Իր 11 Մայիս 2016 թիւին մէջ, Les Nouvelles Saint-Laurent օրաթերթի թղթակիցը անդրադառնալով ԹՄՄ-եան Հայ Բեմ թատերախումբի բեմադրած «Անպիտան Ուրուականներ» կատակերգութեան, բարձրօրէն կը գնահատէ Իտալացի թատերագիր Էտուարտօ Տը Ֆիլիբբօ-ի «Այս Համբաւաւոր Ուրուականները» ֆրանսերէնէ հայերէն ազատ թարգմանութեան ներկայացումը: Ան կը նշէ թէ «40-ի մօտ բեմին վրայի դերակատարները եւ վարագոյրի ետին աշխատողները չորս ամսուայ պատրաստութենէ ետք տիրապետած են հարկ եղած արհեստավարժական մակարդակին, կարենալ հանդիսատեսին լարուած հետաքրքրութիւնը գրաւել մինչեւ աւարտը: Բոլորը միացած թատրոնի կիրքով, անոնք կուգան զանազան ոլորտներէ, համախմբուելով հայերէն լեզուի շուրջ, նոյնիսկ Սուրիայէ ն նոր Գանատա ապաստանածներով: Իսկ ֆրանսախօսներ, բեմի աջ եզրին ցուցադրուող ֆրանսերէն վերտառութեամբ կարող էին հետեւելու ներկայացման, թէեւ դերասաններու յուզումը ինքնին հաղորդական էր», կ’եզրակացնէ յօդուածագիրը:
Նոյն թերթի կայքէջին վրայ (journalmetro.com) յաւելեալ տեղեկութիւններ կը տրուին բեմադրիչ Նանսի Իսսա Թորոսեանի մասին, եւ կարճ զրոյցներ կարգ մը դերասաններու հետ, ինչպէս՝ Ռաֆայէլ Խաչատուրեանի եւ Սուրիահայ Արփի Սողոմոնեանի, Ներսէս Խաչոյեանի հետ: