Նախագահ Սարգսեան յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք մատուցանեց Հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած զինուորներուն յիշատակին

Երկուշաբթի՝  9 Մայիս 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ այցելեց Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգի եւ պատերազմի վեթերաններու, ՀՀ Զու բարձրաստիճան սպայակազմի, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու,  ազատամարտիկներու հասարակական կազմակերպութիւններու, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմերու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ ծաղկեպսակ դրաւ Անյայտ զինուորի գերեզմանին: Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձներու առիթով Հանրապետութեան նախագահը յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցանեց հայրենիքի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին, կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը:

Սերժ Սարգսեան ձեռնարկի մասնակիցներուն հետ դիտեց ՀՀ զինուած ուժերու, ՌԴ սահմանապահ ծառայութեան, պատուոյ պահակախումբի ստորաբաժանումներու, Վ.Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկի ուսանողներու եւ Մ. Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի սաներու հանդիսաւոր քայլերթը:

Հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ այցելեց զբօսայգին մէջ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առիթով աւանդաբար կազմակերպուող դաշտային խոհանոց եւ շնորհաւորեց զինուորական վրանային ճաշի սեղանի շուրջ հաւաքուած վեթերանները, ճաշեց ու զրուցեց անոնց հետ` վեթերաններուն հետաքրքրող հարցերուն շուրջ: