Յունիս 11ի, Թէքէեան Մշակութային միութեան «Հայ Բէմ» թատերախումբի բեմադրիչ ու գեղարուեստական պատասխանատու՝ Նանսի Իսսա Թորոսեանի ‘’Paul Buissonneau’’ մրցանակով պարգեւատրւումէն ետք, ահա 7 օր յետոյ հայ թատերարուեստը 3 անգամ եւս կը գնահատուէր Քէպէք Նահանքի սիրողական թատրոնի կազմակերպութեան կողմէ:
18/19ի շաբաթավերջը հայ մշակոյթին եւ մանաւանդ Մոնթրէալահայութեան համար արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն մը: Յունիս 18ը պատմական ու անմոռանալի օր մը պիտի ըլլայ Սփիւռքահայ թատրոնին համար:
Արդարեւ, նշանակուած 7 դասակարգերու մէջ աւարտական մնացած էին 66 թեկնածուներ եւ խումբեր (սիրողական): Աւարտականներու կարգին «Հայ Բեմ»ը ունէր երեք աւարտական թեկնածու՝
- Արտէն Արաբեան – Լաւագոյն դերասանի դասակարգ
- Մեղետի Աղուրեան – Լաւագոյն դերասանուհիի դասակարգ
- «ՀԱՅ ԲԵՄ»-ի ”Une bête Sur La Lune’’ թատերախաղ – Լաւագոյն բեմադրութեան դասակարգ
Ամէն դասակարգի մէջ աւարտական ընտրուած բոլոր թեկանածուներուն կը յանձնուէր իրենց անունով մակագրուած վկայագրեր ու ապա կը յայտարարուէր յաղթական անհատը կամ թատերախումբը որ ստանար առաջնութեան եւ իր անունով մակագրուած մրցանակը:
80 խումբերէն 66ը ներկայ էին GALA DES ARLEQUINS մրցանակաբաշխութեան Ռոպէրվալ քաղաքի մէջ կազմակերպուած հաւաքին: Ակնկալութիւնները մեծ էին ու յաղթողի անուան յայտարարութեան պահը լարուած եւ լռութեամբ համեմուած: Մենք ալ ուս-ուսի տուած կ’երեւակայէինքՙ ՙՙԱՆԿԱՐԵԼԻ ԿԱՐԵԼԻՆ”:
Արտէնի թեկնածութեան տեսերիզի բաժնին մէջ դերասանը յուզումնախառն կը գոչէր, ”les Turcs avaient pendu la tête de ma mère sur la corde à linge …’’ Մեր պատմութիւնը, մեր ազգի տառապանքը 10 երկվայրկեաննոց այդ հատուածով կը շշմեցնէր թիւով 150է աւելի Քէպէքի թատրոնի սիրողական արուեստասէր ընտրանին:
Ժամանակը եկած էր յայտարարութեան: Պահարանը կը պատռուէր ու կը հնչուէր Արտէն Արաբեանի անունը: Ինչ ուրախութիւն, ինչ պոռչտուք, ինչ ցատկռտուք երբ մեր Արտէնը կը յայտարարուէր Քէպէք նահանգի լաւագոյն արական արուեստասէր դերասան: Երա՞զ մըն էր որ կապրէինք, ծափահարութիւնները արդեօք Արտէնին համար էի՞ն: Ցնորք էր թէ իրականութիւ՞ն: Արդեօ՞ք մեր դրական տրամադրութեան ժամանակ մի քիչ աւելի գինի խմած էին՞ք:
Արթննալու էինք շուտով որովհետեւ Մեղետին՝ Հայ որբուհին էր տեսերիզին վրայ, Համիտեան ջարդերու ուրիշ դրուագ մըն էր որ կը ներկայացուէր ապշահար արուեստասէր Ֆրանքօ-Գանատացիներուն: Աւաղ, Մեղետին պիտի բաւականանար աւարտականի հասած ըլլալու վկայականով:
Լաւագոյն բեմադրութեան «Հայ Բեմ»-ի տեսերիզը, անգամ մը եւս Հայ ազգի տառապանքը խաչաձեւ գամուած պուպրիկի տեսարանով կը ներկայացուէր ներկաներուն: Հինգ խումբերէ ու հասած էին աւարտական այս փուլին, միթէ կարէլի՞ է 2-րդ մրցանակի մը ակնկալութիւնը ունենալ: Ժամանակը չէր անցնէր, կարծես պահարանը կը մերժէր «Հայ Բեմ»-ի անունը յայտնաբերել ….. պատուանդանին վրայ էին եօթ Հայ Բէմ-ականներ ստանալու ”Լաւագոյն բեմադրութեան” յուշատախտակը: Պահ մը երեւակայենք այս մրցանակի արժեւորումը, Հայ թատերախումբ մը, Հայ դերասաններով, Ֆրանսերէնով ներկայացուած եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած ծանր նիւթով, օտար ու անծանօթ դատակազմով կը գնահատուի ու կը վարձատրուի իբրեւ լաւագոյն:
Հայ մշակոյթի արժանաւորներն են որ լաւագոյնս ներկայացուցած են հայութիւնը օտարներուն: Պալագեաններու, Սարոյեաններու, Ազնաւուրներու, Քարշերու, Էկոյեաններու, Թանգեաններու, Խաչատուրեաններու կարգին ահա «Հայ Բեմ»-ն ալ իր համեստ մասնակցութիւնը կը բերէ Հայածանօթացման ու Հայապահանջատիրութեան աշխատանքին:
Այստեղ արժէ կարեւոր մէջբերում մը կատարել ու ընթերցողին տեղեկացնել թէ 2014ին՝ այսինքն Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախամուտին, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը լուրջ որոշումը առաւ Քալինոսքիի Թատերախաղ BEAST ON THE MOONը որ նախապէս Հայերէնով ներկայացուած էր, 2015ին կրկին բեմադրել Ֆրանսերէն լեզուով որպէսզի ան հասնի ֆրանսախօս հասարակութեան: Ծախսալից ու ոչ հասութաբեր այս որոշումը բնաւ գաղութային քաջալերանք չգտաւ ու Հայ հանդիսատեսը փայլեցաւ իր բացակայութեամբ: Այսպէս, 100ամեակի նպաստելու նպատակաւ առնուած այս դիրքորոշումը իր վերիվայրումներուն պատճառաւ միշտ ալ մնաց հարցականի տակ: Սակայն հիմա որ շատ ջուր անցաւ կամուրջին տակէն, ու նկատի առնելով Սէն Լորան քաղաքի հովանաւորած ներկայացման, Ժէզիւ ծանօթ թատերասրահի 2 ներկայացումներուն ու Կալա Լէզ Արլըքէն-ի ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններուն ոսպնեակէն դիտելով պիտի այն եզրակացութեան հասնինք թէ այդ որոշումը եղած էր ճիշդ, հեռատես ու խելահաս:
Այս գրութիւնը աւարտելէ առաջ, այս մրցանակներու տարողութիւնը արժեւորելու համար, յաջորդող ցուցակով ցոյց տանք մի քանի թուագրական տուեալներ:
Մրցանակ | Ընդհանուր մասնակից կամ թեկնածուներ | Աւարտական մնացողներ | Հայ Բեմի մրցանակ |
Լաւագոյն դերասան | 319 | 15 | Առաջին |
Լաւագոյն դերասանուհի | 287 | 16 | Պատւոյ գիր |
Լաւագոյն բեմադրութիւն | 61 | 5 | Առաջին |
Երկու արդիւնաբեր շաբաթավերջեր է որ ունեցաւ «Հայ Բեմ»-ը: 5 աւարտականի նշանակում, 3 առաջնութիւն ու 1 աւարտականի վկայագիր:
Այս բոլորը սակայն պատահական չ’եղան, անոնք արդիւնքն էին յամառ, յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի: Վարձքը կատար բոլոր «Հայ Բեմ»-ի գործակիցներուն, Նանսիին, Մեղետիին եւ Արտէնին: Համայն հայութեան մրցանակները թող ըլլան ասոնք որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին ըլլան գնահատող ու քաջալեր ձեր ապագայ ծրագիրներուն:
Ա.Մ.