ՄԵՐ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐԸ` ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Հայերս իւրայատուկ ազգ մըն ենք, մանաւանդ մեր ընտրած արժէհամակարգերով դարերու ընթացքին: Մեր յեղափոխական պատմավիպագիրը Րաֆֆի իր «Ճալալէտտին» վէպին մէջ կը կշտամբէ մեր նախահայրերը որ փոխանակ զէնքի ու սուրի` նախընտրած էին սկիհներ ու եկեղեցական սպասներ սարքել: Եթէ կատարած ըլլային առաջինին ընտրութիւնը` այսօր կ’ունենայինք մեր անկախ երկիրը: Սակայն, կ’երեւի խորհուրդ մը կար այդ ընտրութեան մէջ որ մեր ճակատագրապաշտ նախնիները ընտրեցին այդ ուղին: Այդուհանդերձ ազգը քալեց դաժան դարերու ճամբէն եւ հասաւ կերտելու հայրենիք մը:

Այսօր մենք պէտք է կրկին ու կրկին վերադառնանք մեր նախնիներու խորհուրդներուն եւ իմաստութեան` իմանալու համար մեր ազգին յաւերժացման գաղտնիքը:

Մեր ազգի խորհուրդներէն մէկը անոր նուիրումն է միտքի եւ հոգիի արժէքներուն, որոնք մեզ պահպանած են դարերու ընթացքին:

Երբ մենք ամէն ոյժ եւ ամէն հնարաւորութիւն կորսուած կը սեպէինք` նորակերտ հայրենիքի մէջ հիմքերը ամրացնելու անոնց վրայ` անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ կայացաւ թեքնոլոճիի համաշխարհային համագումարը Երեւանի մէջ եւ եկաւ մեզի եւ աշխարհին ծանուցանելու որ Հայաստանի հարստութեան հիմքը իր ժողովուրդն է, անոր գիտական տաղանդը, որ պիտի արտօնէ անոր համահաւասար քալել 21րդ դարու լուսաւորեալ մարդկութեան հետ:

Դարերէն եկող ու մեզի հասնող իմաստութեամբ ալ մեր ժողովուրդին մտաւորական տարրը որոշած է նշել Թարգմանչաց տօնը եւ աւելին` սրբացնել մեր թարգմանիչները: Եւ հիմա, ամէն Հոկտեմբեր ամսուն խունկ ու աղօթք կ’ընծայենք մեր թարգմանիչներու յիշատակին, ու կը պանծացնենք զանոնք ոչ միայն իբրեւ մշակները հայու միտքին, այլեւ` անոր քաղաքագէտները հեռատես:

Մեր պատմագրութեան թարգմանչական աշխատանքը սկսած է նոյնինքն գիրերու գիւտով որ առաջնորդած է Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան: Օրմանեան Սրբազան Սահակի եւ Մեսրոպի կը վերագրէ առաջին թարգմանութիւնները` մէկը յունական Եօթանասնից օրինակէն իսկ միւսը` ասորերէնէ: Եւ անվարժ կարծուած հայ գիրերու գործածութիւնը առաջին օրէն յանգած է հրաշագործ արդիւնքի, մեր առաջին թարգմանութիւնը արժեւորելով իբրեւ «թագուհի թարգմանութեանց». կերպով մը անգլիացիներու King James versionի համապատասխան (դարեր յետոյ) որով կը չափուի լեզուին գեղեցկութեան մակարդակը:

Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան յաջորդած է Ծիսարանի թարգմանութիւնը եւ ապա անյագ մտաւոր սնունդի կարօտ հայուն միտքը անցած է ժամանակի ամէնէն գնահատուած պատմական ու փիլիսոփայական գործերու թարգմանութեան: Այդ թարգմանութիւններուն միջոցաւ այսօր մեզի ծանօթ են Բարսեղ Կեսարացիի, Յովնան Ոսկեբերանի, Եփրեմ Ասորիի, Գրիգոր Սքանչելագործի, Գրիգոր Աստուածաբանի, Գրիգոր Նեւացիի, Կիւրեղ Երուսաղէմացիի գործերը: Սակայն, մեր թարգմանիչները չեն բաւականացած միայն աստուածաբանական գործերու թարգմանութեամբ, այլ յարած են նաեւ փիլիսոփայական ու պատմագրական երկերու` Արիստոտելէն, Պղատոնէն, Փիլոնէն, Պարփիւրէն եւ այլ իմաստասէրներէ: Այս բոլորին մէջ քիչ բան կը գտնենք Սահակի եւ Մեսրոպի վերագրուած, թարգմանութեանց մեծ մասը կը մնայ անանուն:

Գիրերու գիւտին եւ թարգմանչաց գործին արժեւորումը կատարելով Օրմանեան կու տայ քաղաքական նշանակութիւն այդ դարու լուսաւորչական գործին գրելով – «Հայը, որ քաղաքական կացութեան զօրութիւնը` հինգերորդ դարէն սկսելով կորսնցուց, եթէ չունենար իր գիրն ու գրականութիւնը, որ իբրեւ խարիսխ յուսոյ եւ իբրեւ հիմ հաստատութեան, անոր ապաւինելու իր ալեծուփ վտանգներուն եւ իր տրուած եւ վայրավատին կեանքին մէջ, այսօր հազիւ թէ Հայ ազգի մը յիշատակը մնացած կ’ըլլար, ինչպէս ի զուր կը փնտռուին Մարաց, Պարթեւաց, Ասորեստանեաց եւ Բաբելոնաց հետքերը այժմեան աշխարհի մէջ» («Ազգապատում» Ա. Հատոր, էջ 286):

Ինչպէս կը տեսնուի մեր նախահայրերը օրուան քաղաքակրթութեան լուսաւորումը ընծայեցին մեր ազգին, մշակութային հսկայ ոստում մը արձանագրելով լուսաւորեալ ազգերու ընտանիքէն ներս:

Ե. դարուն համար մեր թարգմանիչներուն գործը մշակութային ներածում մըն էր: Այսօր, սակայն, մեր թարգմանական գործը պէտք է վերածուի արտածումի, որպէսզի մեր գրական ու փիլիսոփայական ստեղծագործութիւնները մեր ազգին կարենանք կիսել համայն մարդկութեան հետ, բայց մանաւանդ այդ մարդկութեան ծանօթացնենք մեր քաղաքակիրթ դէմքը:

Օրինակ, եթէ գոյութիւն չունենար Մորին Ֆրիլի (Maureen Freeley) անունով անգլիացի գրող մը որ թարգմանած է Օրհան Փամուքի գործերը անգլերէնի` արդեօք այդ թուրք գրողը պիտի կրնա՞ր այդքան ճանաչում ունենալ եւ արժանանալ Նոպէլեան մրցանակին. նոյնն է պարագան նաեւ կարգ մը այլ գրողներու որոնք փոքր ազգի մը թակարդի մը մէջ պիտի մնային պահուած` զանգուածներու հասողութենէն հեռու, առանց թարգմանիչի:

Նոպէլեան մրցանակը կարեւոր է իր հերթին. քիչ էր մնացած որ հայ գիւտարար Տօքթ. Ռեմոնտ Տամատեան (MRIի հնարիչը) արժանանար այդ մրցանակին, որ զլացուեցաւ իրեն:

Թարգմանութիւններ, բնականաբար կը կատարուին հայերէնէ դէպի օտար լեզուները, սակայն, պատահական կերպով: Ատենին, Սովետական Միութիւնը, իր բոլոր բռնութիւններով հանդերձ, մշակութային հսկայ ովկիանաւ մըն էր որ կ’ընդունէր ու կ’իւրացնէր փոքր ժողովուրդներու մշակոյթներն ու գրականութիւնները: Եւ պէտք է ընդունիլ որ մեր հայրենի գրողները, դժուար պայմաններու ներքեւ թարգմանեցին հսկայ քանակութեամբ գրականութիւն – հայերէնէ ռուսերէնի: Այդ կերպով է որ, Նարեկացի բարձրացաւ համաշխարհային պատուանդան, առանց թերգնահատելու Լիւք Անտրէ Մարսէլի եւ հայր Սահակ Քէշիշեանի թարգմանութիւնները ֆրանսերէնի եւ մասնակի անգլերէն թարգմանութիւնը Միշա Գիւտեանի:

Սակայն, մեր դասականները հերթով տողանցեցին ռուսական գրադարաններու մէջ – Թումանեան, Տէրեան, Իսահակեան, Չարենց եւ ուրիշներ, եւ մինչեւ անգամ աւելի ժամանակակից գրողներ` Կապուտիկեան, Էմին, Սեւակ եւ ուրիշներ:

Ատեն մը երբ մերձեցում կատարուեցաւ Նոպէլեան մրցանակակիր Ճոզէֆ Պիրոցքիին Զարեհ Խրախունիի քերթողութիւնը ներկայացնելու Նոպէլեան մրցանակին` ան պատրաստակամութիւն յայտնեց անոր փոխարէն ներկայացնել Հրանդ Մաթէոսեանը, որուն աւելի ծանօթ էր եւ արժանի կը նկատէր:

Անուններ շարելը բնականաբար ունի իր վտանգները, որովհետեւ յանկարծ արժանաւոր անուն մը կրնայ մոռացութեան տրուիլ: Սակայն, Արեւմտեան աշխարհին մէջ պէտք է յիշուի Չօպանեանը որ ամբողջ մեր միջնադարեան քերթողութիւնը, Քուչակէն Ֆրիկ եւ անկէ անդին մինչեւ Ակնայ հայրենները թարգմանեց ֆրանսերէնի եւ վերծանեց: Գրիգոր Պըլտեան թարգմանած է Շահնուրի Նահանջը ֆրանսերէնի (թէեւ Շահնուր ինք անթարգմանելի նկատած էր իր գործը) բացի իր կոթողային գործէն յիսուն տարի ֆրանսահայ գրականութեան մասին:

Վաղամեռիկ բանաստեղծ Կարիկ Պասմաճեան մեծ վաստակ ունի Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը անգլիախօս հասարակութեան ներկայացնելուն մէջ, ինչպէս նաեւ այլ գրողներու գործերը. Ժիրայր Բաբազեան ունի ընտիր թարգմանութիւններ Թէքէեանէ` վերածուած անգլերէնի, թէեւ ոչ այն ծաւալով որ կատարած է Մարզպետ Մարկոսեան (Sacred Wrath): Մարզպետ Մարկոսեանի, Արամ Թոլեկեանի եւ Յակոբ Խաչիկեանի անգլերէն հաւաքածոները հսկայական ներդրումներ են թարգմանական գործին մէջ: Գէորգ Պարտաքճեանի մատենագիտական գործը համապատասխան է հայ գրականութեան հանրագիտարանի մը, անգլերէն լեզուով: Վերջերս Հրաչ Տիմըրճ անգլերէնի թարգմանած էր Վարուժանի «Հեթանոս Երգեր»ը հսկայ եւ լուրջ ներածականով մը: Լեւոն Սիւրմէլեան «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպի մէկ ճիւղը վերապատմած էր անգլերէնով` Daredevils of Sassoon Շշուկներ կան որ ռումանահայ մտաւորական Վարուժան Ոսկանեանի փսփսուքները գործը պիտի ներկայացուի նոպէլին:

Անշուշտ այս նշուած անուններուն չափ եւ գուցէ եւ աւելի կը մնան դուրս, թէեւ ոչ աւելի նուազ արժէքով:

Անհատներ, միութիւններ, հեղինակներ կը խօսին արեւմտահայ լեզուի եւ մշակոյթի մասին: Նոյնքան կարեւոր է նաեւ թարգմանական գործը, որովհետեւ ոչ միայն անհրաժեշտ է մեր գրականութիւնը ծանօթացնել օտարներուն, այլ նոյնինքն հայ նոր սերունդներուն որոնք կորսնցուցած են իրենց մայրենին:

Այս իմաստով հրաշալի գործ կը կատարեն մեր պոլսահայ եղբայրները, որովհետեւ ոչ միայն կը թարգմանեն գեղարուեստական գրականութիւն (Մկրտիչ Մարկոսեան, Արաս հրատարակչատուն) այլ նաեւ արիաբար կը թարգմանեն պատմագիտական գործեր որոնք ունին նաեւ քաղաքական տարողութիւն:

Այս հպանցիկ ակնարկը մեր թարգմանական գործին մասին չի կրնար արդարութիւն ընել կատարուած ու կատարուող գործին տարողութեան:

Հայկական դատի պաշտպանութեան չափ կարեւոր է ծանօթացումը մեր մշակոյթին եւ գրականութեան, ցոյց տալու համար աշխարհին թէ թուրքերը սպաննելով ազգ մը` ինչպիսի մշակութային կոթողներ սպաննած եղան:

Մեր սուրբ թարգմանիչներու գործը ստացած է նոր իմաստ եւ որակ: Անոնք հին աշխարհի իմաստութիւնը բերին մեզի. իսկ հիմա մեր հերթն է մեր ժողովուրդին իմաստութիւնը ընծայելու աշխարհին:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ