ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՆԵՐԸ

MariaՎս­տա­հա­բար Քա­րէն Եփ­փէն, Միս Պիւ­լը եւ Մար­իա Ճէ­քըպ­սը­նը քսա­նե­րորդ դա­րու սկիզ­բը Միջին Արե­ւել­քի մէջ լա­ւա­պէս կր­ցած էին օգ­տա­գոր­ծել հա­մա­ցան­ցը, յատ­կա­պէս Դի­մա­տետ­րի (Facebook) էջե­րը, որ­պէս­զի իրենց գոր­ծած բա­րիք­նե­րուն մա­սին աշ­խար­հով մէկ տե­ղե­կանք սփռէին, թէ ոչ ինչ­պէ՞ս իրենց աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին այս­քան առատ տե­ղե­կանք փո­խանց­ուած եւ իրենց մա­սին հաս­տա­փոր մատ­եան­ներ հրա­պա­րակ­ուած պի­տի ըլ­լա­յին:

Հա­ւա­նա­բար Միս Եփ­փէի հայ որ­բե­րուն ու այ­րի­նե­րուն տուած  օժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն վերաբերեալ Դի­մա­տետ­րին մէջ զե­տեղ­ուած նկար­նե­րը մե­ծա­թիւ հա­ւա­նու­թիւն­ներ (like) ստա­ցան օրին: Հե­ռու չէ, որ Միս Եփ­փէն եւ Մար­իա Ճէ­քըպ­սը­նը կը մր­ցէ­ին, թէ իրենց կա­տա­րած բարեգործու­թիւն­նե­րուն մա­սին ո՛վ աւե­լի շատ նկար պի­տի տե­ղադ­րէ Դի­մա­տետ­րի իր էջին վրայ:

Բայց կը զար­մա­նամ, թէ անոնք ինչ­պէ՛ս նման վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րած էին, որով­հե­տեւ ինչքան գի­տեմ անոնք քրիս­տոն­եայ հա­ւա­տաց­եալ մար­դիկ էին եւ լաւ գի­տէ­ին Յի­սուս Քրիս­տո­սի այն խօս­քը, որ կ’ըսէ թէ աջ ձեռ­քիդ կա­տա­րած բա­րի­քին մա­սին ձա­խը պէտք չէ իմա­նայ…

Բա­րիք գոր­ծե­լու զգա­ցու­մէն ստաց­ուած հա­ճոյ­քին մա­սին միայն գոր­ծող­նե­րը կր­նան իմա­նալ: Բարիք ստա­ցո­ղին աչ­քե­րով ար­տա­յայտը­ւած շնոր­հա­կա­լա­կան զգա­ցում­նե­րը եւ ժպի­տով արձակուած շո­ղե­րը բա­ւա­րար են սիրտդ եր­ջան­կաց­նող զգա­ցում­նե­րով պա­րու­րե­լու հա­մար:

Սա­կայն վեր­ջերս այս բա­րի զգա­ցու­մը ան­բա­ւա­րար դար­ձած է բա­րիք գոր­ծող­նե­րուն հա­մար, որոնք սկ­սած են նա­խընտ­րել բա­րե­գոր­ծութ­եան պա­հը ամ­րագ­րող` Դի­մա­տետ­րի էջե­րուն վրայ զետեղ­ուած նկար­նե­րուն ներ­քեւ աւել­ցող հա­ւա­նու­թիւն (like) խորհր­դան­շող թիւե­րը եւ կեղծիքներով ու շո­ղո­քոր­թու­թիւն­նե­րով զար­դար­ուած մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը (comment):

Միւս կող­մէն մեծ յար­գանք ու անկ­նա­ծանք հար­կա­ւոր է յայտ­նել բա­րե­սի­րա­կան իս­կա­կան գործ ծա­ւա­լող այն կող­մե­րուն, որոնք ամե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ կը մօ­տե­նան մար­դա­սի­րա­կան այս զգա­յուն աշ­խա­տան­քին, կը գոր­ծեն լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու եւ դուրս չեն գար իրենց առաքելութենէն:

Թէ­եւ քա­րոզ­չու­թիւնը կա­րե­ւոր գործ է, սա­կայն իր բնա­գա­ւառ­ներն ու­նի, լրա­տուու­թիւնը իր ընկալ­եալ կար­գը ու­նի, իսկ լրագ­րու­թիւնը` իր կա­նոն­ները:

Մար­դա­սի­րա­կան սխ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն մասին կա­րե­լի չէ այս­քան բա­ցա­յայտ քա­րոզ­չու­թիւն կա­տա­րել: Կա­րե­լի չէ բա­րիք գոր­ծո­ղը աժան քա­րոզ­չութ­եամբ ի՛նք խօ­սի իր կա­տա­րած բա­րիք­նե­րուն մա­սին: Կա­րե­լի չէ նուաս­տաց­նել կատար­ուած բա­րի­քէն օգ­տուո­ղը, կա­րե­լի չէ անոր խեղ­ճա­ցած նկա­րը օգ­տա­գոր­ծել բարեգործողինկեղծ փա­ռա­բա­նու­թեան հաշ­ւոյն:

Բա­րե­գոր­ծու­թիւնը կա­րե­լի չէ վա­ճա­ռա­կա­նու­թիւն դարձ­նել:

Թե­րեւս ուշ չըլ­լայ սր­բագ­րութ­եան հա­մար:

Մարիա Գաբրիէլեան