Opinions & Editorials

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ   Ո՞րն էր պատճառը, որ Երկրորդ աշխարհամարտում հայերս մեր ընդհանուր թուաքանակի համեմատ ամենաշատ զինուոր եւ ամենաշատ զոհ տուող ազգերից մէկը եղանք: Թերեւս աւելի շատ՝ քան ռուսներն ու բելոռուսները, եթէ հաշուի առնենք, որ մեր երկիրը, այս անգամ, բարեբախտաբար, նաեւ մեր ջանքերով, պատերազմական ակտիւ գործողութիւնների թատերաբեմ չդարձաւ, ինչպէս Բելոռուսիան ու եւրոպական Ռուսաստանը՝ ամբողջութեամբ: Ի՞նչն էր մղում հայերին, Հայաստանում եւ Արցախում, Ֆրանսիայում, Մ. Նահանգներում եւ այլուր, այդպիսի նուիրուածութեամբ կռուելու Կարմիր բանակի, Ֆրանսիական Դիմադրութեան եւ ամերիկեան ծովային եւ օդային...
Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ամէնէն աւերիչ դերը կատարած է բացարձակապաշտութիւնը (maximalism), դիմացինին կամ հակառակորդին տրամաբանութեան կամ շահերուն անզիջում անտեսուիլը: Եւ այս բացարձակապաշտութիւնն է որ առաջնորդած է բեւեռացման, ամէն անգամ որ կարիքն ունեցած ենք համախոհութեան եւ համագործակցութեան: Եւ այս երեւոյթը իր դրսեւորումը ունեցած է ամէն անգամ որ հայութիւնը ազատութիւնն ունեցած է իր ճակատագիրը տնօրինելու: Պատկերացուցէք առաջին հանրապետութեան օրերը երբ դաշնակցականները ինչպիսի արիւնալի հաշուեյարդարներ կը կատարէին իրենց քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ: Այսօր նժդեհապաշտներ պէտք է յիշեն թէ որքան...
Համաճարակի պատճառած խնդիրները բաւարար եղած չըլլային կարծէք որ այսօր Հայաստան կը գտնուի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու ոլորապտոյտին մէջ: Երկու տարի անցաւ թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր, սակայն տակաւին կը պակսի ակնկալուած կայունացումը: Երկիրը կը գտնուի տագնապներու մէջ որոնք կ'արգելափակեն անոր բնական զարգացումը եւ բարգաւաճումը: Դժբախտաբար Հայաստան կը գտնուի քաղաքականօրէն ամէնէն լարուած աշխարհամասի մը մէջ, ուր ներքին կայունացման լաւագոյն պայմաններուն ներքեւ իսկ հեշտ պիտի չըլլար անոր վերապրումը: Սովետական դրութեան փորձառութենէն ետք շուրջ երեսուն տարիներու անկախութիւնը կարծէք թէ պէտք...
«Կռուէ ոսկորներովդ» եթէ ոսկորներդ ալ փշրուեցան՝ «կռուէ նահատակովդ» ըսած է Շահան Շահնուր. եւ իրօք, հայ ժողովուրդը, 1915ի Եղեռնէն ի վեր կը կռուէր իր նահատակով, մինչեւ Հայաստանի վերջին անկախութիւնը, երբ այդ նահատակի պայքարին միացաւ արդիական զէնքերու պայքարը, որ ոչ միայն կու գայ դառնալու երաշխիք մը մեր փոքրացած երկրին ապահովութեան, այլեւ խթան մը՝ թօթափելու զոհի բարոյալքող հոգեբանութիւնը:  Մեծն Տիգրանէն ի վեր զէնքը չէր եղած մեր բարեկամը ու երանի թէ շարունակէր չըլլալ մեզի միակ բարեկամը, քանի մենք...
Խմբագրական   Ամէն բաժանում եւ հակամարտութիւն անտեսելով քորոնա վիրուսի համաճարակը կը հարուածէ ազգերն ու համայն մարդկութիւնը, իր անտեսանելի եւ իր անպարտելի զէնքերով: Այս պայմաններուն ներքեւ երբ ճակատումը համաճարակի եւ մարդկութեան միջեւ է` անհեթեթ եւ անիմաստ կը դառնան մարդոց եւ պետութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող ճակատումները: Գերագոյն իմաստութիւնը կը պահանջէ ոյժերը լարել. համախմբուիլ ու մարտնչել համաճարակին դէմ: Օրակարգը` վերապրումն է: Երբ պետական յեղաշրջում մը կը կատարուի երկրի մը մէջ` շարունակւող պայքարները, վրէժխնդրութիւնները հասարակութեան մէջ արգելք կը դառնան կայուն քաղաքական...
Տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը իր արտաքին օժանդակութեան ծրագրին ծիրին մէջ յատուկ գումար կը յատկացնէր Արցախին, իրականացնելու համար մարդասիրական ծրագիրներ. եւ այդ յատուկ գումարը կը տրամադրուէր ականազերծելու համար Արցախի ռազմագօտիները: Իրօք ալ, Արցախի ազգաբնակչութիւնը բազում զոհեր տուած է ընդերքի մէջ մնացած ականներուն: Ուրեմն, երախտաշատ գործ մը կը կատարուէր Արցախի մէջ ամերիկեան օժանդակութեամբ: Բացի մարդասիրական նպատակներէ` յատկացումը ունէր – եւ տակաւին ունի – քաղաքական նշանակութիւն, յատկապէս երբ նկատի ունենանք որ Ուաշինկթըն չի ճանչնար Արցախը իբրեւ...
Ժամանակը իր լարուած գնացքը ունի. ժամանակը յաւիտենական է. ժամանակը չի մաշիր. մարդն ու մարդկութիւնն են որ կու գան ժամանակի մէկ հատուածին հետ առնչուելով մաշելու: Երբ կը թեւակոխենք 2020 տարուան սեմէն ներս` ժամանակը չ'իմանար մարդկութեան քայլերը. մարդն ու մարդկութիւնն է որ կը քանդակեն ժամանակի յաւերժութեան մէջ օրը, ժամը եւ վայրկեանը: Ու երբ իրենց կեանքը կը հասնի իր լրումին` մարդն ու մարդկութիւնը կ'անհետին, տեղ բանալու համար նոր սերունդներուն: Անոնք կ'անհետին` իրենց ոտնահետքերը թողելով երկրագունդին վրայ: Հայն...
Աշխարհը արագօրէն կը փոխուի եւ Եւրոպան` աւելին£ Ինչո՞ւ պէտք է մենք հայերս հետաքրքրուինք Եւրոպայով. որովհետեւ մեր ճակատագիրը սերտօրէն առնչուած է եւրոպական ազգերու հետ. մեր յոյսերը, առաւել եւս` մեր յուսախաբութիւնները կու գան Եւրոպայէն: Եւ այսօր, քանի կը փոխուի Եւրոպան` կը կազմուին հայկական նոր համայնքներ, հիներու կողքին, սակայն անկախ իրարմէ եւ անհաղորդ իրարու: Բ. աշխարհամարտէն ետք սկսաւ ապագաղութացման գործընթացը, եւ եւրոպական երկիրները յաջորդաբար անկախութիւն տուին իրենց նախկին գաղութներուն, երբեմն արիւնալի պատերազմներէ ետք (Ալճերիա, Հնդկաստան, Զիմպապուէ եւ այլն)....
Հայաստանի ներքին կայունութիւնն ու տնտեսական բարելաւումը, ուրիշ փոքր երկիրներու նման, կախեալ են արտաքին ազդակներէ: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եկաւ վերջ տալու փտածութեան եւ կողոպուտի քաղաքականութեան, սակայն, տակաւին որոշ ժամանակի կը կարօտի իրագործելու համար իր խոստումներն ու նպատակները: Տնտեսական բարելաւումները դեռ լիովին չեն վերածուած ընտանիքներու բարեկեցութեան եւ երկրին շրջապատումն ու արտաքին ազդակները կրնան պատճառ դառնալ անոնց յապաղումին: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած շրջափակումին նպատակը Հայաստանի տնտեսական յառաջխաղացքը խափանել չէ միայն, այլ լրումին հասցնել ցեղասպանութեան այն գործընթացը որ գործադրուեցաւ 104...
Աշխարհի վրայ մօտաւորապէս 30 երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը` իրաւական թէ ոգեկոչական բնոյթի որոշումներով: Հայութիւնը բնականաբար երախտապարտ է այդ երկիրներու պետութեանց եւ ժողովուրդներուն: Սակայն երեք երկիրներ, տարբեր պատճառներով, կը հանդիսանան կիզակիտային միաւորներ, որոնց որոշումը ունի համաշխարհային տարողութիւն: Այդ երկիրներն են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը եւ Թուրքիան, իւրաքանչիւրը տարբեր պատճառներով, սակայն միեւնոյն նպատակին ուղղուած իմաստներով. Ամերիկան` իր հզօրութեան պատճառաւ, բայց մանաւանդ` Թուրքիոյ վրայ իր ունեցած հակակշիռին պատճառաւ: Իսրայէլը` իբրեւ ճակատագրակից հայոց ու Թուրքիոյ հետ ունեցած բարդ...
Advertisement