Լեւոն Քէոշկերեան. «Եթէ օրուայ հացը հանգիստ ճարուի, Հայաստանէն լաւ տեղ ամբողջ աշխարհի մէջ չկայ․

Հալէպահայ  Լեւոն Քէոշկերեանը արդէն մէկ տարիէ իր մօր հետ կը բնակի Երեւան: Հալէպի մէջ ապրած տարիներուն զբաղած է արծաթագործութեամբ: Ունեցած է խանութ: Պատերազմի պատճառով ձգած է ամէն ինչ եւ եկած Հայաստան` իր հետ բերելով իր արծաթէ իրերը:

«Այսօր կը վաճառեմ այդ գործերը: Վերնիսաժի մէջ կը կանգնիմ: Փոքր գործերը աւելի լաւ կը վաճառուին, քան մեծերը: Յոյս ունիմ, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Պատուէրներու պարագային կրնամ աշխատանքի տեղ վերցնել եւ աշխատիլ»,- Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է  Լեւոն Քէոշկերեանը:

Անոր խօսքով, երբ դեռ նոր սկսած էր պատերազմը, իրենց մտքէն նոյնիս չէր անցներ, որ կրնայ այսքան երկարիլ:

«Կը մտածէինք երեք ամիսէն կը վերջանայ, յետոյ վեց ամիս, յետոյ մէկ տարի: Բայց արդէն հինգ տարիէ կը շարունակուի: Վիճակը երթալով աւելի կը վատանայ: Վատ օրեր կը տեսնենք: Շատ վտանգաւոր էր: Դուրս կու գանք փողոց` չենք գիտեր, կը վերադառնանք տուն, թէ չէ: Շատերը փողոցի մէջ կը զոհուին, շատերը իրենց տան մէջ` հրթիռի մը պատճառ: Օր մը տուն քնացած էի, մեր կողքի տունը հրթիռ ինկաւ: Եթէ քիչ մը այս կողմ իյնար, ես…

«Հասկցանք, որ այս ամէնը շուտ պիտի չվերջանայ: Տունս, խանութս կայ, արհեստանոցս փլուած է»,- պատմած է Լեւոն Քէոշկերեանը:

Այսօր ընկերներ, բարեկամներ ունի, որոնք կը շարունակեն ապրիլ Հալէպի մէջ:

«Կապի մէջ եմ: Կ՛ըսեն, որ աւելի ու աւելի կը վատանայ վիճակը: Կ՛ըսեմ` եկէք այստեղ: Բայց ամէն մարդ չի կրնար հաւաքուիլ ու գալ, խնդիրներ կան` ճանապարհածախս, այստեղ բնակելու համար վարձ: Հնարաւորութիւն չունին»,- ըսած է ան:

Հալէպահային խօսքով, եթէ վիճակը կարգաւորուի, անշուշտ, պիտի վերադառնայ Սուրիա, քանի որ  ամէն ինչ ձգած են այնտեղ:

Լեւոնը այժմ չի մտածեր Հայաստանէն` երրորդ երկիր երթալու մասին:

«Եղած եմ տարբեր երկիրներ: Հայրենիքի մէջ մենք մեզի աւելի հանգիստ կը զգանք: Միակ խնդիրը գործն է: Եթէ օրուայ հացը հանգիստ ճարուի, այստեղէն լաւ տեղ ամբողջ աշխարհի մէջ չկայ»,- ըսած է ան: