ՔԻՒՐՏ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԻ ԿՐԱԿՈՏ ԵԼՈՅԹԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Վերջին օրերուն համացանցի վրայ կը շրջանառուին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ եւ քիւրտ պատգամաւորներու խիստ քննադատական ելոյթները: Անցեալ շաբաթ ներկայացուցած էի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի համարձակ ելոյթը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Իսկ այս շաբաթ կ՝ուզեմ ընթերցողներու ուշադրութեան ներկայացնել այլ խիզախ ելոյթ մը, որմով հանդէս եկած է քիւրտ կին պատգամաւոր Կիւլթան Քըշանաքը: Թէեւ տեսանիւթը վերջերս յայտնուած է համացանցի վրայ, սակայն անոր ելոյթը տեղի ունեցած է 2012-ի Յունուարին` Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Քիւրտիստանի Ռոպոսգի գիւղին մէջ թուրք զինուորականներու իրականացուցած 35 քիւրտ երիտասարդ բնակիչներու կոտորածէն կարճ ժամանակ անց…

Հատուածներ քիւրտ պատգամաւորի ուշագրաւ ելոյթէն.

«….Ես կասկածի տակ կը դնեմ բոլոր անոնց մարդկայնութիւնը, իսլամական կրօնը եւ, որոնք վիշտ կամ ամօթ չեն զգար այս իրավիճակին համար եւ իրենց մահմետական կ՝անուանեն, որոնք հաշիւ չեն տար իրենց այս իրավիճակին համար: Բոլորին յայտնի է, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Արդեօք ձեր խիղճը այդքան կուրցա՞ծ է: Արդեօք ասի՞կա կը համարէք մարդկայնութիւն… Ինչպէ՞ս կրնաք այդքան անտարբեր եւ անհոգ ըլլալ 35 մարդու կոտորածի հանդէպ: Ինչպէ՞ս կրնաք այդքան անմարդկային ըլլալ: Առաջին հերթին, վեր կացէք եւ ներողութիւն խնդրեցէք. վշտացէք, եթէ ինչպէս կը պնդէք, դուք մարդկային արարածներ էք, եթէ խիղճ ունիք: Բայց դուք ասոնցմէ ոչ մէկը կ՝ընէք, ու ատոր փոխարէն այնպէս կը պահէք դուք ձեզ, կարծես թէ ճանճ մը կամ քանի մը հաւ սատկած է «դժբախտ պատահարէ մը»: Ամօ՛թ ձեզ… 90 տարի այս երկիրը ահաբեկչութիւնը իբրեւ պատրուակ օգտագործած է եւ իրականացուցած բազմաթիւ կոտորածներ… Դուք կը փորձէք ոչնչացնել քիւրդ ժողովուրդը… Չկայ ոչ մէկ ահաբեկչութիւն… Այս երկրի զինուորական բաժինի ղեկավարը կ՝ըսէ. «Մենք սպաննած ենք 40 հազար մարդ: Մենք բազմիցս ռմբակոծած ենք լեռները, բայց այս խնդիրը դեռ չի վերջանար»: Դուք դեռ անկարող էք հասկնալու այս ճշմարտութիւնը… Այնտեղ մարդիկ կան, որոնք իրաւունքներ ունին… Կան մարդիկ, որոնց ինքնութիւնը կը մերժուի… Կայ քրտական հարց: Չկայ ահաբեկչութեան հարց….»:

Քիւրտ պատգամաւորը շարունակեց իր ելոյթը`օգտագործելով աւելի խիստ բառեր. «Մենք պիտի ստիպենք, որ դուք ասոր համար սուղ գին վճարէք… Անոնք, որոնք ցերեկով կոտորած են խաղաղ բնակիչները ոստիկանութեան աչալուրջ հայեացքին տակ, եւ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան շրջանցել 35 մարդու սպանութիւնը եւ սպառնալ քիւրտերուն, շուտով պիտի գիտակցին, որ այս ջարդերուն մէջ իրենք են պարտուողները… Ոչ ոք կը վախնայ մահէն… Մահէն առաւել ի՞նչ կայ…. Ինչպէ՞ս կը յանդգնիք ձեզ մեզմէ վեր դասել… Ինչո՞վ առաւել էք մեզմէ: Ինչո՞վ են թուրքերը առաւել քիւրտերէն: Ինչո՞վ էին գերմանացիները առաւել հրեաներէն… Իբրեւ այս երկրի հաւասար քաղաքացիներ, իւրաքանչիւր ոք ազատօրէն քաղաքացիական իրաւունքներ ունի իր իսկական ինքնութեամբ: Կողք կողքի ապրելով իբրեւ ազատ պատուաւոր քաղաքացի, մենք երբեք չենք ընդունիր անպատուուած ըլլալու հանգամանքը: Երբեք… Եթէ դուք նոյնիսկ հազարաւոր ջարդեր իրականացնէք, մենք ատիկա երբեք չենք ընդունիր»:

Երբ իշխանամէտ պատգամաւոր մը փորձեց ընդհատել Քըշանաքի ելոյթը, քիւրտ պատգամաւորը պոռաց անոր վրայ. «Ձայնդ կտրէ՛: Դուք նոյնիսկ ուժ չգտաք դատապարտելու այս ջարդը: Լռէ՛»:

Քըշանաքը, որ այժմ Տիարպեքիրի համաքաղաքապետն է, շարունակեց իր ելոյթը. «Մարդուն մէկը (Էրտողանը) կ՝ըսէ. «Մենք չենք պատրաստուիր անոնց (քիւրտերուն) արտօնել բնակութիւն հաստատել այդ շրջաններուն մէջ»: Ի՞նչ բնակութիւն հաստատել: Մենք հազար տարիէն աւելի է այստեղ ենք: Մենք խոր արմատներ դրած ենք այդ քարափներուն, ժայռերուն մէջ, Քուտի, Գապար, Ակրի (Արարատ) եւ Մունզուր լեռներուն մէջ: Մենք անոնց խորքերն ենք: Մենք այստեղ ենք եւ եղած ենք  պատմութեան սկիզբէն ու այստեղ պիտի մնանք մինչեւ վերջ… Ի՞նչ «բնակութիւն հաստատել»: Մենք այստեղ արմատաւորուած ենք սկիզբէն իսկ: Մեր նախնիները, պապերը եւ գերեզմանոցները, բոլորը այստեղ են: Մեր լեզուն, մշակոյթը այստեղ են: Ի՞նչ «բնակութիւն հաստատելու» մասին է խօսքը…  Անոնք կ՝ուզեն ձուլել եւ ոչնչացնել քիւրտ բնակչութիւնը, որ հազարաւոր տարիներ այստեղ կ՝ապրի»:

Թուրքերուն կողմէ 35 քիւրտի սպանութիւնը անուանելով «մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն»` Քըշանաքը շարունակեց. «Մենք թոյլ չենք տար ատիկա շարունակուի… Մենք պիտի օգտագործենք միջազգային բոլոր հնարաւոր մարդու իրաւունքները, որպէսզի անոնք հաշիւ տան իրենց ոճրագործութիւններուն համար: Բոլոր անոնք, որոնք ղեկավարած են ատիկա, հրամաններ արձակած, ռմբակոծած տարածքը, բզկտած երեխաներուն մարմինները, ատոր համար պատասխան պիտի տան հանրութեան առջեւ: Մարդուն մէկը ըսած է. «Չկայ մտադրութիւն, չկայ ներողութիւն», սակայն «կայ հատուցում»: Ամչցէ՛ք դուք ձեզմէ: Գիտէ՞ք, թէ ասիկա ինչպէս կը կոչուի մեր (քրտական) մշակոյթին մէջ. արիւնոտ դրամ: Եթէ ես դրամ ունիմ, ես կրնամ ոճիր գործել եւ դրամ վճարել զայն քօղարկելու համար: Ուստի, դուք կը կարծէք, որ կրնաք սպաննել, յետոյ վճարել եւ փորձել քօղարկե՞լ: Ամչցէ՛ք դուք ձեզմէ…»:

Խորհրդարանի խօսնակը անջատեց խիզախ քիւրդ պատգամաւորին խօսափողը` ստիպելով անոր ընդհատել ելոյթը…

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ–ը