(Ա.)
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի գործունէութեան եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի հետապնդումի ծիրին մէջ կատարուած իրագործումներուն անհրաժեշտ մաս կը կազմէ թարգմանութիւնը: Որքան որ կարեւոր է մեր ներկայ սերունդին գիտականօրէն, փաստերու միջոցով մատուցել կատարուածը, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է հայկական փաստացի հետազօտութիւններու թարգմանութիւնը` օտարներուն հնարաւորութիւն տալով լիարժէք գաղափար ունենալ անցած դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն չարիքի մասին, որ հայութեան մեծ հատուածի բռնի տեղահանութիւնն էր իր հազարամեայ հայրենիքէն ու բնաջնջումը: Այս իմաստով նուազ կարեւոր չէ նաեւ, որ հայ ընթերցողը թուրք հեղինակներու տեսակէտներուն ու մօտեցումներուն ծանօթանայ: Ըսուածին հաստատումն է 2016-ին Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեան տպարանէն հրատարակուած եւ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի արժանացած թարգմանական հատորը` «Վերապրողները»: Հեղինակն է թուրք ժամանակակից գրող Քեմալ Եալչըն, իսկ թարգմանչուհին` Սալբի Գասպարեան:
Գիրքը կը բացուի հեղինակային ներածականով, անոր կը յաջորդէ թարգմանչուհիին «Մեռնողները անհետացան… հապա՞ վերապրողները…» նախաբանը, ապա հատորին խմբագիր տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի «Քեմալ Եալչըն» վերնագրուած սեղմ ու ընդգրկուն ներածականը:
Աւելի քան երեք հարիւր էջերով այս հատորը բաժնուած է խորագրուած եօթը մասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէ ենթավերնագիրներ:
***
Արդ դժուարութեան առջեւ եմ, քանի որ ստիպուած եմ խօսիլ թուրք գրողի մը մասին, մինչդեռ անձնապէս պիտի նախընտրէի թուրք էութեան հետ որեւէ շփում չունենալ, քանի որ սոսկ այդ բառը զիս, շատերու նման, կը յիշեցնէ հայրենազրկութիւնս, ազգիս դարերու նուաստացումները, Բագրատունեաց աթոռանիստ եւ հօրս ծննդավայր Անին ու Կարսը, ժողովուրդիս այսօրուան տարտղնուած, ուղեկորոյս վիճակը, որ ուղղակի ու շարունակուող հետեւանք է անցեալի ու ներկայի թուրքի գործերուն:
Սակայն կ՛ընդունիմ նաեւ, որ կրնայ գոյութիւն ունենալ այլ մտածողութիւն, որ ճշմարտացի ըլլալը անպայման ծայրայեղութեան մէջ չէ, որ մեր արեւելեան ու արեւմտեան դրացիները, Աստուծոյ կամքով կամ անէծքով, մեզի հետ են յաւիտեան, եւ որ գոյութիւն ունի դիւանագիտութիւն կոչուած բան մը:
Առ այդ անհրաժեշտ ու գնահատելի կը գտնեմ թարգմանչուհիին տարած աշխատանքը, որ դիւրին չէ, յատկապէս եթէ յիշենք հալէպեան մեր պայմանները եւ շնորհակալ գործին իր անշահախնդիր նուիրումը: Ան, իր ուժերուն ներածին չափով, լծուած է այս աշխատանքին` համոզումով, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչողութեան համար որքան որ կարեւոր են մեր տարած աշխատանքները, նոյնքան ու թերեւս ա՛լ աւելի ազդեցիկ կ՛ըլլայ, երբ այդ ճանաչումին համար մեզի կ՛օգնեն ու մեզի հետ կը գործակցին ծագումով թուրք գրողներ, պատմաբաններ ու գործիչներ: Մասամբ թուրք մտաւորականներու տարած աշխատանքին արդիւնք է այսօրուան Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մտայնութեան բեկումնային փոփոխութիւնը, այդ աշխատանքին արդիւնքն է թրքական խորհրդարանին մէջ հայ պատգամաւորի ներկայութիւնը ու անոր բերնով պաշտօնական ամպիոնէ այդ մասին բարձրաձայնելը:
***
Արձակ գործի թարգմանութեան դժուարութիւններէն է տուեալ լեզուի դարձուածքները, ոճական ձեւերը, շարադասութիւնը համապատասխանեցնել մայրենիին, այնպէս որ ընթերցողը հաճոյք առնէ թարգմանուած գործ մը մայրենիով ընթերցելէն ու օտար հոտ չառնէ: Սալբի Գասպարեան այս առումով եւս յատուկ ճիգ թափած է, սակայն աշխատանքը դժուարին է, քանի որ թրքերէն լեզուամտածողութեան բազմաթիւ ոճական ձեւեր մտած են արեւմտահայ խօսակցականին, երբեմն նաեւ գրական լեզուին մէջ ու կը թուին հարազատ:
Դառնանք հեղինակին ու իր «Վերապրողները» գիրքին, ծանրանալով առաւելաբար հատորի գաղափարական ու հոգեբանական ծալքերուն վրայ:
Վերջին տարիներուն աւելի յաճախ կը հանդիպին ծագումով թուրք գրողներ, որոնք կ՛անդրադառնան հայոց հանդէպ իրենց պետութեան ու նաեւ ժողովուրդին կողմէ գործադրուած անարդարութիւններուն, աւելին` վայրագութեանց: Անոնցմէ ո՞վ, ի՞նչ դրդումով կամ ի՞նչ անկեղծութեամբ կը մօտենայ հարցին, դժուար է նոյն յայտարարին բերել: Գիրքերն են որ պիտի փոխանցեն հեղինակներու ե՛ւ նպատակը, ե՛ւ տրամադրուածութիւնը, ե՛ւ թելադրանքը: Այս գիրքի հեղինակի անկեղծութեան կ՛ուզենք հաւատալ, քանի որ ամբողջ հատորի լայնքին ու երկայնքին ան, իր թուրք ծագումին դէմ իսկ դաժանութեան աստիճանի մերկութեամբ, կը ներկայացնէ Մեծ Եղեռնէն փրկուած ու հողին վրայ մնացած հայ վերապրողներու կրած անմարդկային տառապանքները, հասցուած իրենց հայրենակից, համագիւղացի թուրքերուն կողմէ: Քերելով իր իսկ հոգին, մանրամասն կը պատմէ քստմնելի դրուագներ` հայերու կրած մշտական հալածանքներու, ստորացումներու, ֆիզիքական ու բարոյական լլկումներու մասին:
Բովանդակութիւնը հետեւեալն է: Յետեղեռնեան Թուրքիա ապրող հայեր ինչ-ինչ հանգամանքներով յաջողած են հայ քրիստոնեայ մնալ, եւ այդ բաւարար է, որ թուրք համագիւղացիներու կողմէ ոչ միայն օտարուին, շահագործուին, ստրկացուելու չափ զրկուին մարդկային արժանապատուութենէ, այլ նաեւ սերունդէ սերունդ իրենց գլխուն կախուած զգան մահուան վտանգը` սոսկ հայ ըլլալնուն համար: Ու ինչպէս Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջ ընթացքին` հայը ոչ ոքի բողոքել կարող է, ոչ ոք ականջ կը կախէ իր գանգատին, իսկ լսելու պարագային դարձեալ տուժողը ինք է, քանի որ թուրքին համար, ըլլայ ան խղճուկ, գճլտած ու ոջլոտ գիւղացի, թէ պետական պաշտօնեայ` հայը կը մնայ նոյն «կեաւուրը», ինչ որ էր դարերով: Թուրք համագիւղացիներ կ՛օգտուին անոր ձեռքերու, խելքի ճարտարութենէն, սակայն կրնան վճարումի պահուն «յիշել» անոր կեաւուր ըլլալը ու վռնտել: Կրնան զաւկին ներկայութեան ծեծել ու անարգել անոր անմեղ հայրը, բռնաբարել հայուն աղջիկը կամ կինը, ապա ամենայն խենէշութեամբ զաւկին յիշեցնել մօր կրած անարգանքը, կրնան կողոպտել հայուն ունեցուածքը, իսկ հայուն կը մնայ միայն ընդունիլ ամէն անարգանք, զրկանք ու միայն ինքն իրե՛ն հարցնել` ինչո՞ւ…
Այս հալածանքներն ու ստորացումները ի վերջոյ պատճառ կ՛ըլլան, որ մեր հերոսին` Ակոբին ընտանիքը քայքայուի` ծնողքը տեղափոխուի Պոլիս, եղբայրը` Գերմանիա, ինք` Հոլանտա: Նոյն պատճառով կղզեակի պէս մնացած հայկական գիւղեր կը պարպուին:
Գիրքին գեղարուեստական մակարդակը խոցելի է: Հեղինակը կը նշէ, թէ իր հերոսներու պատմածները «անոնց արտօնած չափով նոյնութեամբ գրած է»: Պատճառ չունինք չհաւատալու, մանաւանդ որ հեղինակի գրիչի հպումներուն պակասը կը զգանք: Հերոսի խօսքին առանձնայատուկ գիծերը պահելը միայն չափի մէջ է որ չի վնասեր հեղինակային գործին, նոյնիսկ եթէ ան զուտ գեղարուեստական չէ, այլ, թէկուզ` փաստագրական: Բայց այս գիրքը փաստագրական ժողովածու չէ, այլ աւելի յուշապատում է: Գիրքի մը գեղարուեստական արժէքի չափանիշներէն է նաեւ խօսքի սեղմութիւնը, ինչ որ հոս չենք գտներ, ընդհակառակը` մեծ տեղ կը գրաւեն կրկնութիւնները, պատմուած երբեմն հեղինակի, երբեմն գլխաւոր հերոս Ակոբի, երբեմն ալ անոր մասին պատմող թուրք ընկեր- բարեկամներու կողմէ: Կը գտնենք նաեւ շատ անհարկի, զմեզ չհետաքըրքրող մանրամասներ նոյնինքն պատմողներու մասին եւ ոչ` խնդրոյ առարկայ Ակոբի ու ուրիշ հայերու: Յուշեր պատմող գիւղացի մը կրնայ անուս ըլլալ, իր խօսքը անշահ մանրամասներով ծանրացնել կամ կրկնութեան մոլի ըլլալ, բայց հեղինակ մը պարտի կոկել, յղկել հում նիւթը, ինչ սեռի գործ ալ որ մշակէ:
Այս բոլորէն վեր կայ հեղինակին գաղափարական ըսելիքը, որուն իր նախաբանին մէջ ալ կը ծանօթանանք, այն է` Թուրքիոյ մէջ այլ ազգերու հանդէպ հանդուրժողականութեան, համատեղ հաշտ ու խաղաղ ապրելու փափաքը:
Սակայն գիրքի ընդհանուր ոգին դիմադրութիւն կ՛առաջացնէ ու խորհիլ կու տայ ընթերցողի անդրադարձի մասին: Եթէ այս գիրքը կարդայ թուրք, եւրոպացի կամ ոեւէ այլ ազգի ընթերցող, չեմ կարծեր, թէ հայոց մասին դրական կարծիք կազմէ: Առաւելագոյնը` կրնայ խղճալ հայերուն վիճակին, բայց այդ խղճահարութիւնը աւելի արգահատանք պիտի ըլլայ: Հետեւինք դէպքերուն. նախապէս յղացուած դիւական ծրագիրի մը համաձայն ամբաստանելով հնդկահաւ գողնալու մէջ, թուրք համագիւղացիներ գետին նետած կը ծեծեն Ակոբին հայրը, անոր օգնելու եկած մայրը, հնդկահաւը պարունակող կաթսան վիզէն կախ, իւղոտ ջուրերը վրան հոսելով կը դարձնեն շուկայի մէջ ու կը խայտառակեն, նաեւ` իբրեւ թէ գողցուածին դրամը կ՛առնեն: Տարիներ ետք, կարծելով, թէ իրենց պատահած աղէտներուն պատճառը անոր անէծքն է, կու գան դրամը վերադարձնելու: Երբ ան կը մերժէ առնել` կրկին անխնայօրէն կը ծեծեն: Ո՞վ է հայը, որ արժանապատուութիւն ունենայ… Այս բոլորը լսած Ակոբ, հօրը հասցուած անարգանքին պատասխանելու անկարող, կը տառապի նուաստութեան զգացումէ, նոյնիսկ գիւղը այրելու փափաք կ՛ունենայ, անզօրութեան միտքի ծանրութեան տակ կը խելագարի ու Հոլանտա տասնեակ տարի կը բուժուի: Այսչափը դեռ հասկնալի է, բայց երբ ան կը շարունակէ նոյն յուզիչ սիրով սիրել Թուրքիան, թուրքերը ու «հայրենիքին սէրը կը հրդեհէր իր հոգին», այս է որ ընթերցողի միտքին մէջ արգահատանք պիտի առաջացնէ: Հայրը անարգեցին, զինք մանկութենէ միայն ծեծեցին, մայրը բռնաբարեցին ու մնացին անպատիժ, հօրեղբայրը կողոպտեցին ու կողոպուտը ետ տալու դիմաց կրկին դրամ առին ու դեռ ինչեր… ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընէին, որ Ակոբ դադրէր սիրելէ զիրենք:
………………………………………………………..
Մենք, որ կը ճանչնանք հայը, կը մնանք երկմտութեան մէջ: Այսօր շատ հայեր Հայաստանէն կը հեռանան, պատճառաբանելով տնտեսական անապահովութիւնը կամ երկրին մէջ տիրող անարդարութիւնները: Ու հայրենիքին սէրը բոլորին սիրտերը չէ որ կը հրդեհէ: Հո՛ն, ուր կայ հարիւրամեակներ երազուած հայրենի պետականութիւն: Մինչդեռ վերը յիշուած` մահուան սպառնալիքի, լլկումներու, ստորացումներու ենթարկուող թրքահայը, նոյնիսկ երբ ակամայ, անկարելի տառապանքներէն ազատելու համար կը հեռանայ այդ «հայրենիքէն», միշտ Թուրքիա վերադարձի երազը կը փայփայէ, կը շարունակէ այրիլ Թուրքիոյ սիրով, ուր ինք մարդ չի նկատուիր, ուր իր քրտինքով վաստակածը ունենալը իրաւունք չի նկատուիր «կեաւուրին», ու իր արիւնին ծարաւի են դրացի, «բարեկամ» (բան մը, որ չի թաքցներ հեղինակը, ընդհակառակը` կը շեշտէ բազմիցս): Եթէ կրնաս, լուծէ՛ հայ հոգիին այս առեղծուածը:
Բայց կայ նաեւ հայու համար աւելի ցնցիչ ու անընկալելին` զինուոր Ակոբը մեծ խանդավառութեամբ պատրաստ է ու կ՛երազէ «Տաւրոսի խումբին հետ Կիպրոս պատերազմի երթալ» ,« գգգթրքական հայրենիքիս անվտանգութեան համար պատերազմելու եւ անոր սիրոյն համար մեռնելուգգգ»
Սոսկում չէ՞ք զգար, որ հայազգի երիտասարդը թուրքերու «անվտանգութիւնը» պաշտպանելու համար քրիստոնեայ Կիպրոսի դէմ երթալու փափաքով կ՛այրի ու միայն թուրք գնդապետն է, որ ջուր կը թափէ անոր խանդավառութեան վրայ, քանի որ ան կը գիտակցի, թէ քրիստոնեայ հայու մը` Կիպրոսի քրիստոնեաներուն դէմ Թուրքիոյ շահերուն համար կռուիլը անտրամաբանական է, ու անոր վստահիլը` սխալգգգ Հայը թուրքերուն հետ միասին կռուի՞ ա՛յն Կիպրոսին դէմ, որու հետ պատմական աղերսներ ունենալէ զատ, հոն բնակող հայե՜ր ունինք: Իսկ այդ պատերազմին նպատակը թրքական հայրենիքի «ապահովութեա՞ն» հարցն էր, թէ՞ Կիպրոսը զաւթելու ծարաւը, ինչ եւ ըրինգգգ Նոյնիսկ եթէ պատանի Ակոբ այդչափ խակ ու կարճամիտ էր (կամ պետերուն աչքը մտնելու ինքնապաշտպանական կեցուածք ունէր), ապա հեղինակը աւելի արթուն պէտք է ըլլար, կամգգգ է: Մէկ խօսքով` հարցը բացայայտօրէն թրքական ազգայնականութեան տեսանկիւնէն դիտուած է:
Արդ` ի՞նչ կը զգաս ու կը խորհիս, եթէ օտար չես, այլ` հայ մը: Չե՞ս ունենար ստորակայութեան բարդոյթ, զայրո՛յթ այդ բարդոյթէն տառապող հայերուն դէմ: Կրնայինք կասկածիլ հեղինակի խօսքին, եթէ մեր աչքերուն առջեւ այսօր ալ չունենայինք այդ անբացատրելի սիրոյ հաստատումը` ի տես մեր շուրջը ո՛չ փոքր թիւ կազմող հայերու, որոնց ոչ ոք կը ստիպէ, սակայն թրքական ամէն ինչը գերադաս ու երազելի կը նկատեն:
Հոս պահ մը կրկին միտքդ զուգորդութեան կ՛երթայ: Եթէ Ակոբը ոեւէ մէկէն հայերէն երգ սորվելու առիթ չէր ունեցած եւ թուրք միջավայրին մէջ գտնուելով` թրքերէն կու լար իր ցաւերը, այսօր իսկ, 100 տարի առաջ կոտորածներէն փրկուած վերապրողներու զաւակներու ոչ արհամարհելի տոկոս մը, յատկապէ՛ս երիտասարդներ, Սփիւռքի ու յա՛տկապէս մեր հայախօս գաղութին մէջ, ինչո՞ւ թուրքին երգը այսքան հաճոյքով կը լսեն ու կը տարածեն: Եթէ սէր չէ այս, հապա ի՞նչ անուն ունի:
Եթէ գիրքին գլխաւոր հերոս Ակոբը միայն քանի մը հոգիի խտացումը ըլլար, հեղինակ մը պէտք չէ որ ընդհանրացնէր, սակայն մենք ալ գիտենք, որ ակոբները թիւ կը կազմեն: Բայց գիտե՛նք նոյնպէս, որ կայ նաեւ մեծամասնութիւն մը հայոց մէջ, որ ո՛չ մէկ ձեւով կ՛ընդունի Թուրքիա «հայրենիք»ին հանդէպ նման արցունքախառն, սրտակեղեք կարօտախտի գոյութիւնը, այն պարագային, երբ այսօր ալ, աշխարհի կրաւորական կեցուածքին դէմը` մեր աջակողմեան ու ձախակողմեան «եղբայրները» ձեռք ձեռքի տուած ու բացայայտ, լկտիաբար հայութեան ամբողջական բնաջնջումի երազներով կ՛ապրին: Այս պարագային անցեալի ու այսօրուան իսկ լուսապայծառ նահատակներու հոգիներուն հանդէպ վիրաւորանք է նման գերքաղցր, կոկորդիդ մնացող ու չկլլուող սիրոյ մասին խօսիլը, նոյնիսկ եթէ ոչ բոլոր թուրքերը նոյնն են: Այս առթիւ ալ լսենք Ակոբինգ «գգգբնաւանաբար չեմ մեղադրեր բոլոր թուրքերն ու քիւրտերը: Շատ աղէկ, բայց ո՞ւր էին դէպքերուն մէջ որեւէ դեր չունեցած, իրենց մասնակցութիւնը չբերած միւս թուրքերն ու քիւրտերը, դեռ չեմ հասկցած` ինչո՞ւ «մի՛ ընէք» չէին ըսեր»: Խորհելիք հարցումգգգ
Թշնամանք չէ որ կը քարոզենք, քանի որ չենք կրնար հաւասարիլ իրենց: Եթէ հեղինակը հարազատ մնացեր է հերոսներու զգացումները թուղթին յանձնելու իր ստանձնած պարտաւորութեան (ինչ որ ինք կը հաստատէ), ուրեմն պէտք չէ՞ մենք աւելի լրջօրէն խորհինք հայու այս հոգեբանութեան շուրջ, որ ախտագին է ու ստորացուցիչ: Պէտք չէ՞ որ հայ ընկերաբաններ, հոգեբաններ վերլուծեն, իսկ եթէ վերլուծած են` լայնօրէն հրապարակուի դահիճին հանդէպ զոհին այս ստրկական սիրոյ ախտանիշը, ինչ որ կրնայ բուժումի ճամբաներ բանալ:
Հոս շեղինք քիչ մը ու յիշենք Ռուբէնի «Յեղափոխականի մը յուշերը» գիրքէն յատկանշական հատուած մը, ուր գրողը երգի դաստիարակչական ու ներգործուն դերի մասին կ՛ակնարկէ: Զօրավար Անդրանիկ իր խումբով կռիւի մէջ էր հայերը պատուհասող թրքական գիւղի մը դէմ: Թէժ կռիւի ամբողջ ընթացքին թրքական գիւղէն երգ մը կը լսուէր, որ կը խանդավառէր թուրք կռուողները ու կը զայրացնէր հայ կամաւորները: Երբ յաղթական Անդրանիկ գիւղ կը մտնէ, զինք դիմաւորող կիներու, ծերերու ու մանուկներու կարգին կը տեսնէ յաղթահասակ երիտասարդ մը ու կը հարցնէ, թէ ան ինչո՛ւ չէր կռուեր: Թուրք երիտասարդը կը պատասխանէ` «Ես կը կռուէի, փաշա՛, ես կ՛երգէի՛գգգ»
Ով ականջ ունի, թող լսէ:
Ընթերցողի միտքին մէջ այլ հարց մը եւս կը ծագի` ի՞նչ է հեղինակին նպատակը` գիրքին մէջ Թուրքիոյ հանդէպ կարօտախտով այսքան «հրդեհելով» իր հայրենակից հայերը: Իրեն, իբրեւ թուրքի, հաճելի՞ է զոհին ստրկական սէրը իր դահիճին հանդէպ: Բնական է, որ մարդ կարօտնայ իր ծննդավայրը, բայց ինչպիսի՞ ծննդավայր, ուր միայն տառապեր ու նուաստացուե՞ր էգգգ Վստահ ենք, որ հեղինակը մղողը հայերու եւ թուրքերու մէջ բարեկամութեան սերմեր ցանելու ազնիւ կամեցողութիւնն է: Մենք ալ «էն գլխէն» բարեացակամ ենք, մեզի ի նպաստ խօսող ոեւէ օտարի հանդէպ միշտ մանուկի մը պէս դիւրահաւատ, յուզական, զայն գրկելու պատրաստ: Բայց հնարաւո՞ր է միակողմանի եղբայրութիւն, երբ եղբայրս պապական տունս զաւթած, հոն բազմեր ու ինծի կը կրկնէ` «Մենք ըրինք, դուն մի՛ ըներ»: Ու վե՞րջգգգ
Այս օրերուս, երբ մեր արեւելեան «եղբայրները» Արցախի հայութեան արեան հոտը կարօտցած` յելուզակային յարձակում գործեցին, ամբողջ հայութիւնը ոտքի ելաւ (քնացածները եւս արթնցան «եղբայրութեան» պատիր երազէն) ու միասնական կեցուածքով յայտնեց, թէ պէտք չէ՛ պատրանքներով ապրիլ, երբ դրացիդ գորշ գայլն է: Պէտք չէ՛ անվերջ Քրիստոսէն աւելի քրիստոնեայ ըլլալ, երբ քու մարդկայնութիւնդ անօթի գայլի հասկացողութենէն վեր է ու անոր մէջ միայն գիշատիչին բնազդը կը գործէ:
Գիրքի վերջին` «Ահա թէ ի՛նչ կը պատմեն պոյապաթցիները» մասին մէջ ընթերցողին համբերութիւնը գրեթէ կը սպառի, նախ` կրկնութիւններէն յոգնելով: Սակայն կայ նաեւ անակնկալը: Յուշ պատմողը, որուն անունը չէ յիշուած, կը խօսի իսլամ ընդունած հայերու մասին: Այո՛գ եղած են նաեւ այդ վիճակի հասցուածներ` նոյնիսկ ծնունդով իսլամէն աւելի մոլեռանդներ, քանի որ հայուն չափը չափազանցն է: Բայց կը ստիպուիս կասկածիլ հեղինակի կա՛մ բարի կամեցողութեան, կա՛մ գեղարուեստական ճաշակին, երբ հայու ինքնանուաստացման պատկերներ կը նշէ, օրինակ` երբ անցորդ օտարական մը գիւղի հովիւին անոր ով ըլլալը կը հարցնէ, հայ հովիւը կը պատասխանէ` «Ես Ահմատ աղային կեաւուրն եմգգգ» Բայց չէ՞ որ սա մարդուն ողբերգութիւնն է, բայց չէ՞ որ այս բառը իրենց բերնին մէջ հայհոյանքի համազօր է: Հեղինակը չի՞ գիտեր այդ, որ զուարճալիքի մը պէս կը պատմէ:
Ուրիշ հայ մը, որ չես հասկնար ինչո՞ւ գաղտնի՛ ընդունած էր իսլամ, մահուան անկողինին մէջ կը հրաւիրէ հոճան ու անոր աղօթքը կը կրկնէ, հակառակ որ կինը կ՛ըսէր` «Արթի՛ն, ալ չափ ու սահմանը անցարգգգ» Կեանք մը միասին ապրեր ու չէ՞ր ճանչցած ամուսինըգգգ
Իսկ ուրիշ մը` Սահակ հօրեղբայրը, իր վերջին օրերուն զինք բուժող բժիշկէն կը խնդրէ, որ եթէ համագիւղացիները իր դիակը առնելու գան, անոնց փոխանցէ, թէ ինք իսլամի ծէսով կ՛ուզէ թաղուիլգգգ Մինչ այդ գիւղացիները չէի՞ն գիտեր իր իսլամ ըլլալը: Իսկ հնարաւոր չէ՞, որ հեռատես հայը կը զգուշանար իր դիակին շուրջ ալ ծագելիք կռուըտուքէն, ուր նոր հայեր կրնային ծեծուիլգգգ Ի՜նչ մոլեռանդութիւն պատեր է այս հայերուն, որ անդի աշխարհ երթալէ առաջ «խելքի կու գան» ու կը դառնան ջերմեռանդ իսլամ: Հոս հեղինակը ընդամէնը «եղեր» կը գործածէ: Հարցում` հայերը այդ երկրին մէջ իրենց կամքո՞վ կը հեռանային քրիստոնէութեան լոյսէն:
Նոյն գլուխին մէջ, «Դարձի գալ» վերնագրուած հատուած մը կայ, ուր նոյնպէս նշուած չէ պատմողին անունը: Հոն է որ ընթերցողը կը գայթակղի: Ի սարսափ մեզի կ՛իմանանք, թէ աշխարհի բոլոր մեծ, հանճարեղ, մարդկութեան յառաջընթացին նպաստած քրիստոնեայ գիտնականներ, փիլիսոփաներ, գրողներ եւ այլն` յետմահու ուղղակի դժոխքի կրակներու մէջ այրելու կ՛երթան, ու քանի որ Աստուած ներող է, անոնց առջեւ մէկ պայման դրած է` իսլամ ընդունիլ: Ընթերցողը այս խօսքէն շուար ու ցնցուած` իբրեւ յոյս հեղինակային վերաբերմունքի նշոյլ, յստակեցում կը փնտռէ ու չի գտներ:
Ինչո՞ւ հաւատքի ու ազգութեան խտրութեան դէմ խօսող հեղինակը վերջընթեր, եզրափակող գլուխներուն մէջ այս ճղճիմ, փողոցային մակարդակի գաղափարը կը դնէ, որ միտք կը պղտորէ ու ապտակի պէս կու գայ ոեւէ քրիստոնեայի, հայո՛ւ, կասկածելի կը դարձնէ մինչ այդ արտայայտած իր լայնախոհ գաղափարները ու կը վնասէ գիրքի ոգիին, այսինքն` գեղարուեստական արժէքին: Եթէ հեղինակը չի կիսեր ըսուած մոլեռանդ գաղափարը, իսկ իր յառաջաբանը այդ կը փաստէ, ուրեմն պարտաւոր էր յստակօրէն տալ իր վերաբերմունքը եւ ոչ թէ ապաւինիլ միայն նիհարիկ «եղեր»ի ու քանի մը կախման կէտերուգգգ Անոնք ալ իւրաքանչիւր ընթերցող` իսլամ կամ քրիստոնեայ, իր ուզածին պէս կը թարգմանէ, եթէ նկատէգգգ
***
Ինչպէ՞ս խօսինք եղբայրութենէ ու հաշտութենէ, որ օդային խօսքեր չըլլան անոնք, երբ այսօ՛ր ալ մեր ափ մնացած հողին վրայ մեր զաւակներուն արիւնը կը հեղուի` Թուրքիոյ քաջալերութեամբ ու մասնակցութեամբ:
Ինչպէ՞ս հաշտուինք, երբ երբեք վստահ չենք, թէ հայանպաստ արտայայտուող թուրքերը հոգեպէս պիտի թեթեւնան ու սիրայօժար պիտի ուզեն տէրերո՛ւն վերադարձնել մեր պապերուն հայրենիքէն ափ մը իսկ հող: Հեղինակը քանիցս կը կրկնէ, թէ հայերը այս հող ու ջուրի մարդիկ են: Անշուշտ աւելին իր կարողութեան սահմաններէն դուրս է, բայց ինք եւ ազատախոհ թուրքերը ունի՞ն այդ փափաքը: Հազիւ թէ: Գիրքին մէջ տիրողը «եղածը եղած է»ի հոգեբանութիւնն է ու միատեղ խաղաղ կեանքով ապրելու կոչըգ որո՞ւ գգգ
Հաւատալու հակուած չենք, երբ գիրքի թուրք հերոս մը քանի մը անգամ կը կրկնէ, թէ հայերու եւ թուրքերու միջեւ պատերազմ ծագելու պարագային ինք Ակոբին վրայ չի կրակեր, այլ կը վազէ ու կը գրկէ զայն: Չէ՞ որ Թուրքիան սիրող ու եղբայրութեան ջատագով հայը` Հրանդ Տինք այդ գրկախառնումի իր երազի ճամբուն վրայ «վարձատրուեցաւ»գգգ
Հազիւ թէ Հայէն աւելի խաղաղութիւն երազողներ կան, սակայն մենք, որ այրած ենք կաթէն, բնականօրէն, թանը փչելով կը խմենք: Միլիոնաւոր նահատակներու տաժանագին խոշտանգումներու ու գազանային սպանութեան առջեւ մեղաւոր ու ստորին պիտի ըլլայինք, եթէ այս պայմաններով հաշտութեան ու եղբայրութեան քայլի երթայինք, երբ լկտիաբար կը խեղաթիւրուի պատմութիւնը, երբ իրե՛նց կը պատկանի հայ հանճարի վկայարան մեր Հայրենիքը, հոյակապ Անին, Աղթամարը, երբ մերը չէ՛ հայ ազգի ու հողի խորհրդանիշ Արարատըգգգ
Գնահատելով Քեմալ Եալչինի եւ ի նպաստ Հայ Դատին աշխատող կամ արտայայտուող բոլոր թուրք մարդոց ջանքերը, մենք կը շարունակենք պահանջատէր ըլլալ այնքան ատեն, մինչեւ որ նման մտայնութեամբ մարդիկ Թուրքիոյ մէջ տիրապետո՛ղ որակ կազմեն ու կարողանան արդարութիւն հաստատել մե՛ր հասկցած ձեւով:
Լալա Միսկարեան-Մինասեան