Իւեթա Մուկուչեան մեծ յաջողութեամբ անցաւ «Եւրատեսիլ 2016»-ի եզրափակիչ փուլ

Սթոքհոլմի Globe Arena-ի մէջ կայացաւ «Եւրատեսիլ» մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլը:

Հայաստանի պատուիրակ Իւեթա Մուկուչեան Love Wave կատարմամբ հանդէս եկաւ 7-րդ թիւին տակ: Քուէարկութեան արդիւնքով` Իւեթան անցաւ եզրափակիչ փուլ:

Հայաստանի հետ միասին «Եւրատեսիլ-2016» համաեւրոպական երգի մրցոյթի եզրափակիչ փուլ անցան նաեւ Ատրպէյճանը, Ռուսիան, Նիտեռլանտները, Հունգարիան, Խորուաթիան, Աւստրիան, Չեխիան, Կիպրոսը եւ Մալթան:

Յիշեցնենք, որ երկրորդ կիսաեզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 12-ին, իսկ յաղթողի անունը պարզ պիտի դառնայ Մայիս 14-ին: