Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 18-ին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած Արցախի մէջ զբօսաշրջիկութեան զարգացման առնչուող հարցերուն: Համապատասխան զեկոյցով հանդէս եկած է ԼՂՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերգէյ Շահուերդեանը: Այս մասին կը հաղորդեն ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
ԼՂՀ նախագահը ընդգծած է, որ զբօսաշրջիկութիւնը ԼՂՀ հանրապետութեան հասարակական-տնտեսական զարգացման առանցքային ոլորտներէն է, որ նաեւ կը հանդիսանայ Արցախը արտաքին աշխարհին ճանաչելի դարձնելու եւ Հայրենիք-սփիւռք կապերը ամրապնդող կարեւոր միջոցներէն մէկը:
Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է քննարկուած հարցերուն պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք։