Սուրբ Հոգի Համալսարան-Քասլիք,Լիբանան – «Լիբանանեան Ներկայութիւնը Աշխարհի Մէջ»

Սուրբ Հոգի համալսարանի փիլիսոփայութեան,Մարդկային եւ Քաղաքական Գիտութիւններու բաժանմունքի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գիտական համաժողով մը՝« Լիբանանեան Ներկայութիւնը Աշխարհի Մէջ» խորագրով՝ Ապրիլ 11-12, 2016։ Գիտական նիւթերը կ՚ընդգրկէին մշակոյթ եւ այլազանութիւն,պատկանելիութիւն եւ ազատութիւն՝ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ մարդկային իրաւանց հարցեր՝եւ այս բոլորը լիբանանեան տեսադաշտէն։ Երկու օրերու վրայ երկարած գիտաժողովին՝ներկայացուեցան տասնը եւ չորս թէզեր՝նեռարելով վերեւ յիշուած նիւթերը։ Հրաւիրուած էին ակադեմական դասախօսեր եւ ընկերային նիւթերու մասնագէտներ Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ։Գիտաժողովին բացումը տեղի ունեցաւ Ապրիլի 11ին՝ներկայութեամբը Լիբանանեան պետական անձնաւորութիւններու եւ հոծ բազմութեան մը։

Դոկտ.Հրայր ճէպէճեան՝Ընդհանուր Քարտուղարը Աստուածաշունչի Արաբական Ծոցի երկիրներու՝ներկայացուց « Մշակութային Ինքնութիւն,Գոյակեցութիւն եւ Համարկում եւ Ուրիշին Հասկացողութիւնը» (Անգլերէն լեզուով) եւ մեկնելով հայկական եւ լիբանանեան՝իմմա լիբանանահայու տեսադաշտէն։

Դոկտ.Ճէպէճեան իր դասախօսութեան մէջ նաեւ նեռարեց անձնական վկայութիւնը՝եւ սկսելով իր լիբանանեան եւ հայկական ինքնութիւններէն՝եւ զանոնք միացնող «օղակը» համեմատեց « վերապրելու» հրամայականին վրայ։ Եթէ հայկական ինքնութեան պարագային ան ներկայացուց Ցեղասպանութենէն վերապրած որպէս երրորդ սերունդ հայ՝բայց նաեւ որպէս լիբանանցի՝ուր ապրած է 1975-1990 տարիներու քաղաքացիական պատերազմը՝եւ նեռարելով մինչեւ օրս միջին  արեւելքի բազմազան եւ բազմատեսակ շրջանային տագնապները։ Եւ այս բոլոր փորձառութիւններու մէջէն ան եթէ վեր առաւ «վերապրելու» իրականութիւնը՝բայց նաեւ նոյն այդ իրականութեան խթանը եղող « Յոյսի» գիտակցութիւնը՝որ «աւելի լաւ վաղուան» օրուայ հեռանկարին համար կարեւոր խթան է։

Դոկտ.Ճէպէճեան վեր առաւ՝Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան հիմքէն՝« Ցաւին» ստեղծած « Յոյսի» կեանքը՝« որ կը խթանէ անհատը աւելի ուժով կառչելու եւ ապրելու կեանքին մէջ»։ Եւ այդ «Ցաւը»՝եւ նոյնպէս Քրիստոնէական Աստուածաբանութենէն՝կ՚ստեղծէ « յարափերութիւն»ը Աստուծոյ հետ՝ եւ որ կ՚առաջնորդէ մարդը աւելի հասունացման՝եւ նոյնինքն այս իր ապրած փորձառութիւններու մէջէն՝ ուր եւ նաեւ կը մխտէ անհատը աւելի ստեղծագործ կեանք մը ապրելու տեսլականովը։Եւ այս իմաստով՝Դոկտ.ճէպէճեան հիմնաւորեց Մշակոյթ բացատրութիւնը՝եւ գիտական մէջբերումներով՝թէ ինչպէս« ան՝իմմա մշակոյթը՝կ՚իմաստաւորէ կեանքը՝որովհետեւ կ՚ստեղծէ մարդուն մէջ ապրելու հիմք»։ Որմէ ետք Դոկտ.Ճէպէճեան անդրադարձաւ լիբանանահայու՝եւ անոր սփիւռքեան իրավիճակը լիբանանէ ներս՝սկսելով Ցեղասպանութենէ ճողոպրած տարագրեալ հայուն հաստատումով եւ մինչեւ այսօրը։Ան վեր առաւ հայուն համարկման տարբեր իրավիճակները սկսելով 1915էն եւ մինչեւ այսօր՝ներկայացնելով հայկական ապրուած կեանքին փոխուող իրականութիւնները լիբանանի մէջ։ Ան մատնանշեց 1975-1990 քաղաքացիական պատերազմի տարիները՝ուր հայկական գաղութը որդեգրեց « դրական չէզոքութիւնը»։ Ան նկատել տուաւ որ « դրական չէզոքութիւնը միայն քաղաքական կեցուածք չեղաւ՝այլ նաեւ դաստիարակութիւն մը որուն մէջէն ամբողջ սերունդ մը մեծցաւ հաւասարակշռութիւն մը գտնելով իր հայկական եւ լիբանանեան ինքնութիւններու միջեւ»։ Ապա անդրադարձաւ ներկայ օրերուն՝ուր հայուն համարկումը լիբանանեան իրականութեանը մէջ եղաւ շատ աւելի արագ քան պատմութեան սկիզբը։ « Հայը շատ աւելիով մխրճուեցաւ ու տակաւին տեղական իրականութեանը մէջ եւ այս քաղաքական,ընկերային եւ տնտեսական տարբեր ոլորտներուն մէջէն»։

Դոկտ.Ճէպէճեան անդրադարձաւ ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի ոգեկոչումներուն եւ յատկապէս հայ նոր սերունդին աշխուժ մասնակցութեանը բոլոր միջոցառումներուն։ Ան այս վիճակը կամրջեց ներկայ օրերուն համաշխարհային մակարդակի վրայ ապրուած « համաշխարհայնացման» եւ  անոր հակադրուող « տեղեկայնացման» իրականութիւններու վրայ։ « Համաշխարհայնացումը՝ որ ներկայ օրերուն եթէ կ՚սպառնայ ազգային ինքնութեան եւ անոր հեղինակութեան պահպանման՝իր դէմը գտաւ տեղակայնացումը՝որ յառաջ կը քշէ քաղաքական ինքնութեան մը հասկացողութիւնը» ըսաւ ան։ « Մարդիկ այս օրերուն սկսած են շատ աւելիով փնտռել իրենց անձնական պատմութիւնը։ Երբ մէկ կողմէ ազգային գիտակցութիւն հասկացողութիւնը կը տարտղնուի՝բայց անոր դիմաց կը ցցուի անհատին ինքնութեան տարբերակին փնտռտուքը։ Եւ հայ նոր սերունդին զանգուածային մասնակցութիւնը ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի ձեռնարկներուն նաեւ պիտի տեսնել այս ներկայ տուեալներուն իրականութեանը մէջէն»։

Դոկտ.Ճէպէճեան շեշտը դրաւ Պէյրութ քաղաքի «ուժական» նկարագրին վրայ՝որ առիթը կու տայ անհատին «բացուելու» կեանքին՝ եւ ապրելու «ուրիշին» հետ որ տարբեր է։ Եւ այս տարբերը կ՚ստեղծէ համակեցութեան մշակոյթ մը։

Դոկտ. Ճէպէճեան իր դասախօսութեան վերջին մասով դարձեալ կամրջեց « ցաւին» եւ «վերապրելու» գրաւականին ու անոր ստեղծած պատկանելիութեան եւ մշակութային արժէչափերուն վրայ։ « Եթէ մինչեւ օրս ես իմ մէջը կը շալկեմ ցաւը որպէս հայ՝ու տակաւին որպէս լիբանանցի՝ (եւ ապրելով պատերազմի արհաւիրքը եւ մինչեւ օրս շրջանի տագնապները) բայց այս երկու « ցաւոտ» ինքնութիւնները մղեցին զիս գիտակցելու թէ կարելի է սիրել, ապրիլ եւ ստեղծագործել երկու ինքնութիւններու՝հայկական եւ լիբանանեանի մէջէն։ Եւ թէ այս երկու ինքնութիւններու ցաւը կը խթանէ որպէսզի հասկնաս ուրիշը եւ անոր տագնապը՝ եւ կը նայիս վաղուան օրուան որպէս յուսադրող ապագան»։

 

Թղթակից