Քանտինսկիի նկարները տեսա՞ծ էք, անոնցմէ ոմանց մէջ դարձդարձիկ, գալարուող, իրար անցած, իրար հատող, իրարու փաթթուող գունաւոր գիծերու եւ տարածքներու այնպիսի խճողում մը կայ, որ ոչ միայն անհասկնալի ու անմեկնելի կը դարձնեն նկարը, այլեւ շփոթեցնող, գլխապըտոյտ պատճառող քաոս մը կը յիշեցնեն:
Ընտրեցէք անոնցմէ ամենաբարդը եւ տակը գրեցէք «ՍՈՒՐԻԱ» ու պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ պիտի հիանան անոր նոր անուանակոչումը կարդալով ու այդ արուեստի գործին արժէքը մէկ անգամէն պիտի տասնապատկուի. նոյնիսկ հեղինակը, եթէ ողջ ըլլար, պիտի գնահատէր անոր մկրտութիւնը նոր ու դիպուկ անունով:
Նոյնը կրնաք ընել Արշիլ Կորքիի կամ Միրոյի կամ Տալիի կամ վերացական ու անհեթեթ դպրոցի որեւէ նկարի պարագային, այնքան ատեն, որ ձեր տեսածէն բան չէք հասկնար, այլ կը զգաք, կ՛ազդուիք, աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել` կը ցնցուիք:
Այս արդի նկարչութեան տիտաններուն գործերը գնորդ կ՛ունենան, նոր անունով կոչենք զանոնք, կամ ոչ, սակայն Սուրիան եթէ նկարի վերածենք, գնորդ կ՛ունենա՞յ:
Ո՞վ, ի՞նչ պիտի ընէ արիւն ու կրակ, աւեր-փլատակ, ճիչ ու աղաղակ, գլխատ մարմիններ, խաչուած տղաներ, հրկիզուած կոյսեր պարունակող նկար մը: Ո՞վ իր տան պատէն պիտի կախէ սրտխառնուք պատճառող այսպիսի նկար: Ո՞ր թանգարանն ու ցուցասրահը պիտի ցուցադրէ զայն: Սպանական քաղաքացիական պատերազմը նկարագրող Փիքասոյի «Guernica»ն, շատ նսեմ կը մնայ «Սուրիա»ի կողքին:
Օրինական իշխանութիւն, մեծ պետութիւններ, տարատեսակ ազգութիւններ, կրօններ, համայնքներ, աղանդներ, ընդդիմադիր, իշխանամէտ, բարեխառն, ծայրայեղ, դրամատիրական, ժողովրդավարական, պատանի, տարեց, մօրուքով, անմօրուք, լեցուեր են Սուրիա ու իրար անցեր: Երկրին քարտէզը ամէն ժամ ենթակայ է փոփոխութեան, ըստ «եկուորներու» տեղաշարժին ու գրաւեալ կամ «ազատագրեալ» տարածքներուն:
ՄԱԿ-ը իր եօթանասուն տարիներուն ընթացքին այսպիսի գորդեան հանգոյցի չէր հանդիպած: Մեծ պետութիւնները իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին Սուրիոյ աւազախրումին նման բան չէին տեսած ու նեղը ինկած, դուրս գալու կարելիութենէն ճարահատ` անել կացութեան մատնուած:
Քսանեւմէկերորդ դարու յատկանիշն է երեւի բրտութեան, դաժանութեան այս ցունամին, ուր գեղեցիկն ու բարին այլեւս տեղ չունին. բարին պիտի ոչնչացնեն, գեղեցիկը սպաննեն ու տեղ բանան նորին մեծութիւն Չարին:
Բայց պայքարը չարին ու բարիին միջեւ, դեռ չէ աւարտած: Կ՛անգիտանանք, թէ ինչո՛վ յղի են գալիք օրերը: Պայմա՞ն է, որ հեքիաթ ըլլայ որ բարին յաղթէ:
Այսպէս է տիեզերքի համաչափ օրէնքը, դրականն ու ժխտականը միասին կը պահեն հաւասարակշռութիւնը բնութեան. լոյսն ու խաւարը, տաքն ու պաղը, քաղցրն ու լեղին, ծանրն ու թեթեւը, ճերմակն ու սեւը, բարին ու չարը միատեղ կը գործեն ու իրարմով պայմանաւորուած են: Սակայն Սուրիոյ պարագային չափանիշերը կարծես խախտած են ու չարին տիրոյթը բաւական երկարեցաւ, եթէ քիչ մըն ալ այսպէս շարունակուի, վախ կայ, որ աշխարհը ամբողջ քանդուի ու խաւարը տիրէ:
Մենք մեր հաւատքը չենք կորսնցուցած. գիտենք որ գիշերուան պիտի յաջորդէ լուսաբացը, բայց ե՞րբ:
Յակոբ Միքայէլեան