Հայ գործարարներու միութիւնը նիւթապէս պիտի աջակցի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով աւերուած 10 տուներու կառուցման աշխատանքներուն

Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութիւնը նիւթապէս պիտի աջակցի Արցախի մէջ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով աւերուած 10 տուներու կառուցման աշխատանքներու: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին ըսած է հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան:

«Մեր խորհրդի նիստից յետոյ որոշուեց, որ տարուայ ծրագիրը լինելու է Լեռնային Ղարաբաղում աւերուած տների վերականգնումը: Ըստ հաշուարկների իւրաքանչիւր աւերուած տունը կ’արժենայ 25 միլիոն դրամ: Պատերազմի հետեւանքով վնասուել է 200 տուն, որից 80-ը հիմնահատակ աւերուել է: Այսինքն` այդ 80-ի դէպքում նորը պէտք է կառուցուի, մնացածը վերանորոգուելու են: Հիմա միութիւնն իր վրայ է վերցնում 10 տների կառուցման աշխատանքների ծախսը»,-ըսած է Արսեն Ղազարեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ այդ գումարները պիտի յատկացուին մինչեւ տարեվերջ, որ տուները կառուցուին եւ մարդիկ կարենան վերադառնալ իրենց տուները: