Հ.Բ.Ը.Մ.-Ը Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ Ռ.Ա.Կ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ

Այս տարի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան եւ ազգային, կազմակերպչական, համայնքային եւ քաղաքական գործունէութեան 100-ամեակը: Հարիւր տարիներու այդ փորձանաւոր ժամանակաշրջանը, կ’ընդգրկէ հայ ժողովուրդի քսաներորդ դարու պատմութեան եւ վերջին քանի մը տասնամեակներու իրերայաջորդ բախտորոշ բազմաթիւ հանգրուանները, ազգային ազատագրական շարժումներու, Ցեղասպանութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան վերապրումի, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, Խորհրդային Հայաստանի 70 տարիներու, Հայրենադարձութեան, Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան վերականգնումի եւ Արցախեան շարժումի ու ազգովին մեր դիմագրաւած վերջին ծանրագոյն ճգնաժամի  պատմական իրադարձութիւններով: Ասոնց զուգահեռ նաեւ Միջին Արեւելքի եւ արաբական երկիրներու մէջ ազգայնական շարժումներու աստիճանական խմորումներով, շրջանային քաղաքական զարգացումներով եւ ի վերջոյ լիբանանեան կործանարար ու շարունակուող տագնապին ու այդ բոլորին ներ-ազգային եւ միջ-համայնքային կեանքին մէջ դրական եւ բացասական դրսեւորումներով:

Հարիւրամեակի այս առիթով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կ’ողջունէ Ռ.Ա.Կ.ը եւ յատկապէս  անոր այն փայլուն եւ անձնուէր առաջնորդները, որոնք Հ.Բ.Ը.Մ.ի ծոցէն ծնունդ առած, անոր ժողովրդանուէր ազգային եւ հայրենասիրական առողջ սկզբունքներով թրծուած, յաջողեցան կատարելապէս հաւասարակշռել Միութեան, Կուսակցութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ իրենց պատկանելութիւնները, թելադրելով այդ կառոյցներու զիրար ամբողջացնող ու զօրացնող համակեցութիւնը, ի շահ հայ ժողովուրդին, հայրենիքին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բարօրութեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի գերագահութեան, ինչպէս նաեւ ազգային, ընկերային, կրթական եւ մշակութային կեանքի կազմակերպումին եւ զարգացման, մեր ժամանակակից պատմութեան բարդ եւ խութանաւոր տարբեր հանգրուաններուն:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը շնորհաւորէ Ռ.Ա.Կ.ի անդամակցութիւնը հարիւրամեակին առիթով, կոչ կ’ուղղէ հայրենիքին մէջ թէ աշխարհատարած մեր համայնքներուն եւ ժողովուրդին դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն գիտակցութեամբ` գործել համախումբ եւ միացեալ ուժերով, հաւատարիմ Ռ.Ա.Կ.ի հայրենանուէր եւ ժողովրդանուէր լաւագոյն աւանդութիւններուն:

 

ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ