ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀՍԿՈՒՄ ԼԱՎԱԼԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ապրիլ 22 երեկոյեան ժամը 7ին Լավալի Հայկական ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան 101ամեակին  նուիրուած հսկումի հոգեպարար արարողութիւնը:

Մոնթրէալահայ գաղութի 101ամեակի Միացեալ Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ պատրաստուած այս ձեռնարկը երկրորդն էր Ապրիլ 16-ի արիւնարշաւէն յետոյ:

Մօտ 200 հայորդիներ, կուսակցական ղեկավարներ, քաղաքական, միութենական ու կրօնական ներկաներ, յատկապէս այս առթիւ լարուած հսկայ վրանին տակ հետեւեցան կարճ սակայն տպաւորիչ յիշատակման ձեռնարկ:

Պրն. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի ղեկավարութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը ընթացք առաւ Գանատական եւ Հայկական քայլերգներով եւ տպաւորիչ տուտուկի ու երգի բարձրորակ ելոյթներով, որուն յաջորդեց Պրն. Մհէր Գարագաշեանի կուռ ու բացառիկ պատգամը, որ ընդունուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Հոգեւոր Հայրերու պատշաճ կրօնական արարողութենէն ետք, երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին մոմավառ յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք ներկաներն ալ իրենց տրամադրուած մեխակները զետեղեցին:

Միացեալ Յանձնախումբը կարեւոր նկատած է որ Մոնթրէալի մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան երկու յուշարձանները ըլլան մեր ուշադրութեան առարկայ. անոնք պէտք չէ անտեր մնան: Ահա այդպէս ալ եղաւ: Լավալի մեր յուշակոթողը որբ չմնաց այդ գիշեր:

                                                                                                         Ներկայ մը