Դուն, ա՛լ հեռուն տանջուած երազ մը չես, Շո՜ւշի
Կը շողան աչքերուդ մէջ հպարտութեան ճառագայթներ
Կովկասի մարգարիտ, Արցախի սիրտը յաղթական
Հոգեւոր մայր, վեհանիստ բերդաքաղաք
Կրկին հայացար լուսաւորուեցար
Թող շողան աչքերուդ մէջ ուրախութեան ճառագայթներ…
Մեր նախնիները այստեղ կը ննջեն
Մարտիկները հպարտ կը շնչեն
Հրեշտակներ պահապան, կը շրջին բոցեղէն հոգիներով․․․
Հերոսներ արի պարեցէ՛ք ,կրկին ոտքի կանգնեցէք
Լեռներ ՝ մայրաբար շիրիմները քաջազուններուն դուք օրօրեցէք
Թող Ճախրեն խրոխտ, անառիկ ամրոց աշտարակներէն․․․
Ապագայատեսիլ երթով շնչէ պատմութեան գոհար Շուշի
Աւերակներէն երկինք խոյացած վերակենդանացած
Դիւցազուններու ձեռագիր մատեան բերդաքաղաք
Թիկունքիդ մայր հայաստանն է ամրակուռ բազուկներով
Սէգ լեռներէդ կանչէ՛ քոյրերդ , մայրական տաք գիրկ
Շուշի տար մեզ՝Նախիջեւան, Վան, Անի, Տիգրանակերտ…
Դուն ալ հեռու երազ մը չես Շուշի
Հասցուր մեզ Սասնա երկիր ու Կիլիկիա
Որ միասին պարենք արծիւներու սէգ պարը
Դարերէն եկած դարերուն գացող լիալոյս հոգիի պարը
Ամրոց անառիկ՝ թող որոտան յաղթերգի թնդանօթներդ
Մայր տաճար Ղազանչեցոց ղօղանջեն զանգերդ․․․
Դուն ալ հեռու երազ մը չես Շուշի
Յաղթական դուռ ես դէպի նոր ճամբայ
Մարիանա Պէրթիզլեան–Ղազարեանը