Դոկտ. Րէյմոնտ Գէորգեան. «Ժամանակն է կեդրոնանալու հատուցման հարցին վրայ»

Ֆրանսահայ հեղինակաւոր պատմաբան Դոկտ. Րէյմոնտ Գէորգեան պատասխանելով panorama.am-ի լրագրողի մը հարցումին, թէ ի՞նչ հանգրուանի հասած է Հայ Դատի հետապնդումը այսօր, փրոֆեսորը յայտնած է թէ ակադեմիական շրջանակներու մէջ այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կը տիրէ բաւականին ընդհանրացած ճանաչում մը եւ թէ հիմա ժամանակը հասած է կեդրոնանալու հատուցումներու հարցին վրայ: Իսկ այդ ուղղութեամբ առաջին քայլը կ’առնուի ճանաչման կարողականութիւնը փոխադրելով քաղաքական դաշտ եւ կեդրոնանալով հատուցումի հարցին վրայ: Այսինքն՝ սկսիլ օրինական գործընթացը, ինչ որ բարդ հարց մըն է եւ կը պահանջէ հիմնական պրպտումներ, ճշգրիտ հաշուարկումներ եւ ընտրութիւնը միջազգային չափանիշով գործարար իրաւագէտներու, որոնք պէտք է կարողանան միջազգային մակարդակով ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ: Նոր պայքար մը պիտի սկսի որ պիտի կարօտի մեծ գումարներու եւ այլ միջոցներու: Ամբողջ գործունէութիւնը համադրող սփիւռքեան յատուկ կազմակերպութիւններու ցանց մը պէտք է կազմուի. կարելի չէ այս աշխատանքը թողուլ պատահական բարեսիրական կազմակերպութիւններու:

Գէորգեան կարեւոր կը նկատէ այն պարագան թէ Թուրքիոյ մէջ նոր սերունդի մեծ թիւով երիտասարդ գիտնականներ կը հասնին որոնք շրջանաւարտ են, կամ ընթացքի մէջ են, թրքական սեփական համալսարաններէ կամ արտասահմանեան հիմնարկներէ: Անոնք պիտի կարենան աւելի բաց միտքով մօտենալու Օսմանեան Կայսրութեան պատմութեան, ներառեալ 1915-ը:  Այս կապակցութեամբ կարեւոր է որ պատրաստուին գիտական բարձրագոյն մակարդակի հայ պատմաբաններ որոնք կարողանան միջազգային մակարդակով իրենց խօսքը լսելի դարձնել:

Խօսելով Թուրքիոյ պետական արխիւներու մասին, Դոկտ. Գէորգեան հաստատած է թէ ամբողջ Օսմանեան արխիւները տրամադրելի չեն տակաւին, եւ այդ փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը կը կարօտի Օսմանեան թրքերէնի եւ մասամբ նաեւ արաբերէն լեզուի մասնագէտներու առկայութեան, որ կը պահանջէ 2-3 տարիներու պատրաստութիւն:

Դոկտ. Գէորգեան շեշտեց նաեւ կարեւորութիւնը Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի անհրաժեշտութիւնը. «Եւ որովհետեւ արդի թրքական պետութիւնը հիմնուեցաւ Ցեղասպանութեան վրայ, որքան ատեն որ ան չէ ընդունած այս ոճիրը, Թուրքիա կը մնայ սպառնալիք մը Հայաստանի համար» յայտնած է ան: Առ այժմ մեր միակ զէնքն է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որու միջոցաւ պէտք է անվախօրէն հետապնդենք մեր իրաւունքները միջազգային մակարդակի վրայ, ըսած է ան:

Պատասխանելով իր հեղինակած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը – Ամբողջական Պատմութիւնը» զանազան լեզուներու թարգմանուած (բացի հայերէնէն), գրքին մասին հարցումի մը, Դոկտ. Գէորգեան կը յայտնէ հրատարակիչին զարմանքը թէ որքան արագօրէն այդ գրքին թրքական թարգմանութիւնը կը  սպառի, եւ թէ՝ մօտ օրէն կը տպագրուի անոր երրորդ հրատարակութիւնը: