Միասնական Յայտարարութիւն

Միասնական Յայտարարութիւն 
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդին 
եւ Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Նախագահին 
Ֆրանցիսկոս Պապին դէպի Հայաստան՝ 
Առաքելական այցելութեան առիթով

Մենք՝ Գերաշնորհ Տ. Տուկլաս Եպիսկոպոս Գրոսպի, Համիլթընի Թեմի Առաջնորդ, Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Նախագահ եւ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յայտնենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդին թէ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Թեմին հրաւէրով, Յունիս 24-26, 2016, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանցիսկոս Պապը առաքելական այցով պիտի մեկնի Հայաստան – 301 թ. քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունող առաջին երկիր։

Արարատ լերան հայեացքին ներքոյ, ուր ըստ Աստուածաշունչի պատումներուն, Նոյան տապանը կանգ առաւ, որպէսզի աշխարհի մէջ կեանքին նոր ծնունդ տրուի (Ծննդ. 8.4), Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապը պիտի դիմաւորէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ միասնաբար աղօթք պիտի մատուցանեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Այս յիշարժան ընդհանրական հանդիպումը պիտի կայանայ ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքով Աստուծոյ Միածին Որդին Էջք գործեց Երկինքէն։

Ապրիլ 12, 2015-ին Նորին Սրբութիւն Ֆրանցիսկոս Պապը 10-րդ դարու Հայ Վանական Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ: Այս հրաշալի հռչակումը տեղի ունեցաւ Օսմանեան Թուրքերուն կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի տարելիցին նուիրուած պատարագի ընթացքին, որ մատուցուեցաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ։ Սոյն Արարողութեան ներկայ էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկիսը եւ եպիսկոպոսներ ուղեկցութեամբ հոգեւորականերու եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատաւոր որդիներուն։

Կը խնդրենք միանալ Մեր աղօթքներուն, մեր հոգեւոր առաջնորդներուն՝ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին համար։ Եկէք որդեգրենք 2015 թ. Հռոմի մէջ անոնց կողմէ տրուած պատգամները, որ «նահատակներուն հետ մենք հաւաքուած ենք, միասնական ջանքեր գործադրելու հանուր աշխարհին մէջ՝ սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատումին, եւ այլազան քաղաքակրթութիւններու ու կրօնքներու միջեւ երկխօսութեան յառաջացումին» (Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), ճանչնալով, որ «Սուրբերը մեզի կը սորվեցնեն որ աշխարհի փոխակերպումը կը սկսի մեր սրտերէն, եւ այդ կ՚իրականանայ Աստուծոյ ողորմութեամբ» (Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապ):

Ուրբաթ, 3 Յունիս 2016 թ.

Գերաշնորհ Տ. Տուկլաս Եպիսկոպոս Գրոսպի

Untitled 1

Համիլթընի Թեմի Առաջնորդ,
Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու
Համահաւաք Դասի Նախագահ

Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան

Untitled 2Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ
Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ

 


Notice: Undefined variable: post in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871

Notice: Trying to get property 'ID' of non-object in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871