Գացինք քանի մը երեխաներու ետեւէն,
գտանք ամբողջ ազգ մը:
Հետվիկ Պուլ
Արարատ Բնակարաններու երէց բնակիչները հաւաքուած ենք շէնքին հիւրասրահը. որոշ լռութիւն մը, յիշատակներու ամպեր կը սաւառնին օդին մէջ, իւրաքանչիւրս հերոսական պատմութիւններ քաղած ենք մեր մեծերէն: Որո՞ւ կը պարտինք մեր վերապրումը եթէ ոչ մեր ազգին փշրանքները հաւաքողներուն՝ հինգ եւրոպացի նուիրեալ կիներու, յանձին դանիացիներ Մարիա Ճաքոպսընի եւ Քարէն Եփփէի, նորվեկիացի Պոտի Պիորնի, շուետացի Ալմա Եոհանսընի եւ եսթոնիացի Հետվիկ Պուլի:
Ժապաւէնը կ’սկսի. շոգեկառք մը կ’ընթանայ, պատուհանէն ետին կը տեսնուի պատմողը, ֆինլանտացի համալսարանի ուսուցչապետ եւ ցեղասպանական պատմաբան փրօֆ. Սվանթէ Լունտըկրէն: Հիւսուած յօնքերով, ակնոցին տակէն խորաթափանց ու մտահոգ նայուածքով ան ներկայացուց իւրաքանչիւր նուիրեալ անձին մանկութենէն մինչեւ իրենց վերջին շունչ՝ պատմութիւնը:
Արդարեւ, քանի շոգեկառքը յառաջացաւ մենք վերզգացինք նուիրեալ միսիոնարներուն մանկութիւնէ սկսած անսակարկ զոհողութիւնը, տեսանք ամենաահռելի եւ վայրագ տեսարաններ: Անոնց մէջ կարծես փնտռեցինք մեր սրբացած հարազատները: Ես օրինակի համար կը փնտռէի երախայ մը որ ամուսինիս Կարապետին կը նմանէր: Կեսուրս Մարիցան անոր հագցուցած էր հակառակ դարձած տղեկի ոսկեթել նախշուած գօտեմարտիկը, որպէսզի Խարբերդէն Բալու ճամբան Քիւրտեր կամ Թուրքեր չգողնան զինք: Մարիցան, Միս Ճագոպսընին Թռչնաց Բոյնին հանդերձարանին մէջ իբր մայրիկ, մինչեւ իրիկուն այդ քաջասիրտ հիւանդապահուհիին օրէնքները կը յիշէր ու կը կիրարկէր իր թոռներուն՝ զաւակներուս, տանը մէջ ալ: Կարդացէք Մեծն Դանիացիին օրագիրներու 156 էջը: Ի՜նչ ըսեմ հապա Քարէն Եփփէին որդեգրած զաւկին, Միսաքին, որուն շառաւիղները, Հալէպէն գաղթած՝ այսօր հպարտօրէն Մոնթրէալի մէջ կ’ապրին:
Քովէս կը լսեմ արտասուքի հեկեկանքներ, հառաչանքի մրմունջներ. կը հիանամ միսիոնարներուն հաւատքին ու հաւատարմութեան, յոյսին ու քաջասրտութեան, գթութեան ու հսկայական տարիներու աշխատանքին:
Այո՛ աննման կիներ, հերոս կիներ, այս ժապաւէնը թող Հայերուս երախտագիտութիւնը ըլլայ, սերունդներ կարդան ու տեսնեն ձեզ, օրհնեն ձեզ, երբեք ու երբեք չմոռնան ձեզ: Լուսերուն մէջ մնացէք:
Հիանալիօրէն պատրաստուած ֆիլմ մը: Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Փրկութեան Քարտէս-ի ֆիլմարտադրիչ Մանվէլ Սարիբէկեան, բեմադրիչ Աննա Սարգսեան, ֆիլմպատկերահաններ Արթիւր Ղարայեան եւ Վահէ Յակոբեան, ձայնագիր Յարութիւն Մանկասարեան եւ պատրաստող՝ Արամ Շահպազեան, բոլորն ալ Հայաստանէն: Երաժշտութիւնը յանձնուած էր աւստրիացի կոմպոզիտոր Վիգ Ցարթմանի: Աւելցնենք որ ժապաւէնը Գանատայի Հայ Կանանց Միութեան կողմէ կրցանք ստանալ՝ որուն յատկապէս երախտապարտ ենք:
Հիւրասիրութիւնը կատարեալ էր:
Քրիստինէ Տրդատեան Գույումճեան
Մոնթրէալ, Գանատա
18 Մարտ 2016