ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՌՕՐԵԱՅ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՅԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼ 19-21 ՕՐԵՐՈՒՆ

«Ազգ» թերթի մամլոյ տեղեկատուութիւնը

ՌԱԿ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

 

Հայկական աւանդական կուսակցութիւնները արդի մարտահրաւէրներու առկայութեամբ տակաւին շատ ընելիք ունին Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, մանաւանդ հիմա, երբ նոր մարտահրաւէրներ կան Հայաստանի եւ Արցախի համար: Երեւանի մէջ Ապրիլ 19-21-ին տեղի ունեցած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Սփիւռքի եւ Հայաստանի կառոյցներու եռօրեայ խորհրդակցական համաժողովը, կուսակցական ներքին խնդիրներուն զուգահեռ, կը քննարկէր նաեւ նոր իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ`շեշտը դնելով համայն հայութեան ուժերը համախմբելու, բոլոր ուժերով հայրենիքին զօրակցելու վրայ: Ներկայ էին ռամկավարական 12 շրջանակներէն 63 ներկայացուցիչներ, իսկ բացակայ չորս  շրջանակներէն ստացուած էին քաջալերական ու համախոհական ուղերձներ:  Հաւաքին ներկայ էին նաեւ Արցախի Լիպերալ-Դեմոկրատական հասարակական կազմակերպութեան հինգ ներկայացուցիչներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետի: Նոյն համախմբման նպատակ հետապնդող թուով երկրորդ երեւանեան այս հաւաքի (առաջինը անցած տարուայ Նոյեմբերին էր) գլխաւոր հարցադրումը վերջին տարիների ՌԱԿ երկփեղկումը, ներքին անհամաձայնութիւններու յաղթահարումն ու վերստին միաւորումն էր, որ արտացոլուած էր նոյնինքն համաժողովի խորագրին մէջ: Ան կը կոչուէր ՌԱԿ Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Համագումար: Գաղտնիք չէ, որ վերջին տասնամեակի ընթացքին ՌԱԿ կառոյցներու մէջ առկայ էին որոշ տարակարծութիւններ եւ նոյնիսկ պառակտում. նախկին Կեդրոնական Վարչութիւնը բոլորովին կորսնցուցած էր իր ազդեցութիւնը սփիւռքատարած կառոյցներու վրայ, որը կը թուլացնէր ՌԱԿ-ի աւելի նպատակային գործունէութիւնը, կը մտահոգէր անոր երկարամեայ եւ նուիրեալ անդամները, որոնք վերջին մի քանի տարիներուն անընդհատ կը նախաձեռնէին այդ վիճակէն դուրս գալու քայլեր:

Համագումարը համակարգող Վարդան Նազիրեանը հաւաքի առաջին օրը Թէքէեան Կենտրոնին մէջ ազդարարեց. «Վերջին տասնամեակի անփառունակ վիճակը մեզ մատնած է անգործութեան, եւ այսօր կը սկսուի վերականգնումի շարժումը»:

ՌԱԿ Հայաստանեան կառոյցի ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանը ժողովը անուանեց պատմական: Ան վստահ է, որ տարակարծութիւնները յաղթահարելուն զուգահեռ` պէտք է արդի պահանջներուն համապատասխան փոփոխութիւններ կատարուին կուսակցութեան վարիչ կառոյցներու մէջ, եւ անոնք համապատասխանեցուին այսօրուայ հայակեդրոն նպատակներուն, ընդհանրապէս` արդիականացուին կառոյցները: Նպատակ կայ ՌԱԿ Կեդրոնը Հայաստան տեղափոխել`ու ՌԱԿ-ը կը դառնայ Հայաստանաբնակն ուժ: Համաշխարհային կառոյցներ ունեցող ՌԱԿ-ը պէտք է ծառայեցնել Հայրենիքի նիւթական, քաղաքական, լոբբիստական կարիքներուն. «Մարտահրաւէրը նետուած է մեզ, եւ մենք պէտք է վերցնենք այդ ձեռնոցը` խոհեմութեամբ, միասնութեամբ եւ գիտելիքներով քայլ առաջ ընենք»:

Կուսակցութեան հնագոյն նուիրեալ Երուանդ Ազատեանը կուսակիցներուն կոչ ուղղեց. «Մենք պէտք է արժանի ըլլանք մեր փառաւոր անցեալին, ծառայեցնենք դա Հայաստանին եւ Արցախին: Այսօրուընէ ՌԱԿ-ը միաւորուած է Հայաստանի մէջ, հայրենի հողի վրայ»:

ՌԱԿ-ի մամուլի մասին, առանձին ելոյթով հանդէս եկաւ ՌԱԿ մամլոյ դիւանի պատասխանատու Յակոբ Վարդիվառեանը, որ անդրադառնալով ռամկավարական միութիւններու կատարած հսկայական աշխատանքին, նշեց, որ նպատակ ունին վերակենդանացնել պաշտօնաթերթ «Պայքարը»:

Այս շարժումը ոչ մէկի դէմ ուղղուած չէ, այլ ազգային-քաղաքական միասնական մօտեցում ունենալու համար է, ու այս շարժումը պէտք է տանի կուսակցութեան վերականգնումին եւ վերամիաւորման, վերջ դնելով որոշ շրջանակներու կողմէ հրահրուած վերջին տարիներու ուղեկորոյս վիճակին, կը նշէին բանախօսները:

Տարակարծութիւնները արտացոլուեցան Գալիֆորնիայի շրջանակի ներկայացուցիչ Վարդգէս Գուրույանի ելոյթին մէջ: Ան կը խօսէր գլխաւոր կողմերու հաշտութեան անհրաժեշտութեան մասին, քանի որ պառակտումի պատճառով շատ համակիրներ հեռու կը մնան կուսակցութենէն: Թէեւ` անցեալին եղած բանակցութիւնները, այնուամենայնիւ, արդիւնքի չէին հասած մինչեւ այսօր:

ՌԱԿ-ի առջեւ ծագած հարցերուն մէջ կը նշուէին ակումբներու օտարուած կեանքը, բազմակարծութեան բացակայութիւնը, հանդուրժողականութեան պակասը, տեսլականի անյստակութիւնը, անհամերաշխ ղեկավարութիւնը: Այն, ինչ որ յաղթահարելու համար գումարուած էր վերականգնումի ժողովը, այսինքն` եղած հարցերու կոյտը, առաւել լաւ երեւաց Լոնտոնի շրջակայ միջավայրի հարցերու յայտնի մասնագէտ Հրաչ Գույումճեանի ելոյթի կամ աշխատանքային բանաձեւի ներկայացման մէջ. հաղորդակցութեան եւ նիւթականի պակաս, անկազմակերպ վիճակ, երիտասարդութեան եւ կանանց նուազ ներգրաւուածութիւն, անհոգութիւն ու անտարբերութիւն, Հայ Դատի մարտահրաւէրները նորովի իմաստաւորելու անհրաժեշտութիւն: Խօսք հնչեց այն մասին, որ պէտք է կոտրել իշխանահաճոյ կուսակցութիւն ըլլալու մտայնութիւնը, քանի որ ՌԱԿ-ը ոչ թէ իշխանահաճոյ, այլ` պետականամետ կուսակցութիւն է: Երուանդ Ազատեանը  կ’ըսէր, որ կառոյցներու ապակեդրոնացում պէտք է կատարել, որպէսզի այս ու այն անձի հրահանգով կամ ցանկութեամբ պատիժներ չկիրառուին: Մասնաւորապես` անոր կը զարմացնէ պատժամիջոցներու կիրառման թեթեւութիւնը` անձերու քմահաճ ցանկութեամբ: Ծրագիր եւ մէկ վարչական մարմին պէտք է ըլլայ, որ այդ որոշումները կայացնէ. կուսակցական ըլլալը պէտք է քաղաքական իմաստ ունենայ, ինչպէս եւ` կուսակցականի հանդէպ պատժամիջոցի կիրառումը: Թէ չէ` «կուսակցական դատական ատեանը քուրջի կը վերածուի», կուսակցութիւնէն հեռացնել-չհեռացնելը, պատժել-չպատժելն ալ` փողոցային քաշքշուքի:

Ելոյթներուն մէջ կ’առանձնացուէին նաեւ ՌԱԿ զօրաւոր կողմերը` փառաւոր անցեալը, ազատական գաղափարախօսութիւնը, աշխարհասփիւռ տարածքային կառոյցներու տիրապետումը, լոբբիստական միջոցներ ունենալը, մտաւորականներու անդամակցութիւնը ՌԱԿ-ին, Հայաստանեան կառոյցի առկայութիւնը, ՌԱԿ ԶԼՄ-ները: Մէկ խօսքով՝ՙ համաժողովի օրակարգով բոլոր հարցերը քննարկեց ու աւարտին ալ հաղորդագրութիւն մը ու յայտարարութիւն մը ընդունեց: Յայտարարութեան մէջ նշելով, որ Վերականգնումի Շարժման եւ ՌԱԿ շրջանաւարտ Կեդրոնական վարչութեան բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուած, եւ սպառած են բանակցութեան ու գործակցելու հնարաւորութիւնները, Շարժումի համադրող մարմինը ստիպուած է առանձին ստանձնել կուսակցութեան վերականգնումի եւ միացման սրբազան գործը: Երկու տարի պէտք է համախմբման գործընթացը իր աւարտին հասցնելու, օրինական ընդհանուր պատգամաւորական ժողով գումարելու` համապարփակ եւ Հայաստանակեդրոն վարչութիւն ընտրուի, որը բովանդակ կուսակցութեան դիմագիծը կ’ըլլայ եւ բոլոր շրջանակներու վրայ ազդեցութիւն կ’ունենայ:

ՌԱԿ պատասխանատուները նաեւ ասուլիսով ամփոփեցին իրենց աշխատանքը:

ՌԱԿ մամլոյ դիւանի պատասխանատու Յ. Վարդիվառեանը, անցեալի գործերը յիշելով` դէպի ապագայ հայեացքը ուղղելու համար լաւ քայլ նկատեց ՌԱԿ պառակտուած երկու թեւերու միաւորմանը միտուած այս քայլը, ուղղուած Սփիւռքի պահպանմանը, Հայրենիքի ու Արցախի օժանդակմանը: Շատ կարեւոր համարեց այս հանգրուանին ՌԱԿ կեդրոնը հայրենիք բերելու մտադրութիւնը:

Յ. Աւետիքեանի կողմէ Վերականգնումի համաժողովի գլխաւոր կերտիչ անուանուած Երուանդ Ազատեանը նշեց, թէ Ռամկավար շրջանակներու 2/3-ն էր որ կը մասնակցէր համագումարին, իսկ ՌԱԿ կանոնադրութեամբ 2/3-ով կարելի է արտահերթ պատգամաւորական ժողով հրաւիրել եւ օրինաւոր վարչութիւն ընտրել: Սա պէտք է արագ կատարուի, քանի որ Արցախի սահմաններու շուրջ կացութիւնը կը թելադրէ արագ օժանդակութիւն, որ յետոյ ուշ չըլլայ. պէտք է ՌԱԿ-ի բոլոր կառոյցները աշխատին ու օժանդակեն Հայրենիքին ու Արցախին՝ աւելի իմաստաւորելով շարժումը Արցախի շուրջ: Ընդ որում` Սփիւռքի Նախարարի հետ հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ ներկայացուցիչները խոստացած են աշխատիլ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներդրումներ ընելու ուղղութեամբ:

Լրագրողի հարցին պատասխանելով` Յ. Աւետիքեանը նշեց, որ ՌԱԿ հայաստանեան կառոյցը Սեպտեմբերին մասնակցելու է տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն, որմէ յետոյ կը պատրաստուին արդէն խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու:

Մօտակայ տասը օրերուն ՌԱԿ տնօրէն խորհուրդը կը քննարկէ եւ կը յայտարարէ  Արցախի մէջ վիրաւորուած մեր զինուորներուն ու զոհուածներու ընտանիքներուն օժանդակելու ձեւաչափը, որմէ յետոյ ՌԱԿ-ը կը սկսի հանգանակութիւններու շարքի մը, եւ այդ նպատակով, գործունէութիւն կը ծաւալէ այս գործով զբաղուող բոլոր այն համակարգող մարմիններուն մէջ, ուր ներկայացուած է:

Երէկ յետմիջօրէին ՌԱԿ վերականգնման համաժողովի մասնակիցներուն Մայր Աթոռի նորակառոյց Մատենադարանին մէջ ընդունեց Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ Կաթողիկոսը: Վեհափառը ՌԱԿ պատուիրակներուն յորդորեց միաւորել բոլոր ռամկավարներուն, վերականգնել կուսակցութեան երբեմնի կուռ միասնութիւնը՝ՙ ի խնդիր Մայր Հայրենիքի հզօրացման եւ հայ ժողովուրդի բարգաւաճման՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին: Վեհափառը պատմեց օրերս Արամ Ա Կաթողիկոսի հետ Արցախ կատարած իրենց այցի մասին, յայտնեց իր տպաւորութիւնները եւ յորդորեց ներկայ պահուն նուիրատուութիւններն ու հանգանակութիւնները ուղղել Արցախի աւերուած բնակավայրերու եւ շէնքերու վերակառուցման:

Որպէս երախտագիտութեան նշան՝ Վերականգնման շարժումի համադրող Վարդան Նազիրեանը Վեհափառին յանձնեց ամբողջական Հայաստանի հնատիպ քարտէս մը, որը համալրելու է Մայր Աթոռի Մատենադարանի հաւաքածոն:

                                                                                                                                    «ԱԶԳ»