Կիրակի՝ 8 Մայիսին, Մոնթրէալի քաղաքամէջի Սէնթ Քէթհրին պողոտայի երկայնքին աւելի քան չորս հազար ժողովուրդ, որոնց մէջ նշմարելի էր Ասորի, Յոյն, Հրեայ, Քամպոճիացի, Քիւրտ, Ռուանտացի խմբաւորումներ իրենց պաստառներով ու դրօշակներով , աչքառու քայլարշաւ մը իրագործեցին, առաջնորդուած թմբուկներու ֆանֆարով: Քայլարշաւը կը գլխաւորէին հայ եկեղեցական եւ համայնքային առաջնորդող դէմքեր, ՀՀ Դեսպանը, Գանատական, նահանգային եւ քաղաքային նախարարներ ու կառավարական դէմքեր:
Քայլարշաւի աւարտին ընդարձակ դաշտի մը տարածքին հաւաքուած ժողովուրդը հետեւեցաւ յատուկ բեմի մը վրան արդիական ամենաճոխ ձայնային եւ պատկերալից ներկայացումներով յայտագիրի մը, որուն ընթացքին շուրջ տասնեակ մը պետական դէմքերու եւ այլ ազգերու Ցեղասպանութիւններու անունով ղեկավարներ հանդէս եկան տպաւորիչ ճառերով: Անոնց կարգին յիշենք Քէպէքի Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան նախարարուհի Մէլանի Ժօլի, Քէպէքի միջազգային յարաբերութիւններու նախարարուհի Քրիսթին Սէնթ Փիտէռ, որոնք շեշտեցին թէ մեր զոհերու յիշատակը յարգելով հանդերձ, հաւաքուած չենք ողբալու մեր զոհերը, այլ տօնախմբելու վերապրումի կամքը եւ կեանքի յաղթանակը: Գործադրուեցաւ նաեւ համապատասխան մշակութային որակաւոր յայտագիր մը: