Ապագայ շաբաթաթերթի ընթացիկ տարուանս Յունիս 20-ի թիւով, բաւականին մեծածաւալ, կարելի է ըսել, սփիւռքահայ համայնքներու համար՝ հազուադէպ յայտարարութիւն մը դրուած էր: Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր կեդրոնէն ներս՝ Յուլիսի 1-ին կը կազմակերպէր ճատրակի մրցաշարք, որուն կրնային մասնակցիլ մինչեւ 15 տարիքը բոլորած պատանիներ: Մուտքը ոչ միայն ազատ էր, այլ նաեւ՝ մրցոյթի աւարտին, նախատեսուած էր հիւրասիրութիւն, նշուած էր պատասխանատուի անունը՝ Երուանդ, առանց մականունի, նաեւ՝ հեռաձայնի թիւ մը:
Մօտ 2 տարի առաջ ստեղծուած Լավալի ՀՄԸՄ-ի ճատրակի խումբը բաւական ճամբայ կտրած է, ուր 7-15 տարեկան պատանիներ, ամէն շաբաթ օր, Լավալի Հայ կեդրոնէն ներս, կանոնաւորաբար կը հետեւին ճատրակի դասընթացքներուն, աստիճանաբար ծանօթանալով այս հիանալի, շատ օգտակար ու մարդու միտքը պայծառացնող խաղի գաղտնիքներուն: Ասոնք որոշ պատրաստութիւն մը ձեռք ձգած են արդէն, եւ ահա առիթն է, որ իրենց ամբարած գիտելիքներով մասնակցին այս մրցաշարքին: Հեռաձայնեցի Երուանդին եւ տուի քանի մը պատանիներու անուններ, որոնք դեռ արձակուրդի չէին մեկնած :
Մրցաշարքի օրը Թէքէեան կեդրոնի սրահը ստացած էր շատ տպաւորիչ տեսք: Ութը երկարաւուն սեղաններ շարուած էին սրահին կեդրոնը կազմելով բաւական լայնատարած քառակուսի մը: Իւրաքանչիւր սեղանի վրայ դրուած էր երկու ճատրակ, եւ այդպէսով միաժամանակ կարող էին խաղալ 32 պատանի: Իսկ մեծ պաստառի վրայ կարելի էր տեսնել հայ ժողովուրդի ճատրակի կուռք՝ Տիգրան Պետրոսեանի հսկայ լուսանկարը:
Մանրակազմ, բարեկիրթ, շատ հաճելի դէմքով ու միայն հայուն յատուկ գեղեցիկ աչքերով, ու դեռ հազիւ պատանեկութեան սեմէն դուրս եկած մէկը կը պտըտէր սրահին մէջ, ձեռքին՝ թուղթի մը վրայ կը նշանակէր ներկայացած մասնակիցներուն անունները: Ենթադրեցի, որ ան պիտի գիտնար թէ ո՞ւր կարելի էր գտնել յայտարարութեան մէջ նշուած Երուանդը, քանի որ իրեն անձամբ կ’ուզեի ներկայացնել այն տղաները, որոնց անունները խնդրած էի արձանագրել հեռաձայնով:
Երբ հարցուցի, թէ ո՞ւր կրնամ գտնել պարոն Երուանդը, ի զարմանս ինձ, ըսաւ թէ ի՛նքն էր Երուանդը: Ապշած էի, որովհետեւ մեր հայ համայնքներուն մէջ, ընդհանրապէս ընդունուած է յայտարարութիւններուն մէջ դնել վարչականներէն մէկուն կամ միւսին եւ կամ՝ կազմակերպող յանձնախումբի անդամներէն մէկուն անունն ու հեռաձայնի թիւը, որոնք, ինչպէս գիտենք, մեծաւ մասամբ դպրոցական տարիքի չեն ըլլար:
Երուանդին կ’ընկերանային երկու օգնականներ, Յակոբ եւ Նարօտ Մինասեանները:
Մեծ աշխուժութեամբ սկսան խաղերը: 7-14 տարեկան 26 տղաներ ու աղջիկներ զոյգեր կազմած կը մենամարտէին իրարու հետ: Մրցաշարքը դիտելու էին եկած ոչ միայն մասնակցող պատանիներու ծնողներն ու բարեկամները, այլեւ՝ բազմաթիւ ճատրակի սիրահարներ:
Շատ տպաւորիչ ձեռնարկ էր, լաւ կազմակերպուած ու նրբօրէն մտածուած, թէ ինչպէս պարգեւատրել մասնակիցները: Ոչ ոք մնաց առանց պարգեւի: Համաձայն այս մրցաշարքին իրենց արձանագրած յաղթանակներու քանակին, ճատրակի դասերուն ցուցաբերած հետեւողական մասնակցութեան եւ ճատրակի նկատմամբ ունեցած նուիրուածութեան, բոլոր մասնակիցները ըստ արժանաւորագոյնի գնահատուեցան ոսկի, արծաթ եւ բրոնզ մետալներով:
Իսկ երեք պատանիներ՝ 7 տարեկան Քրիստափոր Փիլաւճեան, 12 տարեկան Սագօ Կարապետ եւ Նժդեհ Կայաբալեան յաղթելով իրենց բոլոր հակառակորդներուն տիրացան յատուկ բաժակներու:
Նորութիւն մը չէ հաստատելը, որ երբեմն, մէկ անձի նախաձեռնութեան ոգին, երբ անոր կը միանան կազմակերպելու ձիրքն ու տեսլականը, կրնան իրականացնել ծաւալուն գործեր: Ահաւասիկ Հալէպէն վերջերս հասած այս 16 տարեկան պատանին՝ Երուանդը, գրեթէ առանձինն կրցած էր ոգեւորել ու ներգրաւել հայ պատանիները ճատրակի աշխարհին մէջ, ստեղծելով խանդավառ ու հաճելի մթնոլորտ:
Մրցոյթի աւարտէն ետք մօտեցայ Երուանդին եւ շնորհաւորեցի զինք, այս շատ յաջողած ճատրակի մրցոյթը իրականացնելուն համար:
Կ’ուզեմ ընթերցողին սիրով ներկայացնել Տէմիրճեան Երուանդը:
Ծնած է Հալէպ, 1998-ին: Յաճախած է Բարեգործականի Լ. Նաճարեան – Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարանը մինչեւ 10-րդ կարգ: Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմի պատճառով 2014-ին ընտանիքին հետ կը հաստատուի Մոնթրէալ: Մէկ տարի կը հետեւի ֆրանսերէն լեզուի դասընթացքներուն, եւ այս ուշիմ ու աշխատասէր աշակերտը յաջողութեամբ կ’ընդունուի Մոնթրէալի Սբ. Յակոբ վարժարանի 10-րդ դասարանը, որուն ընթացքը գալ տարի աւարտելէ ետք, նպատակադրած է մասնագիտանալ համակարգչային գիտութեան մէջ (Computer sciences):
Ճատրակ խաղալու սկսած է 6 տարեկանին իր զարմիկին օգնութեամբ: Այնուհետեւ 8 տարի կանոնաւոր կերպով, հետեւած է Հայաստանէն որպէս ուսուցիչ Հալէպ հաստատուած ճատրակի մասնագէտ պարոն Արթուրի ճատրակի դասընթացքներուն: Հմտանալով անոր գաղտնիքներուն, իր բարձրորակ խաղով, տարիներ շարունակ կ’ընտրուի Սուրիոյ դպրոցականներու ճատրակի առաջնութեան մասնակցող Հալէպի հաւաքականի անդամ: Երուանդը հպարտութեամբ կը նշէ, որ Հալէպի հաւաքականի խումբը կազմող 5 դպրոցականներէն 3-ը միշտ հայեր եղած են: 2009 թուականին, շնորհիւ՝ Երուանդին ու իր հայ ընկերներուն հիանալի խաղին, Հալէպի խումբը կը գրաւէ Սուրիոյ բոլոր խումբերուն մէջ 4-րդ պատուաւոր տեղը:
Թէքէեանի վարչութիւնը տեղեկանալէ ետք իր կարողութիւններուն, իրեն կ’առաջարկէ ճատրակի խաղեր կազմակերպել Սեւան Ամառնային ճամբարի աշակերտներուն համար: Նկատելով հետզհետէ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն մօտ աճող հետաքրքրութիւնը ճատրակի հանդէպ, Երուանդը վարչութեանը կ’առաջարկէ կազմակերպել դասընթացքներ: Վարչութեան աջակցութեամբ ու սատարով, այսօր անոր աշակերտներու թիւը օրէ օր աճ կ’արձանագրէ եւ կը հասնի առ այսօր՝ 20-ի:
1987-ին, Վարդան Բալասանեանը, Համօ Ապտալեանը, Վիգէն Ադդարեանն ու Սարգիս Գավուքճեանը, Թէքէեանի նորակառոյց կեդրոնին մէջ ստեղծած էին ճատրակի խմբակ, որ կը կրէր Տիգրան Պետրոսեանի անունը: Տարիներ շարունակ, ամէն երկուշաբթի, ճատրակ խաղալու համար, ամէն տարիքի բազմաթիւ հայորդիներ, կը հաւաքուէին առ այդ ճատրակի խմբակին տրամադրուած «սոլարիումին» մէջ: Այդ խմբակէն շատեր նուիրուեցան Ալեք Մանուկեան վարժարանի աշակերտներուն ճատրակի դասաւանդման:
Եւ ահա, շնորհիւ Երուանդ Տէմիրճեանին, ճատրակը նոր շունչ կը ստանայ Թէքէեանի կենդրոնէն ներս: Կը շնորհաւորենք Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը, հայ պատանիներու մտային զարգացմանը մեծապէս նպաստող ճատրակին կարեւորութիւն տուած ըլլալուն համար:
Յատուկ շնորհաւորանքներ՝ բոլորի սիրելին դարձած Երուանդին, իր կատարած շատ գնահատելի գործին համար:
Սարգիս Գավուքճեան Լավալ, 15 Յուլիս 2016