ԱՆՏԷՐՈՒԹԻՒՆ

Կեան­քի մէջ ամե­նա­վատ բա­նը այն է, երբ  տագ­նա­պի մէջ, վտան­գի դի­մաց, կամ մա­հ ու­ կե­նաց օրհա­սի պա­հե­րուն կը զգաս, որ մի­նակ ես, ան­տէր ես ու ան­տի­րա­կան, երբ կեան­քիդ բո­լոր օրե­րը եղած ես ըն­կե­րա­յին շր­ջա­նա­կի մէջ, սի­րած ես, օգ­նած ես, քա­ջա­լե­րած ես, պայ­քա­րած ես, փր­կած ես, հա­սած ես բո­լո­րին, զո­հած ես առող­ջու­թիւն ու հան­գիստ, մո­մի պէս լու­սա­ւո­րած ես շրջապատդ ու հա­լած… ու այս բո­լո­րէն ետք, երբ «լի­նել-չլի­նել»ու դա­մոկլ­եան սու­րը կախ­ուած է գլխա­վե­րեւդ, շուրջդ կը նա­յիս ու մարդ չես գտ­ներ ձեռ­քէդ բռ­նող, վէրքդ կա­պող, յե­նակ եղող, որ ոտ­քի կանգ­նիս. մի­նակ ես, առան­ձին, լք­ուած քու ճա­կա­տագ­րիդ…

Հի­մա, այս է վի­ճա­կը Հա­լէպ քա­ղա­քին ու հա­լէպ­ցի­նե­րուն: Չորս տա­րի ինչ-ինչ զր­կանք­նե­րով, ցաւե­րով, վնաս­նե­րով ու կո­րուստ­նե­րով դի­մա­ցան ու դի­մադ­րե­ցին մահ­ուան, ան­դա­դար ակնկալե­լով, որ չու­շա­նար խա­ղա­ղու­թեան գա­լուս­տը, սա­կայն, եր­թա­լով աւե­լի վատ­թա­րա­ցաւ վիճա­կը եւ դա­նա­կը հա­սաւ ոս­կո­րին ու ան­ցաւ ող­նա­ծու­ծին:  Հա­լէպ­ցի­նե­րը կը նա­յին իրենց շուրջը ու փըր­կա­րար ձեռք մը չեն գտ­ներ անոր կառ­չե­լու, մի­նակ են ու ան­տէր, իսկ հալէպահայութիւնը, առա­ւե՛լ եւս: Ան­շուշտ կ՛ակ­նար­կեմ հա­մաշ­խար­հա­յին անդ­րա­դար­ձին, մեծ պե­տու­թեանց ու մի­ջազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն, ոչ թէ տե­ղա­կան շտապ օգ­նու­թեանց մար­մին­նե­րուն, որոնց օժան­դա­կու­թիւնը անգ­նա­հա­տե­լի է:

Բնու­թեան աղէտ­նե­րու պա­րա­գա­յին, ամ­բողջ աշ­խար­հը զօ­րա­շար­ժի կ՛են­թարկ­ուի, աղէտ­եալ երկրին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար: Հա­մա­ճա­րակ­նե­րու ըն­թաց­քին աշ­խար­հի բո­լոր կազմակերպու­թիւն­նե­րը կը փու­թան առաջ­քը առ­նե­լու եւ փր­կե­լու աղէտ­եալ­նե­րը: Պատերազմները ին­չու՞ չեն ար­ժա­նա­նար այս­պի­սի վե­րա­բեր­մուն­քի: Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը ու­րիշ աս­պա­րէզ է, պա­տե­րազ­մը քա­ղա­քա­կան աղէտ է, որուն հա­մար ու­րիշ չա­փա­նի­շեր կան, տար­բեր հա­շիւ­ներ, սա­կար­կու­թիւն­ներ, ուր մար­դը այդ հա­շիւ­նե­րուն մէջ նե­րառուած չէ, մարդ­կա­յին կորուս­տի հար­ցը սա­կար­կու­թեանց նիւթ չէ դժ­բախ­տա­բար:

Եր­բեմն, բա­ւա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րէ ետք, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը կը յա­ջո­ղի պաշար­եալ շր­ջա­նի բնա­կիչ­նե­րուն օժան­դա­կու­թիւն հասց­նել: Ու­տես­տե­ղէ­նի ու պա­շա­րի օգնութիւն­նե­րը կը նմա­նին հիւանդ, հիւծ­ուած մար­դուն բե­րա­նը դգալ-դգալ ապուր լեց­նե­լուն, որ կազ­դուր­ուի, սա­կայն առանց հիմ­նա­կան դար­մա­նու­մի. որ­քան ալ կերց­նես` այդ հիւան­դը պի­տի չա­ռող­ջա­նայ:

Ո՞ւր են հա­մաշ­խար­հա­յին, մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը, ին­չո՞ւ Հա­լէ­պը աղէտ­եալ քա­ղաք պի­տա­կե­լով չեն փու­թար պա­տե­րազ­մը կեց­նե­լու ու քա­ղա­քը փր­կե­լու վերջ­նա­կան չքա­ցու­մէ: Չե՞ն կր­նար, շատ լաւ ալ կր­նան, սա­կայն, կ՛ու­զե՞ն® Բա­ցի հար­ուա­ծը ստա­ցո­ղէն, ոչ մէ­կուն ձեռն­տու է պա­տե­րազ­մը դադ­րեց­նե­լը, քա­նի որ բո­լորն ալ շա­հեր ու­նին եւ այդ շա­հե­րուն մէջ մարդ­կա­յին կորուստ­նե­րը լու­սանց­քա­յին են, նոյ­նիսկ աննշ­մար, հաշ­ուէ դուրս:

Վա՛յ մեր աշ­խար­հին, որ 21-րդ այս սրար­շաւ ար­հես­տա­գի­տու­թեան դա­րուն, որուն կեր­տի­չը ՄԱՐԴն  է, ԻՆՔ հաշ­ուէ դուրս է պա­տե­րազմ­նե­րու ըն­թաց­քին:

Երբ այս­քան ան­պէտ ու  ան­կա­րե­ւոր կը դառ­նայ մար­դը աշ­խար­հի «Տէ­րեր»ուն ձեռ­քը, ու­րեմն ժամա­նա­կը եկած է, որ նոր ջր­հե­ղեղ մը գայ ու սր­բէ տա­նի կեղ­տը այս երկ­րա­գուն­դին:

 

Յակոբ Միքայէլեան