Ս. ՍԱՀԱԿ ԵՒ Ս. ՄԵՍՐՈՊ ԱԶԳ. ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանը, այս տարի բոլորեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը, որ Ապրիլ 16, 2016-ին մեծ շուքով տօնուեցաւ պատշաճ հանդիսութեամբ մը:

Հպարտանքի եւ հաճոյքի պահեր ապրեցան բոլոր անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան Ս.Ե.Հ.Ա. եկեղեցւոյ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ.  Շաբաթօրեայ վարժարանի վկայականաց բաշխման եւ աշակերտական երգահանդէսին,նուիրուած վարժարանի հիմնադրութեան 60-ամեակին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ Յունիս 11, 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին եկեղեցւոյ մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Տնօրէնուհի Դոկտ. Արփի Փանոսեանի բացման խօսքով, որմէ ետք մանկապարտէզի աշակերտները ելոյթ ունեցան խմբերգներով, արտասանութեամբ, ապա ստացան իրենց վկայականները, բարձրաձայն յայտարարելով թէ ապագային ինչ կը փափաքին դառնալ:

Շրջանաւարտ 8-րդ դասարանի աշակետրները թիւով 14 մուտք գործեցին եկեղեցւոյ կամարներէն ներս եւ դիմաւորուեցան յոտնկայս:

Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեան ձեռնահասօրէն ընթացք տուաւ օրուայ յայտագրին: Բացման խօսքը կատարեց Էմմա Գարամանլեան ըսելով «…..Շրջանաւարտ ընկեր ընկերուհիներուս անունով բարի գալուստ կը մաղթեմ բոլորիդ: Այսօր մենք մեծապէս ուրախ ենք եւ հպարտ: Ուրախ, որովհետեւ կ’աւարտենք լոյսի եւ գիտութեան այս տաճարը, մտքի այս ձուլարանը: Հպարտ, որովհետեւ 60-ամեակի շրջանաւարտներու հունձքը կոչուելու արդար գոհունակութիւնը ունինք……»:

Դալար Սարմազեան արտասանելով Մուշեղ Իշխանի «Ես Մասիսը Չտեսայ» քերթուածին մասին ըսաւ. «Սփիւռքահայ մեծ բանաստեղծ եւ մանկավարժ, եղեռնի զաւակ Մուշեղ Իշխանի այս նշանաւոր բանաստեղծութիւնը գանգատի ձայնն է հայրենիքէն հեռու աճած հոգիի մը, յանուն երազուած բայց չտեսնուած հայրենիքի մը, կիրքի վերածուած կարօտի զգացում մը, բողոքի ձայն մը, որ սակայն այնքան զօրաւոր ու ուժգին եղած է Մուշեղ Իշխանի սրտին, մտքին ու հոգիին մէջ, որ իրեն ըսել տուած է. «Ես ին՞չ տեսայ աշխարհէն, երբ Մասիսը չտեսայ»:  Որմէ ետք համանուն քերթուածը խմբովին արտասանուեցաւ համահունչ եւ խոր հասկացողութեամբ:

Միա Քէշիշեան հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ իրենց Հայաստան կատարուելիք ուխտագնացութեան մասին, ըսելով. «…..Մենք, ձեր դէմ կանգնած շրջանաւարտներս բախտաւոր ենք, որ շնորհիւ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ.  Շաբաթօրեայ վարժարանի խնամակալութեան եւ մեր ծնողներուն անգնահատելի զոհողութեանց, երջանկութիւնը պիտի ունենանք յառաջիկայ Յուլիսին ուխտի երթալու Հայաստան եւ տեսնելու, հոգ չէ թէ սահմանին այս կողմէն եւ հպարտօրէն գոչելու, թէ մենք Մասիսը տեսանք»: Դուին Տէր Օհաննէսեան անդրադարձաւ «Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» նշանաւոր մէկ քերթուածով պիտի հաւաստիացնենք ձեզ սիրելի ներկաներ, որ մենք մօտիկ ապագային պիտի հասնինք Սրբազան լերան ձիւնապատ կատարին ու այդ բարձունքէն պիտի գոչինք ամբողջ աշխարհին, թէ մենք հասանք ու համբուրեցինք մեր Արարատը, մենք հասանք սրբազան լեռ կատարիդ…….»:

(60 Amyag)2Տեղի ունեցաւ շրջաւարտ դասարանի վկայականներու բաշխումը, ձեռամբ Տնօրէնուհի Դոկտ. Արփի Փանոսեանի, Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ Հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, դաստիարակ Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանի եւ Տիկ. Մարիէթա Գասպարեանի: Իրենց ձեռք ձգած յաջողութեանց համար շրջանաւարտներ արժանացան զանազան մրցանակներու հաստատուած գաղութիս կազմակերպութիւններու եւ ազգայիններու կողմէ:  «Սասնայք Մուշլուեան» մրցանակին արժանացաւ Էմմա Գարամանլեան, «Մարալ Իշխանեան» մրցանակին արժանացաւ Դուին Տէր Օհաննէսեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան մրցանակին արժանացաւ Արեգ Ազատեան, «Էսաեան» Սանուց Միութեան մրցանակին արժանացաւ Արթուր Թահմասյան, Տէր Հօր յատուկ մրցանակին արժանացաւ Վարագ Չիլինկիրեան, «Սրբուհի Էվրան» արուեստի մրցանակին արժանացան Լուքաս Թորիկեան, Յարութ Խաչիկեան, Մասիս Միրզոյեան եւ Էլիզա Հովհաննիսյան, «Մխիթարեան»  Սանուց միութեան մրցանակին արժանացաւ Դալար Սարմազեան, «Լեւոն Իշխանեան» երաժշտական մրցանակին արժանացաւ Սամուէլ Պէյլէրեան, Հայ Հիւանդապահուհիներու Միութեան մրցանակին արժանացաւ Միա Քէշիշեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր յատուկ մրցանակին արժանացաւ Միքայել Գոլենդուխին եւ Օնթարիոյ Նահանգի Հայ Վկայեալ Ուսուցիչներու միութեան մրցանակին արժանացաւ Էմմա Գարամանլեան:

Իրենց ընկեր-ընկերուհիներու անունով հրաժեշտի ուղերձը կարդացին Միքայել Գոլենդուխին (Արեւելահայերէն), Էմմա Գարամանլեան եւ Բասգալ Գարճեան (Արեւմտահայերէն):

Ջահի փոխանցման աւանդական արարողութեամբ, 8-րդ դասարանի մէջ տարի մը պահուած ջահը փոխանցուեցաւ 7-րդ դասարանին: Էմմա Գարամանլեան խօսքը ուղղելով անոնց ըսաւ, «Պահեցէք այս ջահը ձեր դասարնաէն ներս, թող անոր անշէջ լոյսը առաջնորդէ ձեզ մինչեւ տարեվերջ: 7-րդ դասարանի աշակերտներէն Լիլի Ասատուրեան ըսաւ. «Մենք այսօր կը յանձնենք յիշատակի խորհրդանշական նուէրներ եւ բիւր բարի մաղթանքներ: Աստուած առողջութեամբ, երջանկութեամբ եւ յաջողութեամբ ծաղկազարդէ ձեր կեանքի բոլոր օրերը……..»:

Ապրիլ 16-ին վարժարանիս երէց սերունդի շրջանաւարտները աննախընթաց ձեռնարկով մը նշեցին այս վարժարանի պանծալի 60-ամեակը, իսկ միջին սերունդի շրջանաւարտները (վերջին 10-15 տարիներու) կը նշեն այս հանգրուանը գեղարուեստական կարճ, կոկիկ յայտագրով մը: Օրդ. Թամար Աթիք արտասանեց Վահագն Դաւիթեանի « Հաւատում եմ» ոտանաւորը: Պրն. Արին Եալտզճեան դաշնակի վրայ նուագեց « Nocturnes» Առնօ Պապաճանեան եւ «Folk Song» Արամ Խաչատրեանէն: Պրն. Տարօն Հալաճեան ներկայացուց  Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պարը» եւ Օրդ. Անի Աթինա Պապայեան ներկայացուց երկու երգեր՝ «Սիրելի Ուսուցիչ» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ շրջանաւարտ դասարանի դաստիարակ ուսուցիչ Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեան: Ան իր խօսքը սկսաւ ըսելով. «38 երկար տարիներ, լոյսի այս տաճարին անմնացորդ նուիրումով ծառայելը, նախախնամութեան կողմէ ինծի տրուած շնորհ մըն է: Ակնթարթ թուացող այդ կեանքը սակայն այս դպրոցին մէջ անցաւ ծափ ու ծաղկի մէջ: Հոս անցուցած ժամերս կեանքիս ամէնէն երջանիկ պահերն էին, որովհետեւ երջանիկ անմեղունակ արարածներու հետ էի միշտ, երջանիկ էի իրենց նման: Արդարեւ նորավեպի իշխան նահատակ գրող՝ Գրիգոր Զոհրապ ըսած է, «Երջանկութիւնը երջանկութիւն չփնտրելու մէջն է, անոր համար ալ մանուկները միշտ երջանիկ են»: Ինչպէս քիչ առաջ ականատես եղաք ինչպէս շրջանաւարտ դասարանի սաները գիտութեան ու լոյսի ջահը փոխանցեցին 7-րդ դասարանի սաներուն, ժամանակն է որ ես ալ իմ կարգին իմ ջահը փոխանցեմ երիտասարդ ու նուիրեալ ուսուցիչներուն, որովհետեւ կը հաւատամ, որ նոր դէմքերու հետ նոր հորիզոններ կը բացուին, նոր գաղափարներ կը ծնին: Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ վարժարանի հիմնադրութեան 60-ամեակը»: Պրն. Ա. Չիլինկիրեան իր խօսքը վերջացուց ըսելով. «Կը մաղթեմ, որ այս հաստատութիւնը, հայ լեզուի դարբնոցը շարունակէ ծառայել վառ պահելու հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը մեր նորահաս սերունդներուն մէջ: Անցեալի լաւագոյն փորձառութիւնը եւ իմաստութիւնը միացնել հայու նոր ապագային, նոր յոյսերուն, նոր տեսիլքներուն: Բարի երթ դէպի նոր ամեակներ եւ մնաք բարով»:

Տնօրէնուհի Դոկտ. Արփի Փանոսեան տուաւ իր հուսկ բանքը շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներուն, նոր եւ յաջող ապագայի հեռանկարներ մաղթելով: Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս Հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, վեր առաւ Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանի, 38 երկար տարիներու անխոնջ նուիրումը իբրեւ դաստիարակ եւ կրթական մշակ վարժարանէն ներս, յաջողութիւն մաղթեց իրեն: Խօսք ուղղելով շրջանաւարտներուն ան տուաւ իր հայրական յորդորները եւ պայծառ ապագայի յոյսերով շնորհաւորեց շրջանաւարտները, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը:

60-ամեակի նուիրուած վկայականաբաշխումի հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վարժարանի երգչախումբի այնքան անհամբերութեամբ սպասուած ելոյթով: Արդարեւ Առաջինէն-Չորրորդ եւ Հինգերորդէն-Ութերորդ դասարաններու սաները կրցան մեծ խանդավառութեամբ եւ հայու հպարտութեամբ ներկայացնել ազգային ու հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու շարան մը, ղեկավարութեամբ անզուգական եւ երգի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Նատա Նաւասարդեանի, որոտընդոստ ծափերու արժանանալով:


Notice: Undefined variable: post in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871

Notice: Trying to get property 'ID' of non-object in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871