1 Մայիս 2016 թուականի Պ.Մ.Միութեան Արամ Խաչատուրեան համերգասրահին մէջ երաժշտասէր ներկաները վայելքը ունեցան 2-րդ անգամ ունկնդրելու տաղանդաւոր եւ խոստմնալից երիտասարդ դաշնակահար Արթուն Միսքճեանի համերգը՝ շատ լաւ պատրաստուած յայտագրով մը:
Յայտագիր մը՝ որը պիտի սկսէր ունկնդիրները տարիներու հոլովոյթով տանիլ, երաժշտութեան դասականէն մինչեւ վիպականը վերջանալով երեք անմահ հայ յօրինողներու զգացական գործերով:
Մենահամերգի առաջին կտորն էր Domenico Scarlatti-ի D Majeur K 119 դաշնակի հազուադէպ լսուած Sonat-ը զոր նուագուեցաւ տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ:
Հոս Փակագիծ մը բանալով յիշենք թէ D. Scarlatti-ի ունի մօտ 550 սօնաթներ որոնց մեծ մասը իր կեանքի վերջին տարիներուն Սպանիա կեցութեան շրջանին Սպանական Ժողովրդական երաժշտութեան եւ անոնց կշռոյթին ազդեցութեամբ է որ յօրինած է:
Յաջորդին լսեցինք J. S. Bach-ի երկու հատորներէ բաղկացած Clavecin Bien Tempéré-ի 2-րդ գիրքին 5-րդ Prélude et Fugue-ը (F Sharp mineur BWV. 859 յօրինումը որուն կշռոյթն ու բազմաձայնութիւնը ճշգրտօրէն արտայայտելով նուագեց երիտասարդ դաշնակահարը:
Համերգը շարունակուեցաւ L.V. Beethoven-ի 600 հսկայ գործերէն բաղկացած զգլխիչ մեղեդիներու ովկէանին մէջ անոր վիպական գիծը ամենահարազատ կերպով ցոլացնող sonate-ներէն թիւ 27 opus 90 դաշնակի sonate՝ովը:
Արթուն Միսքճեան հոս եւս մնաց Beethoven-ի երաժշտական յօրինուածքին խիստ հաւատարիմ:
Շատ տեղին դասաւորումով մը յայտագրին մէջ իր տեղը գրաւած էր Աւստրիացի դասական երաժշտութեան վիպական վարպետը՝ Franz Schubert իր թիւ 13 A Majeur D 664 sonateով:
Ինչպէս իր բոլոր յօրինումներուն մէջ Franz Schubert հոս եւս մեղեդին ազատօրէն կ’երգէր «կարծէք խելակորոյս» (D. Handmann Larousse) Schubert ի հոգեկան այս խռովքը իր սքանչելի մեկնաբանութեամբ զգաց ու փոխանցեց ամէնալաւ կերպով սիրելի տաղանդաշատ դաշնակահարը:
Յետ միջնարարին ունկնդրեցինք Frédéric F7 Chopin ի op. 30 4. Mazurka-ները: (do mineur, si mineur, Re bimol, do dieze mineur):
Այս Mazurka-ները փոլոնական ժողովրդական ոճին ու նրբութեան հետ երկխօսութիւն մը կը կազմեն:
«André Coeuroy»
Արդարեւ, Արթուն Միսքճեան այս որակումը իր նուագով արժանապէս արդարացուց:
Ռուս դասական յօրինողներէն մեծանուն Sergée Rachmanioff իր Op. 23թիւ 5 Alla Marcia
Prélude ով փոթորկաշունչ մուտք գործեց Արթունի մատներով վերապրելով ու տպաւորելով մեզ բոլորս: Անսայթաք նուագ մըն էր որ լսեցինք:
Այս Prélude ը իր փոթորկալից մուտքէն վերջ կ’ընդմիջուէր մեղեդիական սքանչելի բաժինով մը վերադառնալով իր սկիզբի ուժգնութեան:
Երբ կարգը եկաւ երեք հայ մեծանուն յօրինողներու, զգալի եղաւ ներկաներուն գոհունակութիւնը:
Առաջինն էր Արամ Խաչատուրեանի «Գայանէ» թատերապարէն (Ballet) օրօրը:
Ինչպէս որ անունէն ալ կարելի է ենթադրել, մեղմանոյշ, հանդարտեցուցիչ նուագ մըն էր որը հանգամանօրէն փոխանցուեցաւ ունկնդիրին:
Յաջորդն էր մեծանուն Կոմիտասի վեց (6) հայկական պարերէն ամենածանօթը: «Էրանգի»ն ուր զգալի եղաւ պարողներու ոտնախաղերը:
3րդ եւ վերջին կտորն էր Սայաթ Նովայի «Քանի Վուր Ջան» իմ» զգայուն եղանակով Առնօ Պապաճանեանի յօրինումը «Elegy»ն:
Այս մէկը Առնօ Պապաճանեան, ինչպէս որ կը գիտցուի դաշնակի փոխագրած է ի յիշատակ Արամ Խաչատուրեանի:
Այս յուզիչ ընդհանուր խանդավառ ծափողջոյներու իբր պատասխան կրկին նուագուեցաւ իբր «Bise»:
Համերգի վերջաւորութեան ներկայ երաժշտասէրներ բուռն ծափահարութեամբ թարգման եղան իրենց գնահատանքին՝ երիտասարդ կարող դաշնակահարին՝ ուր կար նաեւ բաժին մը իր ուսուցչին James Parkerի եւ University of Toronto-ի ուսուցման մակարդակին:
«Հայ Մշակոյթի Բարեկամներ» Յանձնախումբի անունով իր շնորհաւորութեան արտայայտութիւն նուիրուեցաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը:
Ապա սուրճի սպասարկութեան սեղանին շուրջ եղան շնորհաւորական ու գնահատական արտայայտութիւններ թէ’ արժէքաւոր դաշնակահարին թէ իր ծնողքին որոնք հեռատես մօտեցումով եկած էին հաստատուիլ Toronto Արթուն Միսքճեանի ընտրած ուղիին մէջ աւելի լաւ ընթանալու նպատակին համար:
Մենք եւս սրտանց անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Արթուն Միսքճեանը ու կը մաղթենք յարատեւ եւ յարաճուն յաջողութիւններ:
Արայ Էլակէօզ
2 Մայիս 2016