Աշխարհի չորս կողմը ցրուած հալէպահայերէն նկարներ կը հասնին Դիմատետրի էջերուն վրայ` հասցէագրուած իրենց հարազատներուն, ընկերներուն, Հալէպի մէջ կամ իրենց նման ցրուած այլ երկիրներ: Նկարներուն մէջ բոլորն ալ կը ժպտին, ուրախ են, փրկուած Հալէպի դժոխքէն, նոր ու խաղաղ կեանքի մը հեռանկարով կը փայլին անոնց աչքերը:
Առաջին մէկ երկու շաբաթը պիտի անցընեն իրենց նոր «հայրենիքին» տեսարժան վայրերը այցելելով, նկարուելով, սուփըրմարքէթներէն գնումներ ընելով. ամիս մը վերջ պիտի սկսին հաշուել իրենց գրպանի դրամը եւ աւելի քիչ պիտի այցելեն տեսարժան վայրերն ու սուփըրմարքէթները…եւ իրենց դէմքերուն վրայէն ժպիտը կամաց-կամաց պիտի «գաղթէ» ու հանգրուանէ նորեկ գաղթականներու դէմքերուն, մինչեւ որ… եւ այսպէս շարունակ:
Յետոյ պիտի սկսին գործ փնտռել, պիտի մտածեն իրենց զաւակները դպրոց տեղաւորելու մասին: Հայկական կայ, լա՛ւ, չկայ` տեղական, օտար դպրոց:
Քիչ անց, տունը մնալէն ձանձրացած, հաւաքավայր մը պիտի փնտռեն, ակումբ, միութիւն. եթէ նոյնիսկ գտնեն, պիտի տեսնեն, որ Հալէպի հայկական ակումբներուն նման ամբողջ աշխարհին մէջ չկայ® Ո՞ւր երթան, ի՞նչ ընեն:
Եկեղեցի… ահա՛ փրկութիւնը. բայց եթէ գացած տեղերնին հայկական եկեղեցի չկայ, ինչ ընեն, ուրիշ եկեղեցի կը յաճախեն եւ հոն կը հանդիպին իրենց նման հայերու, որոնց հետ քիչ մը կը խօսակցին ու անմիջապէս կը վերադառնան Հալէպի նիւթին…
Ախ այս Հալէպը…
Ամիսները պիտի կուտակուին իրար վրայ ու դառնան տարի ու տարիներ, զաւակները պիտի մեծնան, ամէն տասը բառին երկուքը հայերէնով ծնողքին պիտի ներկայացնեն իրենց ընկերուհին, որ իրլանտացի է, հոլանտացի կամ ճափոնցի, որուն հետ օր մը պիտի ամուսնանան չպսակուած ու անոնց զաւակները… «կրանտբա» եւ «կրանտմա» ըսելով պիտի դիմեն իրենց կամ ուրիշ լեզուով, երբ Զատկէ-Զատիկ այցելութեան գան իրենց եւ իրենք պիտի չկարենան գրկել եւ իրենց կուրծքին սեղմելով համբուրել զանոնք, ինչպէս պիտի ընէին եթէ Հալէպ ըլլային, քանի որ այս երկրին մէջ այդպիսի հնաոճ սիրալիր վերաբերմունքները անբաղձալի բաներ են:
Երբ կարօտով ուզեն վերյիշել իրենց լքած Հալէպը, թոռնիկները պիտի հարցնեն` «Ուաթ իզ Հալէպ»…(դուք թարգմանեցէք գերմաներէնի, հոլանտերէնի, շուետերէնի…) եւ իրենց մեծ հայրն ու մեծ մայրը, բառերը իրարմէ խլելով, պիտի պատմեն «Կորուսեալ դրախտ»ի մը մասին, ինչպէս պիտի պատմէին հեքիաթային «Ոսկի քաղաք»ին մասին, արցունքոտ աչքերով…
Յետո՞յ… յետոյ պիտի կորսուին, պիտի ձուլուին, պիտի հալին ինչպէս դգալ մը շաքարը բաժակ մը թէյի մէջ, բայց վերջնականապէս չկորսըւած պատմութեան էջերուն վրայ պիտի գրեն.
«Հայաստա՛ն, պատմութեան դատարանին առջեւ քեզ կ՛ամբաստանեմ, որպէս յանցաւոր, որ չկարողացար պատերազմին պատճառով քու գիրկդ ապաստանած ափ մը սուրիահայերը պահել. երեւի չուզեցին քու այսօրուան տէրերդ, քանի որ եթէ ուզէին, անպայման ճար մը կը գտնէին զիրենք հայրենի հողին վրայ պահելու»:
Շաքարէն սկսաւ աղի համ գալ…Ափսոս:
Յակոբ Միքայէլեան