Անմիաբանութեան շրջան
Երեւանի մէջ վերջերս կազմակերպուած իրերայաջորդ համագումարները կ’ապացուցանեն հարցերու խոր բնոյթը
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) շարքերէն ներս պառակտման հարցը միշտ կը մնայ օրակարգի վրայ: Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցան ՌԱԿ-ի երկու համագումարներ եւ այդ երեւոյթը եկաւ ապացուցանել, թէ որքան դժուար է պառակտման յաղթահարումը: ՌԱԿ-ի վերականգնումի եւ միութեան հետամուտ շարժման կողմէ կազմակերպուած համագումարին անմիջապէս յաջորդեց ուրիշ համագումար մը: Հեֆաքրքրական էր, որ երկրորդ համագումարին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Վերականգնումի եւ միութեան շարժման հետամուտ առաջին համագումարի կազմակերպիչ կուսակցականները արդէն անմիջապէս մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպելով արտայայտեցին իրենց վրդովմունքը երկրորդ համագումարին դէմ:
Մինչ կուսակցական շրջանակներէն ներս կը շարունակուին այդ վերիվայրումները, Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ վերջերս հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ ՌԱԿ-ի յայտնի դէմքերէն Յակոբ Վարդիվառեանի հետ: Ստորեւ կ’արտատպենք Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ կատարուած այս հարցազրոյցը:
ԽՄԲ.- Հայկական աւանդական կուսակցութիւնները մեծ դերակատարութիւն ունեցած են եւ դեռ ալ որոշ չափով ունին Սփիւռքի համայնական կեանքի մէջ: Սակայն, շատ քիչ կը խօսուի անոնց մասին: Սակաւ տեղի կ’ունենան քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ծրագրերու, հեռանկարներու, ընտրապայքարի, ներքին տագնապներու, ազգային կարեւոր հարցերու մասին միջկուսակցական ասուլիսներ, ղեկավար անձերու միջեւ հանրային վիճարկումներ:
Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կ’անցընէ տագնապալի շրջան, որուն մասին բացէ ի բաց կ’արտայայտուի վարչական ու խմբագիր՝ Յակոբ Վարդիվառեան:
-Ապրիլ 19-էն 21, ՌԱԿ-ի վերականգնումի եւ միութեան մարմինը կայացուց իր երկրորդ համագումարը Երեւանի մէջ: Այս առթիւ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ, ուր կը յիշուի որ «Վերականգնումի եւ միութեան շարժումի ներկայացուցիչներուն եւ ՌԱԿ-ի շրջանաւարտ Կեդրոնական վարչութեան պատասխանատուներուն միջեւ կայացած բանակցութիւնները չեն յանգած որեւէ արդիւնքի»: Կրնա՞ք ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնել, թէ հարցը ինչո՞ւ է: Պատմական հոլովոյթին մէջ ի՞նչն է, որ անհաշտ զարգացում ունեցած է:
-Իրականութեան մէջ, Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը քսանհինգ տարիներէ ի վեր, այսինքն՝ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան ծնունդէն ի վեր տակաւին չկրցաւ գտնել իր հաւասարակշռութիւնը: Տասնամեակներ առած էր, Սփիւռքի քաղաքական պայմաններուն տակ, որ կարենայինք համերաշխ գործակցութիւն մը ստեղծել Խորհրդային Հայաստանի պետական իշխանութիւններուն հետ, ի հեճուկս ձեզի ծանօթ Պաղ պատերազմի արգելքներուն: Խորհրդային կարգերու այսքա’ն արագ փլուզումը անակնկալի բերաւ ոչ միայն հայրենամերձ մեր ազգային քաղաքական ու բարեսիրական հաստատութիւնները, այլեւ՝ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը:
Ուրեմն հակառակ այս պայմաններուն, ՌԱԿ-ը իր կառոյցները հաստատեց Հայաստանի մէջ եւ դարձաւ երկրորդ մեծագոյն քաղաքական ուժը Ազգային ժողովէն ներս: Դժբախտաբար, Հայաստանի օրուան իշխանութիւնները ունեցան բացասական դերակատարութիւն աւանդական կուսակցութիւններու նկատմամբ եւ ատոր որպէս հետեւանք՝ երկար ատեն մենք հեռու մնացինք Հայաստանի քաղաքական իրա’ւ բեմէն: Ռամկավարներուս մօտ ներքին կարգապահական դրոյթը ըլլալով աւելի ազատական եւ ռամկավարական, չկրցանք պէտք եղած ուժգնութեամբ ու հրահանգով մէկ դրօշի տակ համախմբել մեր կառոյցներն ու շարքերը: Կամաց-կամաց փուլ եկան նաեւ մեզի համախոհ ու լծակից կազմակերպութիւններու հետ տարիներու վրայ մշակուած յարաբերութիւնները եւ ասոնց որպէս հետեւանք՝ դժբախտաբար սկսաւ ծայր առնել ներքին տագնապ մը, որ պատգամաւորական իրերյաջորդ ութ ընդհանուր ժողովներէ ետք, տակաւին կը մնայ անլոյծ:
Տագնապը չունի գաղափարական տեսակէտներու բաժանում: Բարեբախտաբար: Այլապէս, շատոնց արդէն կուսակցութիւնը բաժնուած պիտի ըլլար երկուքի: Ու ասկէ մեկնելով, գլխաւոր երկու հոսանքները, անցնող գոնէ երեք տարիներուն ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ՝ որոնելու համար ճամբաներ, միջոցներ՝ վերադարձնելու կուսակցութեան մէկութիւնը: Ըսեմ նաեւ որ լուրջ կանոնագրային խախտումներ տեղի ունեցան ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, աշխարհագրական շրջանակներու անտեղի եւ ապօրէն բաժանումով, պատգամաւորական ժողովներուն ապահովելու համար ձայներու մեծամասնութիւն, ինչ որ աւելի սրեց կացութիւնը կողմերուն միջեւ:
Ու այս տխուր վիճակը մեր շարքերը տակաւ մատնեց յուսահատութեան եւ աւելի գէշը՝ անտարբերութեան: Կուսակցութեան տնտեսական ուժը կը մնայ Կեդրոնական վարչութեան ոչ-ենթակայ միւս կառոյցներուն մօտ. Հետեւաբար, Կեդրոնական վարչութիւնը չունի նիւթական լայն միջոցներ եւ դատապարտուած կը մնայ անգործութեան: Մամլոյ եւ զանգուածային լրատու կարեւոր այլ միջոցներուն վրայ չունի ազդեցութիւն, այնքա’ն, որ նոյնիսկ չունի հասցէ: Միւս կողմէ Հայաստանի ՌԱԿ-ի մեր կառոյցները կը շարունակեն պահել իրենց սերտ գործակցութիւնը Կեդրոնին ոչ-ենթակայ մարմիններուն հետ: Ու այս պայմաններու տակ է, որ այս Մայիսին պիտի ջանան գումարել ՌԱԿ-ի 27-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը: Արդէն անցեալ աշնան Պուէնոս Այրէսի մէջ գումարուելիք ընդհանուր ժողովը յետաձգած էին:
Մինչ այդ, այս Ապրիլին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Վերականգնումի եւ միութեան շարժումին երկրորդ համաժողովը եւ ունեցաւ դրական արդիւնք: Շարժումին կողմէ կարելի էր յայտարարել Կեդրոնական վարչութեան մը կազմութիւնը, նկատի ունենալով շրջանակներէ եկած ներկաներու թիւին մեծամասնութիւնը, սակայն ներկաները աւելի նախանձախնդիր ՌԱԿ-ի ապագայով չըրին ատիկա, առիթ տալու համար շարունակելու երկխօսութիւնը եւ գալու սպասուած վերջնական միութեան:
-ՌԱԿ միշտ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն զօրակից եղած է, անկախ՝ վարչակարգէն: Անկախութենէն ի վեր, նկատի առնելով երկրին քաղաքական ելեւէջները, ՌԱԿ-ի Հայաստանի իշխանութեան անսակարգ նեցուկը որեւէ ընկրկում կրա՞ծ է: Ներքին պառակտումներու կամ հարցադրումներու ազդակ եղա՞ծ է:
-Ինչպէս ակնյայտ իրողութիւն է, ըլլա’յ առաջին, երկրորդ ու հիմա’ երրորդ Հանրապետութիւններու հետ մի’շտ ալ ՌԱԿ-ը ունեցած է անվերապահ եւ սիրալիր գործակցութիւն: Իշխանութիւններու մէջ ըլլալու հոգեբանական հիւանդագին այդ վիճակէն դուրս ելած, մեզի համար Հայաստանին ու մեր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութեամբ մեր եղբայրական ձեռքը երկարած ենք, անկախ՝ այդ իշխանութեան գլուխը եկող մարդոց գաղափարական տարբերութիւններէն: Գիտէք, որ 1920-ին ՌԱԿ-ը ձեռնարկած էր Անգլիայէն օդատորմիղի մը գնումին, առաքելու համար Երեւան, սակայն վարչաձեւի փոփոխութիւնը պատճառ եղած էր, որ այդ ծրագիրը ձախողէր եւ մենք այդ տարիներուն մեծագումար դրամը կորսնցուցած եղանք:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան իշխանութիւններուն, ըսեմ, որ Թուրքիոյ հետ Արձանագրութիւններու օրերուն մեր համամտութիւնը յայտնեցինք անոր ստորագրումին առթիւ: Մինչ այդ, այսօր Հանրապետական կուսակցութեան հետ գործող ՀՅԴ, Լոս Անճելըսի մէջ բողոքի ցոյցերով դիմաւորեց մեր Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Մեծ ոստաններու մէջ՝ Նիւ Եորք, Գահիրէ, Լոս Անճելըս, Մոնթրէալ եւ այլուր, ՌԱԿ-ը զօրակցութեան հաւաքներ կազմակերպեց նախագահին ի նպաստ: Ես վստահ եմ, որ երբ վերջնական միութիւնը վերահաստատուի մեր կուսակցութեան մէջ, մենք դարձեալ պիտի ամրագրենք մեր ներկայութիւնը իշխանութիւններէն ներս, որպէս դրական ուժ եւ հաւասարակշռուած քաղաքական ներկայութիւն: Կը պահենք մեր սիրալիր յարաբերութիւնները նաեւ միւս քաղաքական ուժերու հետ:
-Իբր ՌԱԿ-ի վարչական, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանի տնտեսական վերականգնումը: Հեռանկարները որո՞նք են:
-Հայաստանի տնտեսական տագնապը պէտք է ընդունիք, որ իւրայատուկ երեւոյթ մը չէ: Վստահ եմ, որ լաւատեղեակ էք, թէ այդ համաշխարհային տնտեսական տխուր վիճակին մէկ հետեւանքն է, առանց նկատի ունենալու տակաւին մեր հայրենիքին առանձնայատուկ դժուարութիւնները կապուած շրջափակումին, արցախեան կռիւներուն, Արեւմուտքին կողմէ Ռուսաստանի դէմ գործադրուող պատիժներուն եւ մեզմէ անկախ այլ պատճառներու: Այս բոլորով հանդերձ սակայն, դժբախտաբար կը շարունակուի սակաւապետերու անտարբերութիւնը այս կացութեան նկատմամբ, որոնք երկրին հարստութիւնը կը շահարկեն միակողմանի կերպով, առանց նկատի ունենալու ժողովուրդին իրաւունքները: Ինչպէս նախկին խորհրդային այլ երկիրներու պարագային, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ՝ շատ կարճ ժամանակամիջոցին իշխանութեան գլուխ եկած կամ իշխանութեան շուրջ դարձող ափ մը հայեր հարստահարեցին երկրին բնական հարստութիւնն ու անշարժ կալուածները: Թոյլ օրէնքները երբե’ք չկիրարկուեցան եւ անոնցմէ շատեր մնացին անպատիժ: Սփիւռքէն հայրենասէր գործարար հայեր երրորդ Հանրապետութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք եկան Հայաստան եւ վերադարձան ձեռնունայն, յուսախաբ եւ դժբախտաբար երբեմն ալ կորսնցուցած՝ իրենց դրամական ներդրումները:
Ժամանակը փորձառութիւն բերաւ եւ այդ սխալները չկրկնելու յոյսով, այսօր ալ կարգ մը սփիւռքահայեր կը շարունակեն կատարել ներդրումներ: Վստահ եմ, որ ժամանակի ընթացքին այդ դժուարութիւնները պիտի յաղթահարուին եւ մարդիկ անվախ պիսի բանան նոր ընկերութիւններ Հայաստանի մէջ:
Բարեբախտաբար, Ռուսաստան լայն բացած է իր դռները հայաստանցի բանւորներուն առջեւ ու անոնք իրենց շահած գումարները կ’ուղարկեն իրենց ընտանիքներուն: Հոս դարձեալ կրկնելու սիրոյն պէտք է յիշեցնել մեր հայրենակիցներուն, թէ Ռուսաստանը կը մնայ տարածքաշրջանի մեր միակ ու վստահելի բարեկամը: Հակառուս զգայնութիւններ յառաջացնող քաղաքական դէմքեր պարզապէս անիրատես մարդիկ են:
-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք սփիւռքահայութեան ապագան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները՝ տնտեսական, կրթական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններու ծիրէն ներս:
-Տասնամեակներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ՌԱԿ-ը միշտ ալ գուրգուրացած է Հայաստան-Սփիւռք անկեղծ յարաբերութիւններուն: Ուրախ եմ ըսելու, որ անոնց անկեղծութեան լաւատեղեակ է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, որ մօտէն ծանօթ եղած է մեր ղեկավարներուն ու ԹՄՄ-ի հիմնադիրներուն: Ի գին դարձեալ կրկնելու՝ յիշեցնենք, որ Մըք Քարթիզմի եւ Թրումնեան վարդապետութեան Պաղ պատերազմի բովանդակ տարիներուն, անվախօրէն մենք պահեցինք մեր կապը Խորհրդային Հայաստանի հետ, գաղթահայութիւնը քաջալերեցինք ներդրում ունենալու հայրենիքի յաջողութիւններուն ու ձեռքբերումներուն, մշակութային, կրթական, գիտական, շինարարական կեանքին մէջ, մէկ կողմէն ծանօթացնելով Հայաստանի մեծ անունները սփիւռքահայութեան եւ փոխադարձաբար՝ մերինները Հայաստանին: Ու տարօրինակ թող չթուի եթէ ըսենք , թէ քսանհինգ տարիներ առաջ երբ ծնունդ առաւ մեր երրորդ Հանրապետութիւնը, սփիւռքահայութիւնը արդէն ծանօթ էր իր նուաճումներով:
Այդ յարաբերութիւնները ժամանակի ընթացքին պէտք է աւելի սերտանան դառնան ա’լ աւելի անկեղծ: Կուսակցական ու հատուածական շահերէ պէտք չէ թելադրուին անոնք, ա’յլ պէտք է առաջնորդուին մաքուր հայրենասիրութեամբ: Պէտք չէ, որ ատիկա ծառայէ սփիւռքեան գաղութներէ եւ համայնքներէ ներս ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու, այլապէս ան պատճառ կը դառնայ որ օտար երկիրներու մէջ ծնած ու հասակ առած սերունդը հեռանայ հայրենիքի գաղափարէն:
-Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ՝ հաւատքի ամրապնդման, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային գործունէութեան, ինչպէս նաեւ՝ նուիրապետական աթոռներու միջեւ գործակցութեան տեսանկիւնէն:
-Կարելի չէ ունենալ լուրջ գործակցութիւն նուիրապետական աթոռներու միջեւ եւ կամ ինչ կը վերաբերի մեր երեք կուսակցութիւններու ՌԱԿ-ՀՅԴ-ՍԴՀԿ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ, այնքան ատեն որ չէ լուծուած եկեղեցական տագնապը: Թող մարդիկ չձեւացնեն, որ տագնապ գոյութիւն չունի, աւանդականօրէն եւ իրաւականօրէն Մայր Աթոռի թեմերէն ոմանք՝ Պարսկաստանի երեք թեմերը, երկփեղկուած Յունաստանը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերը տակաւին կը մնան բաժնուած Էջմիածնէն եւ բացի Անթիլիասէն անոնք անմիջական հսկողութեան տակն են ՀՅԴ-ի քաղաքական իշխանութեանց: Եթէ անցնող քսանհինգ տարիներուն տեղի ունեցած լուրջ դէպքերն ու ազգային զարգացումները ժամանակաւորապէս դադար տուին եկեղեցական տագնապին, ինչպէս Մեծ երկրաշարժը, երրորդ Հանրապետութեան ծնունդը, արցախեան պատերազմը եւ հողերու ազատագրումը, սփիւռքեան տեղաշարժերը, սուրիահայութեան տխուր վիճակը, Եղեռնի դարադարձի նշումը… ապա ան կը մնայ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տխուր ցաւը: Առանց օրինական կարգավիճակի կարելի չէ ապահովել Եկեղեցւոյ միութիւնը: Ան արդիւնքն է Պաղ պատերազմին: Հիմա որ այլեւս ան աւարտած է եւ Էջմիածին կ’ապրի իր պատմութեան անցնող վեց հարիւր տարիներու ոսկեդարը, պատճառ չկայ որ յամառօրէն շարունակուի երկփեղկումը:
Մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը շատ աւելի պիտի դրսեւորուի, բեղմնաւորուի եթէ ներկայանանք հայութեան ու աշխարհին որպէս մէկ ու անբաժան Եկեղեցի:
Պէտք է յիշեցնել, որ այս բաժանումը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ եւ դեռ կ’ունենայ հայկական համայնքներու խաղաղ գոյակցութեան վրայ: Նաեւ՝ յումպէտս կը մսխուի մեծ գումարներ, պահելով նոյն գաղութներու մէջ երկու առաջնորդական աթոռներ ու քովընտի հաստատութիւններ: Ի վերջոյ անջատեալ եկեղեցին իրաւունք չունի ժողովուրդէն հաւաքուած այդ գումարները ծախսելու, նոյն նպատակներուն համար, երբ նոյն քաղաքին մէջ արդէն հաստատուած է աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր օրինաւոր Ազգային առաջնորդարանը:
Ու այս ամբողջը պատճառ կ’ըլլայ, որ նոր սերունդին մօտ աստիճանաբար տկարանայ հաւատքը, հայու հաւատքը, եկեղեցիին հանդէպ յարգանքը: Եկեղեցին պէտք չէ քաղաքականայ եւ ծառայէ կուսակցական ու հատուածական բեմի: Սուրբ խորանը պէտք է ծառայէ հայու հաւատքին, որպէս սիրոյ եւ միութեան խորհրդանիշ: