25 տարի առաջ Սուրիոյ արեւելեան Տէր Զօր քաղաքին մէջ, 1915 թուականին սպաննուած հայերու յիշատակին նոր եկեղեցի օծուած էր: Հիմա այդ եկեղեցին ռումբերէն քանդուած է, կը գրէ Պի.Պի. Սի.:
«Այդ եկեղեցւոյ մէջ միշտ խաղաղ էր: Մենք կը յանձնուէինք մեր միտքերուն: Ոչինչ կը ստիպէր արտասուելու, ամէն բան պարզ էր եւ զուսպ», կը յիշէ բրիտանահայ գրող Նուրիձա Մաթոսեան: Նուրիձայի նախնիները 100 տարի առաջ չար կրակի մէջէն անցած մարդոց շարքին էին: Անոր մեծ հայրը` Յովհաննէս, տակաւին 1910 թուականին լքած էր Այնթէպը, հիմա` Կազիայնթեփ եւ տեղափոխուած Կիպրոս, իսլամներու յարձակումի բռնկումէն ետք: Անոր ընտանիքը մնացած էր Թուրքիոյ մէջ եւ իր մորթին վրայ զգացած` հալածանքներու սեւ օրերը:
«Եկեղեցւոյ ոչնչացումը շատ մութ պահ է իմ կեանքիս մէջ: Ես բնաւ չէի մտածեր, որ ատիկա կրնայ կրկնուիլ», կ’ըսէ Նուրիձա Մաթոսեան:
Նախքան Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկիլը` հոն կ’ապրէր շուրջ 100 հազար հայ, որոնց մեծ մասը հալածանքներէն փրկուած հայերու սերունդներն են: 60 հազարը կ’ապրէր Հալէպի մէջ:
«Շատերու համար Հալէպը սուրբ խօսքի նման բան մըն էր, կախարդական բառ», կ’ըսէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող լիբանանահայ պատմաբան Հեղնար Ուոթենփոն: «Մեր բոլորին ընտանիքները տեղահանութիւններու ժամանակ կ’անցնէին Հալէպէն: Ոմանց համար ատիկա վայր էր, ուր կարելի էր փրկուիլ կաշառք տալով կամ ուղղակի անհետանալ այնտեղ»:
Հայ կիներ յաճախ կ’երթային պետեւիներու մօտ, երբեմն` կամաւոր, երբեմն ալ` բռնի: Հիմա, երբ պետեւիները կու գան Հալէպ, կ’երթան հայերու խանութները, զանոնք յաճախ կը կոչեն «խալօ»` մօրեղբայր: Պետեւիներէն շատեր գիտեն, որ իրենց մայրերը կամ մեծ մայրերը հայ եղած են:
Նուրիձա Մաթոսեանի ազգականուհին այդ կիներէն մէկը եղած է: Տարիներ ետք ծնողները զինք տեսած էին Հալէպի շուկային մէջ: «Ծնողները տեսած էին զինք եւ դիմած անունով` Պերճուհի: Ան նոյնպէս ճանչցած էր ծնողները, սակայն երեխաներուն հետ էր, բռնած էր անոնց ձեռքը եւ անհետացած ամբոխին մէջ: Պերճուհի կ’ապրէր այդ մարդոց հետ եւ հաւանաբար չէր ուզեր ձգել երեխաները»: