Թուրքիան Նախիջեւանի հետ ազատ առեւտուրի գօտի կը ստեղծէ

Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքչին յայտարարած է, թէ յառաջիկային Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտի պիտի ստեղծուի:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ թրքական Haberler-ը յայտնած է, թէ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքչին Կարսի մէջ յայտարարած է, թէ իրենք կը ստեղծեն առեւտրային հարթակ, որուն միջոցով Նախիջեւանէն առանց մաքսատուրքերու 100 միլիոն տոլարի ապրանք պիտի հասնի Թուրքիա եւ հակառակը:

Ան շեշտած է, թէ Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի միջեւ առեւտուրը պիտի ըլլայ այնպէս ինչպէս օրինակ Թուրքիոյ քաղաքը մը կ՝իրականացնէ Թուրքիոյ մէկ այլ քաղաքի միջեւ:

Թուրք նախարարը նշած է, թէ կը նախատեսուի աշխուժացնել նաեւ Իրանի ու Վրաստանի հետ սահմանային գործարարութեան ծրագիրները: