Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնի ամփոփիչ նիստը գումարուեցաւ կիրակի 15 մայիս 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Օթթաուա: Ժողովը լսեց աշխատանքներու ամփոփիչ զեկոյցները, քննեց տակաւին ընթացքի մէջ եղող նախաձեռնութիւններու իրավիճակը եւ կատարեց անհրաժեշտ եզրայանգումները։
Նիստը մասնաւորապէս հաստատեց, որ այդ աշխատանքներու թափն ու տարողութիւնը ապացուցեցին թէ Գանատայի հայութիւնը, Ատլանտեանէն Խաղաղական ովկիանոս սփռուած իր բոլոր համայնքներով, կառոյցներով եւ կազմակերպութիւններով, հաւաքական թէ անհատական նախաձեռնութիւններով, դրսեւորեց մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յաւերժ յիշատակին արժանավայել միասնական կեցուածք եւ յանձնառութիւն։
Առ այդ, Մարմինս կու գայ իր յատուկ շնորհակալութիւնն ու խոր երախտագիտութիւնը յայտնելու մեր ժողովուրդին, որ անսակարկ նուիրումով, հոծ ներկայութեամբ ու լիաբուռն նիւթական զօրակցութեամբ՝ մասնակցեցաւ Մարմնիս կազմակերպած կամ հովանաւորած բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու հնարաւոր դարձուց անոնց իրագործումն ու յաջողութիւնը։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԱՐՄԻՆ
Օթթաուա, 15 մայիս 2016