ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանի եւ թեմական խորհուրդի հրաւէրին ընդառաջելով քաղաքս ժամանեց Վիրահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Ս. Եպս. Միրզախանեան։ Հիւր Սրբազանը 1 Մայիս 2016 Կիրակի առաւօտ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց ու իր պատգամը փոխանցեց, իրեն որպէս առընթերակայ կը սպասարկէին եկեղեցւոյ Հոգեւոր  Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ.  Զարգարեան եւ Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան։ Արարողութեան կը հանդիսապետէր թեմական Առաջնորդ Աբգար Սրբազան։ Ս. սեղանին սպասարկեցին Բարշ. Սարկաւագներ եւ ուրարակիր դպիրներ, բուրվառակիրներն էին Պոլիսէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Բարշ. Տօքթ. Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ եւ Բարշ. Նուրհան Սրկ. Իփէքեան։ Դպրապետ Շահէ Ալթունեանի մականին տակ երկսեռ դպրաց դասը ներդաշնակ կերպով մեկնաբանեց Ս. պատարագի երգեցողութիւնները, երգեհոնահարութեամբ Սօնա Արթինեանի։

Սուրբ աւետարանը կարդաց եւ վերաբերումը կատարեց Տ. Վազգէն քահանան:

Դասին մէջ ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան ( Հ.Հ. ) Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Արմէն Եգանեան, Հ.Հ. Թորոնթոյի պատուակալ Հիւպատոս Տիար

Պերճ Սվասլեան, Արժ. Հայրեր Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան եւ Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէլէնկիչեան։

Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ։

Յընթացս Ս. պատարագի Առաջնորդ Աբգար Սրբազան իր սրտի խօսքը փոխանցելով բարի գալուստ մաղթեց Վազգէն Սրբազան հօր, իր մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տալէ  ետք, ուրախութեամբ յայտնեց թէ Սրբազանը մասնաւոր հրաւէրով յատկապէս Թորոնթօ եկած էր ներկայ գտնուելու եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քահանայի յիսնամեայ տարեդարձին առիթով։ Ապա հրաւիրեց զինք որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ։

Պատարագիչ Վազգէն Սրբազան նախ շնորհակալութեան խօսքերով հանդէս եկաւ, ապա բնաբան ունենալով « Վարձկան հովիւը երբ գայլը կը տեսնէ կը ձգէ իր հօտը եւ կը փախչի, իսկ քաջ հովիւը երբ գայլը տեսնէ իր հօտը կը պահպանէ ։» Սրբազան Հայրը իր քարոզի վերջաւորութեան շնորհաւորեց Տ. Զարեհը իր յիսնամեայ տարեդարձին առիթով, զինքը նմանցուց այն քաջ հովիւին որ 20 տարիներէ ի վեր քաջաբար եւ մեծ նուիրումով կը ծառայէ իր հօտին։

Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա Պատարագիչ Սրբազան հօր պահպանիչով արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Սարկաւագներու, դպիրներու եւ հոգեւորականներու կողմէ կազմուած թափօրի ուղեկցութեամբ Վիրահայոց Առաջնորդ Վազգէն Սրբազան հաւատացեալներուն օրհնութիւններ բաշխելով դպրաց դասին կողմէ երգուած « Ով հայոց աշխարհ » երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը։ Արարողութիւններու աւարտին

« Մակարոս Արթինեան » սրահին մէջ Տ. Հօր յիսնամեայ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ մասնաւոր մտերմիկ հիւրասիրութիւն։

 

Յարութիւն Դերձակեան