կանաչներու կուսակցութեան մը ձեւաւորման, եւրոպական օրինակով:
Ի հարկ է ամէն կուսակցութիւն կ’ուզէ մասնակցիլ բանավէճին, իր ձայնն ու տեսակէտը արժեցնելու համար: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, օրինակ կ’առաջարկէ կազմակերպել հանրաքուէ, ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու դիտումով: Սակայն, քաղաքական մեկնաբան մըն ալ կը յիշեցնէ որ Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէր կառավարութեան, երբ Ամուլսարի համաձայնագիրը կնքուեցաւ:
Կ’ըսուի թէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւս կը պատրաստուի այդ ուղղութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով` հանրաքուէ պահանջել: Նման առաջարկներ դժբախտաբար աժան ամբոխավարութեան սահմանէն անդին չեն անցնիր. եւ ամէնէն վտանգաւոր ծրագիրն է որ կրնայ անելի առաջնորդել խնդիրը: Յիշենք որ ինչպիսի անպատասխանատու պայմաններուն տակ անցաւ Հայաստանի սահմանադրութեան վերջին հանրաքուէն: Հայաստանի ժողովուրդը առաջին անգամը չէր որ կը քուէարկէր իր իսկ շահերուն դէմ: Թատերագիր Հենրիք Իսպէնի (1828-1906 «Ժողովուրդի Թշնամի Մը») օրերէն ի վեր կարելի եղած է հանրային կարծիքը խաբել եւ ժողովուրդը առաջնորդել իր շահերուն ներհակ ուղիով մը: Մանաւանդ այս օրերուն երբ զանգուածային լրատուութիւնը հանրային կարծիք ձեւաւորելու ամէնէն հզօր ազդակը կը հանդիսանայ:
Հարցը զուտ գիտական հիմք ունի, եւ ժողովրդային զանգուածները անպայմանօրէն չեն զինուած գիտութեան տուեալներով որ կարենան իրենց քուէն կեդրոնացնել փաստական տուեալներով պաշտպանուած քաղաքականութեան մը ի նպաստ:
Այսօրուան կացութիւնը մեզ կրկին կը տանի անկախութեան նախօրէի պայմաններուն, երբ Մեծամօրի Աթոմակայանի խնդիրը քաղաքականացաւ եւ փաստօրէն կանգնեցաւ անոր գործունէութիւնը: Ատոր հետեւանքով ալ մութ ու ցուրտ օրեր տեսաւ Հայաստանի ժողովուրդը. սակայն, երբ գիտական տուեալներով հաստատուեցաւ Աթոմակայանի ապահով աշխատանքը, ան վերսկսաւ գործել եւ լոյս եւ ուժանիւթ մատակարարել Հայաստանի բնակչութեան: Հակառակ այն փաստին որ ամէնէն հին կառոյցի աթոմակայաններէն մէկն է Մեծամօրը ան կը շարունակէ գործել եւ լուսաւորել Հայաստանը: Կը շարունակէ գործել` որովհետեւ անոր բանեցումը երաշխաւորուած է գիտական տուեալներով:
Ամուլսարի պարագային եւս, ուրիշ ելք չունի Հայաստանը, բացի ապաւինելէ գիտութեան տուեալներուն: Ճիշդ է թէ այս պարագային գիտական ստուգումները տարբեր են Աթոմակայանի խնդիրէն. բայց գիտութեան խօսքը պէտք է մնայ գերակայ:
Ո՛չ հայրենասիրական կոչերը, ո՛չ քաղաքական ատենամարզանքները եւ ո՛չ ալ տարբեր բանավէճերը կրնան դրական դեր մը ունենալ այս հարցին մէջ:
Մայր բնութիւնը կը հնազանդի միայն գիտութեան ձայնին:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ