Ապրիլ 16, 2016-ին տեղի ունեցաւ 13-րդ տարեկան արիւնահաւաքի արշաւը, հովանաւորութեամբ Գանատահայոց Թեմի, եւ համագործակցութեամբ Hema-Quebec-ի (Քեպեքի Արեան Սպասարկութիւններու) կազմակերպութեան: Սոյն միջոցառումը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին։ Այս տարեկան արշաւը կը համախմբէ հայերն ու ոչ հայերը արիւն նուիրելու Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Զոհերու յիշատակին։
Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը, ուղեկցութեամբ Տ. Կոմիտաս Քահանայ Միրզախանեանի, Հոգեւոր Հովիւ Լաւալի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ, օրհնեց այս նախաձեռնութիւնն ու կազմակերպիչ մարմինը եւ եղաւ առաջին արիւնատուներէն։
Սոյն միջոցառումին գլխաւոր պատասխանատու՝ Տիկ. Հիլտա Թուրշուճեանի ջանքերով տարուէ տարի աւելի յուսատու կը դառնայ այս գործունէութիւնը նշանաբան ունենալով «Օգնութեան Ձեռք Երկարել» կարգախօսը։
Այս տարուայ արիւնահաւաքի արշաւին աջակից դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակի Գանատայի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ մասնակից դարձան բազմաթիւ տեղական եւ դաշնային քաղաքական գործիչներ՝ Վիմի (Քեպէք) շրջանէն ընտրուած Գանատայի Խորհրդարանի պատգամաւոր Տիկ. Եվա Նասիֆ եւ Լաւալի Սեյնթ Մարդին շրջանէն ընտրուած քաղաքապետարանի խորհրդական Տիկ. Ալին Տիպ։